Սպասումներ եւ հարցականներ (գ)

Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումին մթնոլորտը ամբողջութեամբ կը ցոլացնէր Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան այժմու յաւակնութիւնները՝ մասնաւորապէս վերջին տասնամեակներու ձեռքբերումներու լոյսին տակ։ Այդ յաւակնութիւնները կարեւոր նշանակութիւն ունին՝ խորաթափանց պատկերացնելու տեսակէտէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման այժմու գործընթացը, որ նոր փորձ մըն է վերջին 30 տարիներու ժամանակաշրջանին։ Այսօրուան Թուրքիան նոյնը չէ այն Թուրքիային հետ, որ կար Հայաստանի անկախութիւն վերաձեռքբերած փուլին։ Յաջորդած տասնամեակներուն թէ՛ տարածաշրջանէ ներս եւ թէ ընդհանրապէս, միջազգային բեմահարթակի վրայ թրքական կողմի կշիռը անհամեմատելիօրէն փոխուեցաւ։ Այս երեւոյթը այժմ անխուսափելիօրէն կը ցոլանայ նաեւ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարներուն վրայ։

Այս անգամուան գործընթացը, որ նախորդներուն բաղդատմամբ հիմնովին աւելի տարբեր պայմաններու մէջ կ՚ընթանայ, տարբեր է նաեւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի ձգտած նպատակներուն տեսակէտէ։ Հիմնական փոփոխութիւնները, անշուշտ, պայմանաւորուած են 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքներով, որոնց լոյսին տակ տարածաշրջանէ ներս իրերու դրուածքը այլեւս լրիւ համահունչ է Թուրքիոյ պատկերացումներուն, եթէ ոչ բան մըն ալ աւելի։ Հայաստանի հետ յարաբերուելէ ձեռնպահ մնալու Թուրքիոյ հիմնական պատճառները այժմ արդէն գոյութիւն չունին։

Յետպատերազմեան Հայաստանը կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ. ինչպէս՝ տարածքային ամբողջականութեան երաշխաւորում, սահմաններու անձեռնմխելիութեան ամրապնդում, ինքնիշխանութեան վերահաստատում եւ այլն։ Ի վերջոյ, տարածաշրջանէ ներս վերստին գործօն դառնալու հարց մը ծառացած է հայկական կողմին առջեւ, որ այժմ կը հետապնդէ իր շուրջ անվտանգային նոր միջավայր մը ստեղծելու նպատակը։ Այդ անվտանգային նոր միջավայրը պէտք է ըլլայ ցարդ եղածին համեմատ շատ աւելի արդիւնաւէտ, համոզիչ ու գործնական, ինչ որ բիւրեղացած է 44-օրեայ պատերազմին եւ անոր յաջորդած իրադարձութիւններուն։ Այսինքն, Հայաստան պէտք է փորձէ առնել այնպիսի քայլեր, որոնք ցայսօր երբեք չեն առնուած կամ համապատասխան կարելիութիւն չէ եղած։ Այս առումով, Երեւան ներկայիս կը հետապնդէ տարրականը, կենսականը, ինչ որ ձեւով մը անհրաժեշտ նուազագոյնը կը համարուի իր տեսակէտէ։ Այս պարագան Հայաստանի արտաքին աշխարհի հետ ունեցած բոլոր շփումներուն մէջ ի զօրու է եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացն ալ այս տեսակէտէ բացառութիւն մը չէ, այլ՝ ընդհակառակն։

Թուրքիոյ տեսակէտէ այս անգամուան գործընթացին նշանակութիւնը աւելի տարբեր է ոչ միայն 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով ձեւաւորուած նոր պատկերին բերումով։ Արդարեւ, Անգարայի այժմու միջազգային յաւակնութիւնները կը նախատեսեն աշխարհի վրայ ազդեցութեան նոր լծակներ ձեռք բերել։ Այս երեւոյթի ամենավառ օրինակներէն մին է թրքական դիւանագիտութեան կողմէ վերջին շրջանին ցուցաբերուած հետեւողականութիւնը Ափրիկէի ուղղութեամբ։ Աշխարհի վրայ ազդեցութեան նոր լծակներու որոնումը, անշուշտ, ունի իր տրամաբանութիւնը, որու մէջ դժուար թէ տեղադրուի կամ արդարանայ հարեւան երկրի մը հետ համագործակցութիւն չունենալը։ Երբ Թուրքիա նոր ոստումներու կը ձգտի աշխարհի վրայ, ապա իրեն տեսակէտէ վերջին հաշուով ձե-ռընտու չի կրնար համարուիլ անմիջական հարեւանութեամբ՝ Հարաւային Կովկասի պարագային սահմանափակումներ ունենալը։ Ճիշդ է, որ Հարաւային Կովկասը մեծ ներուժով եւ շահերու խաչաձեւման կէտ մըն է, սակայն Թուրքիոյ տեսակէտէ երեւոյթը այդքանով սահմանափակուած չէ։ Հայաստանի տեսակէտէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը առաջին հերթին երկկողմանի նշանակութիւն ունի կամ Թուրքիա-Ատրպէյճան թանտեմի ճնշման յաղթահարումը կ՚ենթադրէ, սակայն, Թուրքիոյ տեսակէտէ երեւոյթը աւելի կլոպալ է։ 44-օրեայ պատերազմի արդիւնքով Թուրքիա արդէն Հարաւային Կովկասէ ներս անհամեմատօրէն բարձրացուցած է իր կշիռը եւ այս առումով որոշ չափով սահմանափակած՝ Ռուսաստանի ազդեցութիւնը այդ տարածաշրջանէ ներս։ Անգարա եւ Մոսկուա այստեղ ալ թէ՛ կը համագործակցին եւ թէ կը մրցակցին՝ ինչպէս ուրիշ կէտերու վրայ։ Դժուար չէ ենթադրել, որ Թուրքիա կը հաշուարկէ Հարաւային Կովկասը դարպաս մը դարձնել՝ դէպի Միջին Ասիա. տարածաշրջան մը, որու երկիրներու հետ սերտ համագործակցութիւն կը ծաւալէ Թրքախօս պետութիւններու միութեան ձեւաչափին մէջ։ Այդ տարածաշրջանն ալ աւանդաբար Ռուսաստանի ազդեցութեան գօտին կը համարուի՝ մանաւանդ, որ նախապէս Խորհրդային Միութեան մաս կազմած է։ Ղազախիստանի վերջին իրադարձութիւններուն ժամանակ Թուրքիա եւ Ռուսաստան համագործակցած էին, որպէսզի այդ տարածաշրջանը փակ մնայ այլ դերակատարներու առջեւ, այնտեղ չներթափանցեն ուրիշ ազդեցութիւններ։ Սա կը նշանակէ, որ հեռանկարային առումով այնտեղ ալ Թուրքիա համարձակութիւն կը զգայ իր վրայ՝ Ռուսաստանի հետ մրցակցութեան տեսակէտէ։ Ըստ երեւոյթին, թրքական դիւանագիտութեան տեսակէտէ նոյնը ի զօրու չէ, օրինակ, Ուքրայնայի պարագային եւ այդ կէտին վրայ Անգարայի համագործակցութեան սլաքը արդէն թեքուած է դէպի Արեւմուտք։

Վերադառնալով Հարաւային Կովկասին՝ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացումը անխուսափելիօրէն կ՚առընչուի բազում գլուխներու, որոնցմէ մին է Անգարա-Մոսկուա մրցակցութիւնը։ Ռուսաստան տարածաշրջանէ ներս երկարաժամկէտ գոյութիւնը երաշխաւորելու համար կարիքն ունի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Եթէ այս վերջինը կարգաւորուի, ապա ռուս խաղաղապահներու ներկայութիւնը կը դառնայ անիմաստ։ Ուստի, հիմնախնդրի ձգուիլը, բայց առանց լարուածութեան ձգուիլը Մոսկուայի տեսակէտէ, ըստ երեւոյթին, նպաստաւոր կրնայ համարուիլ։ Յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ այդ թղթածրարին ամբողջութեամբ փակուիլը, ըստ երեւոյթին, նպաստաւոր է Թուրքիոյ տեսակէտէ։ Բայց, դաշտի վրայ, այժմու իրադրութիւնը չի բաւարարեր Ատրպէյճանը, որ իր քայլերով նոր լարուածութիւններու ծնունդ կու տայ։ Անգարա Երեւանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման իւրաքանչիւր փուլը կը համակարգէ ու կը ներդաշնակեցնէ Պաքուի հետ։ Սա անհերքելի իրողութիւն է։ Միւս կողմէ, եթէ գործընթացը որոշ առումով հասունացման հունի մէջ մտնէ, ապա, թէկուզ առանց տեսքը խանգարելու՝ Անգարա կրնայ ներազդել նաեւ Պաքուի ընթացքին վրայ։ Թուրքիա վաղուց ունի ցանկութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին համար ալ միջնորդ դառնալու։ Պարզ է, որ Անգարա կրնայ կշռադատել, թէ ուղղակի միջնորդ չի կրնար ըլլալ առանց կողմերէն մէկուն հետ յարաբերուելու։ Տարածաշրջանի նոր իրավիճակը այս բոլոր առումներով նոր պատուհաններ կրնայ բանալ, հոգ չէ թէ կարգ մը առումներով ըլլան զուտ տեսական։

Եթէ սկսի տարածաշրջանէ ներս համագործակցութիւն մը, ապա թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Ատրպէյճանի միջազգային կշիռը կրնայ փոխուիլ, նաեւ անոնցմէ իւրաքանչիւրի յարաբերութիւններու որակն ալ կրնայ փոխուիլ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի նման տոմինանտ դերակատարներու հետ։

Յամենայնդէպս, հայ-թրքական գործընթացի հեռանկարներուն շուրջ խորհրդածելու ժամանակ իմաստ չունի իրադարձութիւններէ առաջ իյնալը։ Լաւագոյնն է սպասել նշանակուած յատուկ ներկայացուցիչներու հերթական հանդիպման։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

- վերջ -

Հինգշաբթի, Մարտ 17, 2022