Վերյիշելով հոգելոյս Արա Կիւլէրը՝ մահուան երկրորդ տարելիցին առթիւ
Հոգելոյս Արա Կիւլէր այս շաբաթավերջին կ՚ոգեկոչուի՝ մահուան երկրորդ տարելիցին առթիւ։ Ան իր թողած մեծ ժառանգութեամբ կը շարունակէ ըլլալ մշտական ներկայութիւն մը, ուստի դժուար է հաւատալ անոր բացակայութեան։ Յամենայնդէպս, դառն իրողութիւնը այն է, որ երկու տարի անցած է այն թուականէն ի վեր, երբ լուսահոգի Արա Կիւլէր հրաժեշտ առաւ իր սիրելիներէն, մեր բոլորէն, երկրաւոր կեանքէ։
Մահուան տարելիցի տխուր առթիւ ան այս շաբաթավերջին կ՚ոգեկոչուի բիւր յարգանքով, կը վերյիշուի երախտագիտութեամբ եւ յուզումնախառն զգացումներով։ Իր գործերը, անտարակոյս, Արա Կիւլէրի յիշատակը, թողած ժառանգութիւնը կը պայմանաւորեն առաջնահերթօրէն։ Բայց եւ այնպէս, ամէն ինչ այդքանով սահմանափակուած չէ… Բոլոր անոնք, որոնք ճանչցած են Արա Կիւլէրը, որոշ չափով վայելած անոր մտերմութիւնը, կրնան վկայել՝ թէ ան իսկապէս եզակի անձնաւորութիւն մըն էր։ Այս աշխարհէն անցած հասարակ մահկանացու մը չէր Արա Կիւլէր, որովհետեւ իր նկարագիրը ունէր զանազան եզակի երեսակներ։ Ստեղծագործական աշխատանքին առընթեր այդ բոլորի հանրագումարը կը համարուի Արա Կիւլէրի թողած յիշատակը, աւանդը։ Բնականաբար, տարիները պիտի անցնին երթան, իր հետ ծանօթութիւն եւ իրեն մասին վկայութիւններ ունեցողները պիտի պակսին, սակայն վերջին հաշուով պիտի մնան անոր գործերը, անոր յիշատակի յաւերժութեան գրաւականը։ Բայց եւ այնպէս, երբ տակաւին միայն երկու տարի անցած է անոր մահուան վրայէն, մարդկայնօրէն, հասկնալիօրէն, կը վերակենդանանան իր վառ անհատականութեան յատկանշական ու անմոռանալի դրսեւորումները։
Արա Կիւլէր մեծ կատարելապաշտ մըն էր։ Ան չափազանց մեծ նախանձախնդրութեամբ, աննկարագրելի բծախնդրութեամբ արտադրեց իր կեանքին մէջ։ Իր գործը ընկալեց՝ որպէս վեհ առաքելութիւն ժամանակներ վաւերագրելու տեսակէտէ։ Ան կը ձգտէր մէկ կողմէ ամենաարդիական սարքաւորումով նկարահանել ամենանորը, ամենաթարմը, սակայն միւս կողմէ երբեք չէր հեռանար այն գիտակցութենէն, թէ կ՚աշխատէր պատմութեան համար եւ ինչու չէ նաեւ՝ պատմութեան մէջ։ Այդ մէկը հակասութիւն մը չէր Արա Կիւլէրի պարագային, այլեւ՝ ընդհակառակը։ Այդ համատեղումը հիմնական գործօն մըն էր, որ Արա Կիւլէրը հեռու, նոյնիսկ զերծ կը պահէր միջակութենէ։ Լուսանկարչութեան հեղինակութիւն մը, գերագոյն եւ անգերազանց վարպետ մըն էր Արա Կիւլէր։
Տասնամեակներու տեւողութեան ան արդարօրէն արժանացած էր զանազան կոչումներու։ Համարուած էր «Իսթանպուլի աչքը», դասուած էր «Դարու լուսանկարիչը»։ Անշուշտ, հեւքով ու եռանդով արտադրելու, թափով լուսանկարելու ժամանակ ան չէր կրնար ենթադրել, որ ժամանակի ընթացքին՝ մանաւանդ իր մահէն յետոյ այդ բոլորը ի՛նչ բանի պիտի վերագրուէին կամ ինչպիսի՛ ազդակի մը պիտի վերածուէին։ Արդարեւ, այսօր Արա Կիւլէր չէ ու երբեք ալ պիտի չըլլայ ոգեկոչման կերպար մը, լուսանկարիչ մը, որ կը վերյիշուի իր մահուան տարելիցին առթիւ։ Այդ բոլորը, անտարակոյս, կան, սակայն, Արա Կիւլէրի պարագային ամէն ինչ այդքանով սահմանափակ չէ։
Արա Կիւլէրի տեսած մեծ գործը, թողած վիթխարի աւանդը առաջին հայեացքով կը թուէին, թէ զինքը անմահութեան եզրին հասցուցած են։ Սա, գուցէ, Արա Կիւլէրի անձին տեսակէտէ այդպէս ըլլայ։ Բայց եւ այնպէս, Արա Կիւլէրի յիշատակն ալ ունի հաւաքական, հանրային երեսակ մը՝ ինչպէս իր գործերը, ինչպէս իր արտադրանքը։ Եթէ ան կենդանութեան օրով «Իսթանպուլի աչք»ն էր, ապա այսօր, իր մահէն երկու տարի անց, «Իսթանպուլի յիշողութիւնն» է։ Եթէ ան կենդանութեան օրով «Դարու լուսանկարիչն» էր, ապա այսօր, իր մահէն երկու տարի անց, իր ապրած եւ ստեղծագործած դարու ականատեսն ու վկան է։ Արա Կիւլէր վաղուց դարձած է ազդակ մը, որով կարելի է թափանցել իր ապրած ժամանակներու մարդկային կեանքին, ժողովուրդներու արժէքներուն, մշակոյթներու դրսեւորումներուն եւ այլն։
Յաւերժ յարգանք ու բիւր խոնարհում լուսահոգի Արա Կիւլէրի անթառամ յիշատակին ու վառ կերպարին առջեւ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ