ԴԻՏԱՐԿՈՒՄՆԵՐ՝ ՀԲԸՄ-Ի 93-ՐԴ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻՆ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ (2)
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) 93-րդ ընդհանուր ժողովը անկիւնադարձային էր։ Արդարեւ, ընդհանուր ժողովի մասնակիցները նոյնաժամանակ հաղորդ դարձան երկու նախագահի պատգամին։ Առաջինը՝ Պերճ Սեդրակեանն էր, որ 93-րդ ընդհանուր ժողովի սկիզբին կեդրոնական վարչութեան նախագահի հանգամանքով դիմեց մասնակիցներուն ու վերջաւորութեան արդէն իր հերթը փոխանցեց՝ դարձած ըլլալով կառոյցի պատուոյ նախագահը։ Երկրորդը՝ Սեմ Սիմոնեանն էր, որու պաշտօնամուտը բնորոշեց 93-րդ ընդհանուր ժողովը։ Պերճ Սեդրակեանի եւ Սեմ Սիմոնեանի կողմէ 93-րդ ընդհանուր ժողովի ընթացքին տրուած պատգամները ՀԲԸՄ-ի մօտաւոր անցեալի պատմութեան արժեւորման հիման վրայ ապագայ գործունէութեան բանալիները մատուցելու տեսակէտէ յատկանշական էին։
Պերճ Սեդրակեան թէ՛ ընդհանուր ժողովի պաշտօնական ելոյթով եւ թէ պատգամաւորներու հաւաքի ժամանակ մասնակցած ասուլիսով՝ երկու փուլերու մէջ փոխանցեց իր պատգամները։ Ան մասնաւորապէս ընդգծեց, որ ՀԲԸՄ-ը կամաւորներու մեծ ընտանիք մըն է։ Իսկ Սեմ Սիմոնեանի խօսքերը արդէն եկան բիւրեղացնել, թէ Սեդրակեանի շրջանէն վերջ ինչպիսի շարունակութիւն մը կը սպասէ ՀԲԸՄ-ի գործունէութիւնը կամ ինչ երանգաւորումներ կրնան ակնկալուիլ։
Թէ ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ այս ընդհանուր ժողովը նոյնինքն ՀԲԸՄ-ի գործունէութեան վրայ… Այս հարցման պատասխանին տեսակէտէ Սեդրակեանի եւ Սիմոնեանի ելոյթները բովանդակեցին կարեւոր կէտէր։ Պերճ Սեդրակեան յիշեցուց, որ ՀԲԸՄ-ի հիմնադիր բարեյիշատակ Պօղոս Նուպար փաշան ամենասկիզբին այս կազմակերպութիւնը պատկերացուցած էր՝ որպէս հայկական ընդհանուր միութիւն մը եւ աւելի վերջ է, որ անոր անուանման մէջ աւելցուած էր «բարեգործութիւն» բառը։ Ան բացատրեց, որ կամաւոր հիմքով յանձնառութիւններու մեծ ընտանիք մըն է ՀԲԸՄ-ը, որու աւանդութիւնները կապ ունին նաեւ սփիւռքի ընտանիքներուն հետ։ Սեդրակեան ընդգծեց, որ յիշողութիւնը այն գործօններէն մին է, որ կը պայմանաւորէ ՀԲԸՄ-ի գործունէութիւնը։ Ընդհանրապէս, այս մօտեցումը կը համընկնէր Նիւ Եորքի մեծ հաւաքի ընթացքին արծարծուած այն մտքին հետ, թէ այսօր հայոց դատն է ինքնութեան պահպանումը։
Պերճ Սեդրակեան ընդհանուր ժողովի պաշտօնական ելոյթին ընթացքին ըսաւ. «Դար մը շարունակ յաջողած ենք ՀԲԸՄ-ի շուրջ համախմբել նուիրեալ առաջնորդներու փաղանգ մը, աշխարհի բոլոր ծագերուն։ Անձեր, որոնք ինքնին յաջողած անհատներ ըլլալով չեն մոռցած իրենց արմատները եւ իրենց նուիրումով, փոխհատուցելու տրամադրութեամբ ծառայած են իրենց համայնքներուն։ Հայկականութեան այս զգացումն է, որ իւրայատուկ կը դարձնէ մեր ժողովուրդը»։ Ապա ան շեշտեց, որ ՀԲԸՄ համընդգրկուն վերաբերմունք կը ցուցաբերէ եւ բաց է անխտիր բոլոր անոնց համար, որոնք կը փափաքին իրենց մասնակցութիւնը բերել կամ առաջնորդ դեր ստանձնել իրենց տեղական համայնքներէն ներս։ Սա ի զօրու է ոչ միայն անոնց համար, որոնք աւանդական հասկացութեամբ հայեր են՝ այնքան ատեն, որ անոնք կը յարին ՀԲԸՄ-ի արժէքներուն եւ առաքելութեան։ Այսինքն, այս խօսքերէն կարելի է հետեւցնել, որ ՀԲԸՄ այսօր իր արժէքները, աւանդութիւններն ու առաքելութիւնը կը ձգտի ծառայեցնել համազգային հարթութեան վրայ առկայ անտարբերութեան խնդիրը յաղթահարելու նպատակին եւ այսպէսով իր գործունէութեան մէջ նոր տարրեր ընդգրկել կը ձգտի։
Սեդրակեան մատնանշեց, որ աշխարհի 33 երկիրներու եւ 72 քաղաքներու մէջ ՀԲԸՄ աշխատանք յառաջ կը տանի։ «Այսօր մենք կրնանք գործել՝ որպէս համաշխարհային կազմակերպութիւն՝ հասնելով համընդհանուր հայութեան, համացանցի եւ թուային հաղորդակցութեան միջոցաւ։ Ես, անշուշտ, միշտ շեշտած եմ անձնական փոխյարաբերութեան գերազանցութիւնը։ Ընդհանուր ժողովները եւ շրջանային հանդիպումները կարեւոր են մեր կապերը սերտ եւ սեղմ պահելու համար», ըսաւ ան։
Այս նոյն մօտեցման համահունչ էր նաեւ Սեմ Սիմոնեանին կողմէ ընդհանուր ժողովի ելոյթին ընթացքին ընդգծուած միտքը։ «Սա համացանցի, թեքնոլոժիներու եւ արհեստական բանականութեան դարաշրջանն է։ Մեր մօտեցումը կրթութեան նկատմամբ եւ մեր յանձնառութիւնը պիտի եղափոխուին եւ պիտի յառաջանան ըստ այս փոփոխութեան», ըսան ան։
Հայ իրականութեան ընդհանուրի պարագային դիտարկումներու առումով Պերճ Սեդրակեան ընդհանուր ժողովի ընթացքին ըսաւ. «Հայաստանի ազգաբնակչութիւնը նուազած է շուրջ մէկ երրորդով՝ անկախութեան յաջորդած արտագաղթի ալիքներուն պատճառով։ Սա մտահոգիչ է, որովհետեւ սակաւ բնակչութեամբ երկիր մը իր դրացիներուն մօտ ոտնձգութեան տրամադրութիւններ կը գրգռէ։ Այժմ հայկական պետութիւնը գոյութենական խնդիր մը կը դիմագրաւէ։ Ոեւէ հայ անտարբեր պէտք չէ մնայ՝ պատճառաբանելով, թէ տարածաշրջանի քաղաքական իրադրութիւնը բարդ է, հաւանական ելքերը անորոշ են ու ապագան անկանխատեսելի է։ Ընդհակառակն, յուսահատելու կամ յուսախաբութեան մատնուելու փոխարէն՝ սփիւռքը պէտք է համախմբուի, վերականգնէ իր ուժերը՝ աջակցելու համար իր լիիրաւ հայրենիքին, որուն զօրակցութեան ՀԲԸՄ-ը յանձնառու եղած է իր գոյատեւման առաջին իսկ օրէն»։ Սեդրակեան աւելցուց, որ կազմակերպութիւնը պիտի շարունակէ իր ներդրումները՝ ապահովելու համար Հայաստանի ժողովուրդին բարօրութիւնը։
Այս բոլորի լոյսին տակ՝ ՀԲԸՄ-ի այժմ արդէն պատուոյ նախագահը աւելցուց հետեւեալը. «Ի՞նչ կը վերաբերի սփիւռքին, ընդհանրապէս, Միջին Արեւելքի երկիրներու մեր բնակչութեան թիւը շօշափելի կերպով նուազած է։ Մեծամասնութեամբ դէպի Միացեալ Նահանգներ՝ յատկապէս հարաւային Գալիֆորնիա գաղթեր եղած են։ Արեւմտեան սփիւռքի մեծագոյն համայնքը կը կազմէ հարաւային Գալիֆորնիան՝ իր բազմաթիւ դպրոցներով, կեդրոններով, եկեղեցիներով եւ գործօն ու աշխոյժ բնակչութեամբ։ Շատեր, որոնք ձգած են Հայաստանը, նոր համայնքներ հաստատած են այնտեղ, ինչպէս նաեւ Եւրոպա՝ մասնաւորապէս Գերմանիա, Հոլանտա, Սպանիա եւ արեւմտեան այլ քաղաքներ։ Գաղթի այս հոսանքները, անկասկած, ինքնութեան վերաբերեալ մշակութային նոր երանգներ կը ստեղծեն։ Բայց եւ այնպէս, ՀԲԸՄ մասնաճիւղերուն միջոցաւ կը ներգրաւէ այդ խմբաւորումները իր անդամակցութեան՝ իբրեւ մեր համաշխարհային ընտանիքի հարազատ անդամներ»։ Բաց աստի, Պերճ Սեդրակեան մատնանշեց, որ Հայաստանի անկախութիւնը եւ ժողովրդագրական փոփոխութիւնները սփիւռքի մէջ լուրջ փոփոխութիւններ յառաջացուցած են։ «Մեր համայնքները մինչ կ՚ընդելուզուին տեղական տիրող մշակոյթին մէջ, անոնք ձուլման վտանգը կը դիմագրաւեն եւ կ՚անջատուին իրենց հայկական ինքնութենէն։ Այսօր մենք ականատես կ՚ըլլանք խառն ամուսնութիւններու արագ աճին եւ այդ պատճառով հայերէն լեզուի գործածութեան աստիճանական նուազումին։ Աւելին, կրօնական աւանդութիւններու հետզհետէ տկարացումը առկայ է բոլոր քրիստոնեայ համայնքներու պարագային եւ Հայ Եկեղեցին ալ զերծ չէ այս երեւոյթէն։ Նոր սերունդը ընտրութիւն ունի ընտրելու կամ մերժելու իր հայկական ինքնութիւնը», ըսաւ Սեդրակեան։
Այս առումով նշանակալից էր նաեւ Սեմ Սիմոնեանի ելոյթի հետեւեալ բաժինը. «Առկայ մարտահրաւէրները կը պահանջեն հաւաքական ջանքեր։ Դժուարութիւնները մեզ կը մղեն՝ բարգաւաճ ու միասնական ապագայի մը աւելի յաւակնոտ երազներուն՝ միշտ մրցակցութեան մէջ յանձնառութեամբ»։
Պերճ Սեդրակեանի ընդհանուր ժողովի դիտարկումները արժեւորումներ կը բովանդակէին նաեւ այժմու ժամանակներուն տեսակէտէ. «Հայ ազգը ներկայիս խաչմերուկի մը առջեւ կը գտնուի։ Ան գրեթէ հաւասարապէս բաժնուած է Հայաստանի, արեւմտեան սփիւռքներու եւ ռուսական սփիւռքի միջեւ։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի ազգային ինքնութեան իր յատուկ արտայայտութիւնը։ Սա մեզ իրարմէ կը տարբերէ, բայց նաեւ կը նոյնացնէ։ Մենք պէտք է զօրացնենք կամուրջները, որպէսզի պահենք համընդհանուր ազգը։ Ո՛չ պետութիւնը, ոչ ալ սփիւռքը կրնան առանձինն ընել այդ բանը»։ Ան աւելցուց, որ ՀԲԸՄ միշտ փորձած է կամրջել այդ բացը՝ իր համաշխարհային ցանցին միջոցաւ։ «Մեր կազմակերպութիւնը փայլուն օրինակն է այն իրողութեան, թէ հակառակ մշակութային երանգներու եւ ազգային տարբեր փորձառութիւններու՝ ՀԲԸՄ տիրական է։ Սա յատկապէս կը դրսեւորուի աշխարհի մէջ որեւէ տեղ հայութիւնը հարուածող տագնապներու ընթացքին», ըսաւ ան։
Այս բոլորէն վերջ Սեդրակեան ընդգծեց, որ հայ ինքնութիւնը կրկին փորձութիւններու ենթարկուած է եւ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ։ «Այն դժուարութիւնները, որոնք կը դիմագրաւենք այսօր, բնորոշ են փոքր ազգերու։ Խնդիրը, այն է, սակայն, թէ ինչպէս կը նաւարկենք ընկերային այս ծովածաւալ փոփոխութիւններու ընդմէջէն։ Անոնք անորոշ ապագայի մը եզրին կը մղեն նոյնինքն քաղաքակրթութիւնը։ Աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է, որ մեր տեսլապաշտները եւ երազողները մեզ առաջնորդեն այսօր։ Մենք պէտք է նաեւ բացուինք աշխարհին, որովհետեւ չենք կրնար մեկուսացած գոյատեւել։ Պէտք է, որ ամբողջապէս միաշաղախուինք եւ մեր մասնակցութիւնը բերենք այն համայնքներուն մէջ, ուր կ՚ապրինք՝ առանց մոռնալու անոնք, որոնց ուսերուն վրայ կը կանգնինք մենք եւ մեզի փոխանցուած դասերը», ըսաւ ան։
Ընդհանուր ժողովի ընթացքին Սեդրակեան խորհրդածութիւններ ըրաւ նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ դերակատարութեան մասին։ Սա ուշագրաւ էր նաեւ այն առումով, որ ներկայիս Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ միջեւ ստեղծուած է անհաղորդ վիճակ մը։ Սեդրակեան համոզուած է, թէ Հայ Եկեղեցին եղած է տիեզերականօրէն միաւորող ուժ մը ու պահած է հայ մշակոյթը։ «Ան այն միակ վայրն է, ուր մեր արժէքները, աւանդութիւնները, պատմութիւնը եւ մեր հոգեւոր էութիւնը սահմաններ կտրած են դարերու ընթացքին», ըսաւ Սեդրակեան եւ աւելցուց, որ Հայ Եկեղեցին կը սնուցանէ հայ ոգին։ Իր խօսքով՝ Հայ Եկեղեցին պիտն մնայ հայկական մշակութային ինքնութեան միջնաբերդը։
Այս բոլորէն վերջ, Պերճ Սեդրակեան ընդհանուր ժողովի ընթացքին շեշտեց, որ ՀԲԸՄ ճկուն կառոյց մըն է ու ի վիճակի է փոփոխութիւններու յարմարելու, պատրաստ է դիմակայելու տագնապներու եւ բաց՝ առիթներու դիմաց, միշտ հաւատարիմ իր անժամանցելի արժէքներուն եւ առաքելութեան։ Հուսկ, ան շեշտեց, որ իրեն համար մեծ գոհունակութեան առիթ է՝ ՀԲԸՄ-ի սերունդներուն հայկական հպարտութիւն եւ կամք ներշնչած ըլլալը։
Պերճ Սեդրակեանի այս ծաւալուն արժեւորումներէն եւ ՀԲԸՄ-ի առաքելութեան վերաբերեալ ըրած խորհրդածութիւններէն վերջ հնչեցին նաեւ Սեմ Սիմոնեանի պատգամները, որոնց մէջ եւս բազմակողմանի դիտարկումներ կային հայ իրականութեան ներկայ վիճակին շուրջ։ Սեմ Սիմոնեան իր պաշտօնամուտի փուլին ընդգծեց, որ լաւատեսութեան ոգիով պիտի շարունակուի ՀԲԸՄ-ի առաքելութիւնը։ «Սա ապաքաղաքական կազմակերպութիւն մըն է։ Զարգացում կը խրախուսէ համաշխարհային հայ ազգէն ներս եւ աջակցութիւն կը ցուցաբերէ։ Մեր կիզակէտին է՝ Հայաստանի բարգաւաճումն ու սփիւռքի մէջ ինքնութեան պահպանումը», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ ՀԲԸՄ կուսակցութիւն մը չէ եւ չունի քաղաքական օրակարգ։ «Մենք կը յարգենք մեր բոլոր հաստատութիւնները՝ պետական, կրօնական, մշակութային եւ կրթական», աւելցուց Սեմ Սիմոնեան։ Միեւնոյն ժամանակ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նոր նախագահը ընդհանուր ժողովի ընթացքին տեղեկացուց, որ յառաջիկայ տարի պիտի այցելէ հաստատութեան բոլոր մասնաճիւղերը, տեղական կառոյցները։ Այդ ուղեւորութիւններու ընթացքին միշտ Սեմ Սիմոնեանի հետ պիտի ըլլայ նաեւ իր կողակիցը՝ Սիլվա Սիմոնեանը։ Նորընտիր ղեկավարը կը նախատեսէ ամուր յարաբերութիւններ կառուցել, ծանօթութիւններ մշակել եւ այսպէսով ղեկավարութեան եւ համայնքներուն, անդամութեան միջեւ նոր թարմութիւն մը ապահովել։
Սեմ Սիմոնեանի այս այցելութիւններու ծրագիրը յաչս ընդհանուր ժողովի մասնակիցներուն զուգահեռական մը ստեղծեցին Պերճ Սեդրակեանի այն արտայայտութիւններուն հետ, թէ ՀԲԸՄ-ի շրջանակներէն ներս անձնական հպումներու ազդեցութեան նշանակութիւնը միշտ զգալի կը մնայ։
Իրերայաջորդ երկու նախագահներու կողմէ փոխանցուած պատգամներուն հետ ընդհանուր ժողովի մթնոլորտին մէջ համահունչ էին նաեւ զանազան փուլերով արծարծուած խնդիրները։ Անոնց շարքին ամենայաճախակիօրէն մատնանշուածն էր՝ հայկական համայնքներու բաց ըլլալը իրենց ապրած միջավայրերուն մէջ։ Այսինքն, խօսքը կը վերաբերի առանց ձուլուելու տուեալ հասարակութեան համարկուելու, որովհետեւ կեթթոյացած վիճակով ապրող հայ համայնքներու պարագային ալ կը նկատուին լճացման խնդիրներ։
Ընդհանուր ժողովի ընթացքին հնչած միտքերու շարքին ուշագրաւ էր նաեւ այն հանգամանքը, թէ այսօրուան աշխարհին մէջ թէեւ իսկապէս միանալը դժուար է, բայց գոնէ տագնապալի իրավիճակներու մէջ պէտք է նուազագոյն միասնականութեան մթնոլորտ մը ստեղծուի. օրինակ՝ Հայաստանի երկրաշարժը, որ համազգային միասնականութեան շարժումի մը վերածուած էր։
ՀԲԸՄ հայ իրականութեան ընդհանուր երեւոյթները հաշուի կ՚առնէ նաեւ իր իսկ ապագան պատկերացնելու կամ ծրագրաւորելու պարագային։ Արդարեւ, խառն ամուսնութիւններու եւ ժողովրդագրական փոփոխութիւններու ազդեցութիւնները այսօր անխուսափելի դարձուցած են, թէ ապագային հայութիւնը եւ հայկական հաստատութիւնները ի՞նչ դիմագիծ պիտի ունենան։ Այսինքն, ընդհանուր ժողովի ընթացքին պատասխանը որոնուած հարցումներէն մին եղաւ այն, որ այդ փոփոխութիւնները ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի գործեն թէ՛ հայութեան եւ թէ ՀԲԸՄ-ի վրայ։
Այստեղ, անշուշտ, անկարելի է յստակ պատասխաններ տալ այս բոլոր բարդ հարցումներուն, որոնք արդէն ապագայի վերաբերեալ մարտահրաւէրներ կը նկատուին։ Յամենայնդպէս, ՀԲԸՄ-ի՝ որպէս աշխարհատարած կազմակերպութիւն, փորձառութիւնը կարեւոր յղման կէտ մը կրնայ հանդիսանալ անոնց պատասխաններու որոնման եւ անոնց կապակցութեամբ կանխատեսումներ ընելու տեսակէտէ։ Արդարեւ, ընդհանուր ժողովի օրերուն ալ միշտ մատնանշուեցաւ, որ հայ ազգը աշխարհով մէկ սփռուած է, տարբե՛ր հասարակութիւններու մէջ, տարբե՛ր ազդեցութիւններու տակ կ՚ապրի։ Աշխարհագրական զանազանութիւնները նոր չափումներ կը վերագրեն ինչպէս համազգային օրակարգին, այնպէս ալ ՀԲԸՄ-ի գործունէութեան։
Հուսկ, ակնյայտ է, որ այս բոլոր բարդ հարցումներու պատասխանները թէեւ անորոշ են, սակայն, այսօր յստակ միակ բանն է, որ ապագան պիտի ուղղորդուի մեծ պայքարներով։ ՀԲԸՄ-ի տեսակէտէ այդ պայքարներուն նետուելու որեւէ տատամսում խնդրոյ առարկայ չէ, իսկ ընդհանուր ժողովի մթնոլորտէն զգալի կը դառնար, թէ այս պայքարներուն մէջ կառոյցի մեծագոյն յենարաններէն մին է՝ աշխարհատարած կամաւորներու ընտանիք մը ըլլալու հանգամանքը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ