Զուգադիպութեան խորհուրդը…

ԺԱՄԱՆԱԿ այսօր կը հրատարակէ 6 էջէ բաղկացեալ բացառիկ թիւ մը։ Համոզուած ենք, թէ այս թիւը փաստավաւերագրական արժէք կը ներկայացնէ։ Այս բացառիկը ձօնուած է Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան այժմ արդէն նախկին մշտական ներկայացուցիչ, Եթովպիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սահակ Սարգսեանին, որ Պոլիսէն կ՚ուղղուի դէպի Ատիս Ապապա։ Դեսպան Սահակ Սարգսեանին համար նախըթաց օր կազմակերպուած հրաժեշտի հանդիսութեան մթնոլորտին ամենայն մանրամասնութեամբ կարելի է հաղորդ դառնալ մեր այս բացառիկի բովանդակութեամբ։ Նախախնամական զուգադիպութեամբ այսօր լուսահոգի եւ անմոռանալի Հրանդ Տինքի նահատակութեան տարելիցն է։

Սարգսեանի Իսթանպուլի մէջ պաշտօնավարման 5 տարիներու ընթացքին ապահոված ձեռքբերումները եւ, ընդհանրապէս, քաղաքիս մէջ հայկական դիւանագիտական ներկայացուցչութեան մը գոյութիւնը կը համընկնին Հրանդ Տինքի կողմէ թողուած աւանդին եւ կ՚արդարացնեն անոր յիշատակը։

Ուստի, այսօրուան մեր բացառիկը պատրաստուած է այս զուգադիպութեան խորհուրդով։ Կը մաղթենք, որ Սահակ Սարգսեանի ապագայ ասպարէզային յաջողութիւնները ողջունելու առիթներ ներկայանան, իսկ Հրանդ Տինքը ննջէ խաղաղ։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ուրբաթ, Յունուար 19, 2024