ՏԱՆ ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Երեւանի մէջ կազմակերպուած Համաշխարհային հայկական գագաթաժողովը որակեց «Մեր տան խօսակցութիւնը»։
Այսօր արդէն գագաթաժողովի երկրորդ աշխատանքային օրն է։ Մայրաքաղաքի «Մերիտիան» կեդրոնին մէջ բուռն քննարկումներ կը ծաւալուին համահայկական օրակարգի հրատապ նիւթերուն շուրջ։
Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանի երէկուան ելոյթը, որ զուգադիպեցաւ գագաթաժողովի աշխատանքներու առաջին քայլափոխին, բազմաթիւ առաջնահերթ հարցերու վերաբերեալ հետաքրքրական խորհրդածութիւններ կը բովանդակէր։ «Մենք թէեւ հազարամեայ ժողովուրդ մըն ենք, բայց, կը մտածենք շատ կարճաժամկէտ», նշեց վարչապետը եւ շեշտեց, որ Հայաստան երբեք իր ժողովրդավարութիւնը պէտք չէ հակադրէ իր տարածաշրջանին։ Փաշինեան համահայկական այս հարթակին վրայ մանրամասն խորհրդածութիւններ ըրաւ՝ պատմութենէն դաս քաղելու հարցին շուրջ։ «Մենք ի՞նչ դաս պէտք է քաղենք պատմութենէն։ Մեր պատմութենէն մեր քաղելիք դասերը ուրիշներու կողմէ մեզի թելադրուած են», ըսաւ վարչապետը։
Այս կէտէն սկսեալ հայոց հայրենասիրութեան մոտելին շուրջ ալ կարծիքներ յայտնեց Նիկոլ Փաշինեան, որ աւելի առաջ ալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտած էր, որ հայոց կողմէ ընդհանրացած հայրենասիրութիւնը աւելի շուտ սովետական, կայսերական հայրենասիրութեան մոտել մըն է։ «2018 թուականէն ի վեր՝ որպէս վարչապետ, իմ ամենամեծ հարցն է մեր հայրենասիրութիւնը՝ ներառեալ իմ հայրենասիրութիւնը։ Այս հայրենասիրութեան մոտելը մեզի հետ կապ չունի։ Կայսերական հայրենասիրութեան ձեւը ներմուծուած է մեզի։ Բայց ի՞նչ է այդ ներմուծուած հայրենասիրութեան մոտելի նպատակը», ըսաւ ան։ Այս ամբողջին մէջ վարչապետը առանցքային նկատեց, որ այդտեղ հետապնդուած նպատակն է՝ հայոց անկախ պետականութիւն մը գոյութիւն չունենալը։ «Պատմական Հայաստանի խրախուսումով՝ ուրիշներ ուզած են, որ մենք տեսական հայրենիք մը ունենանք ու զայն սիրենք։ Եկէ՛ք, մենք նկատենք մեր հայրենասիրութեան կործանարար կողմը՝ մեր իսկ տեսակէտէ։ Այդ հայրենասիրութեան սիրոյ բովանդակութիւնը մենք չենք բանաձեւած», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան, որ ելոյթին տեւողութեան մանրամասն արտայայտուեցաւ՝ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ շեշտադրեալ ձեւով յառաջ քշուած իրական Հայաստանի յղացքին մասին։
Վարչապետ Փաշինեանի ելոյթին մէջ լայն տեղ գտան Հայաստանի արտաքին ու ներքին քաղաքականութեան, ընդհանրապէս իրադրութեան բնոյթով հարցեր։ Յամենայնդէպս, անոնց առընթեր շատ ուշագրաւ էին իր խորհրդածութիւնները յարաբերաբար աւելի տեսական կամ ինքնութեան վերաբերեալ հարցերու շուրջ, որոնք Հայաստան-սփիւռք օրակարգին տեսակէտէ կը համարուին կարեւոր։
Նիկոլ Փաշինեան յոյս յայտնեց, թէ Հայաստանի միջավայրին մէջ ակրեսիւ նկրտումները կը նուազին եւ հայկական կողմը իր որդեգրած քաղաքականութիւնով կը յաջողի այդ նպատակին հասնիլ։ Նոյն ամբողջին մէջ ան խօսեցաւ նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին մասին։ Փաշինեան շատ կարեւորեց, որ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններու գործընթացէն ներս երկու երկիրները ունին յատուկ ներկայացուցիչներ։ «Անոնք ուղղակի կապի մէջ են, ինչ որ առաւել տեղեկատուութիւն ունենալու հնարաւորութիւն մըն է եւ այդ հնարաւորութիւնը յաջողութեան հաւանականութիւնը կ՚աւելցնէ», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան, որ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները մեկնաբանեց նաեւ Հայաստանի դէպի Եւրոպա կամ Եւրոպական Միութիւն բացուելուն տեսակէտէ։
Համաշխարհային հայկական գագաթաժողովի բացման Նիկոլ Փաշինեան մանրամասնօրէն խօսեցաւ նաեւ իրական Հայաստանի ռազմավարութեան մասին։ Ան գագաթաժողովի մասնակիցներուն հետ բաժնեց իր մօտեցումները՝ հայրենիքը հեռուէն սիրելու հարցին շուրջ։ Հայաստանի դիմագրաւած ժողովրդագրական խնդիրներուն ալ լոյսին տակ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ «Ուր որ հաց՝ այնտեղ կաց» կարգախօսին կամ լոզունգին մասին։ Ծանօթ է, որ սա Հայաստանէն արտագաղթի ալիքի երեւոյթը ըմբռնելու տեսակէտէ միշտ հաշուի կ՚առնուի՝ որպէս լայն զանգուածներու նախընտրութեան դրսեւորումը։ Նիկոլ Փաշինեան այս պարագան եւս ուղիղ համեմատութեան մէջ նկատեց ոմանց այն ձգտումին կամ փափաքին հետ, թէ հայերը պէտք չէ պետութիւն ունենան կամ Հայաստանի մէջ պետութիւն պէտք չէ գոյութիւն ունենայ։ «Ըստ այդ մոտելին՝ երեխան երբոր ծնի, ապա պէտք է սկսի մաքառիլ։ Մենք Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիէն ո՛չ թէ մաքառում կը պահանջենք, այլ կը ձգտինք զայն առաջնորդել դէպի երջանկութիւն, ազատութիւն եւ բարեկեցութիւն։ Հացի եւ կացի խնդիրը ունի երկու երեսակ։ Հայաստանէն արտագաղթած մարդիկ տեղացիներուն կողմէ կը քննադատուին հայրենիքը լքած ըլլալով, իսկ երբոր արտասահման կը մեկնին, այնտեղ եւս սփիւռքահայերու կողմէ նոյնանման վերաբերմունքի կ՚արժանանան։ Յամենայնդէպս, սա խնդրի միայն մէկ երեսակն է, որովհետեւ ոեւէ մէկը չի քննարկեր կամ չ՚ուզեր քննարկել, թէ ինչո՞ւ հայրենիքի մէջ հաց չկայ եւ մարդիկ կը պարտաւորուին գաղթել։ Սեփական հայրենիքին մէջ հացի բացակայութիւնը դաւաճանութիւն է», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։ Այս կէտին վրայ ան կոչ ուղղեց, որպէսզի քննարկումները ամենայն անկեղծութեամբ ծաւալուին։ Արդարեւ, այսօր Հայաստանի տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիները հետախուզման մէջ են, որովհետեւ անոնց ծնողները շատ փոքր տարիքին զիրենք արտասահման տարած են, որպէսզի զինուորական պարտականութենէն հեռու պահեն իրենց զաւակները։ «Սա մեր տան խօսակցութիւնն է», շեշտեց Փաշինեան եւ աւելցուց, որ այս հարթութեան վրայ ամէն ինչ պէտք է քննարկել անկեղծօրէն։
Վարչապետը համոզուած է, թէ պետութեան, ազգի եւ ժողովուրդի վերաբերեալ խնդիրներուն մէջ պէտք է առաջնորդուիլ յստակ հայեցակարգերով։ Իր խօսքով՝ Հայաստանի մէջ պէտք է հաստատուի ապագայ ծրագրելու մշակոյթ մը։ Բաց աստի, երկրի անվտանգութիւնը պէտք է խարսխուած ըլլայ օրինականութեան հիմքերու վրայ։ Այլապէս, եթէ հիմքը օրինականութիւնը չըլլայ, ապա երկիրը ինքնաբերաբար թիրախ կը դառնայ։
Զանազան հարցումներու պատասխանելով՝ վարչապետը ընդգծեց, որ կը շարունակեն յամառօրէն հետապնդել 2050 թուականին Հայաստանի բնակչութիւնը 5 միլիոնի բարձրացնելու յաւակնոտ նպատակը։ «Հայաստանը պէտք է դադրի կարեկցանքի առարկայ ըլլալէ», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան ու շեշտեց, որ մտածելակերպի բացարձակութիւնը պէտք է մէկ կողմ թողուլ այս փուլին։ Ապագայի տեսլականի մը յստակութիւնը Հայաստանի ժողովրդագրական խնդիրներու լուծման տեսակէտէ ալ նոր հորիզոններ կրնայ ստեղծել։
Անդրադառնալով ազգային անվտանգութեան վերաբերեալ խնդիրներուն՝ վարչապետը նշեց հետեւեալը. «Հայաստան աշխարհի որքան շատ երկիրի հետ տնտեսական փոխկապակցուածութեան մէջ ըլլայ՝ այնքան աւելի անվտանգութեան երաշխիքներ կ՚ունենայ։ Այսօր ո՞ր երկրի շուկայէն բան մը կրնայ պակսիլ, եթէ Հայաստանի մէջ անկայունութիւն յառաջանայ։ Մեր ըսել ուզածը այն է, որ Հայաստանի մէջ արտադրուած կամ Հայաստանի վրայով տեղափոխուած ապրանքները միջազգային շուկայի մէջ այնքան պէտք է տարածում գտնեն, որ աշխարհի երկիրները հետաքրքրուած ըլլան Հայաստանի կայունութեան՝ սեփական կայունութիւնը խնայելու տեսակէտէ»։ Ան այս կէտին վրայ Համաշխարհային հայկական գագաթաժողովի մասնակիցներուն ալ մանրամասնութիւններ ներկայացուց Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին շուրջ։ Փաշինեան նշեց, որ այս նախագիծը տարածաշրջանային մակարդակով մտածելակերպ մը իւրացուցած ըլլալու ապացոյցն է։
Բուն ելոյթէն վերջ, հարցում-պատասխանի բաժնին մէջ ալ Նիկոլ Փաշինեան ակնարկեց՝ բոլորի ուշադրութեան կամ հետաքրքրութեան առարկայ զանազան նիւթերու։ Այսպէս, անվտանգութեան հարցերու ամբողջին մէջ ան մասնաւորապէս ըսաւ. «Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւնը սպառնալիքներ կը ստեղծէ Հայաստանի ապագայ գոյութեան եւ պետականութեան համար»։ Յամենայնդէպս, ան նշեց, որ Հայաստանի օրակարգին վրայ չէ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան կամ Ռուսաստանի հետ տնտեսական կապերու խզումը։ «Մենք կը ձգտինք ո՛չ թէ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան հետ առեւտուրի ծաւալները նուազեցնել, այլեւ Եւրոմիութեան եւ այլ շուկաներու հետ աւելցնել մեր առեւտուրը», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ եթէ Հայաստան ԵՄ-ի լիիրաւ անդամ դառնալու դոյզն իսկ իրատես հաւանականութիւն մը ունենայ, ապա այդ պահը բացարձակապէս բաց չի թողուիր։ Դէպի Եւրոպա վիզաներու ազատականացման նիւթին շուրջ ալ խօսեցաւ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ իր համոզմամբ սա երկրէն արտագաղթի նոր ալիք մը հրահրելու ռիսքը չի պարունակեր։
Ընդհանրապէս, գագաթաժողովի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան շեշտը դրաւ այն գաղափարին վրայ, թէ անվտանգութիւնը միայն բանակով չ՚երաշխաւորուիր՝ որքան որ ալ այդ մէկը անհրաժեշտ նախապայման մը ըլլայ։ Ան նշեց, որ Ատրպէյճանի հետ սահմանազատման գործընթացին ի շարունակութիւն Հայաստանի այսօր բռնագրաւուած տարածքները կրնան վերադարձուիլ։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանադրութիւններուն վերաբերեալ մանրամասն բաղդատութիւններ ըրաւ Նիկոլ Փաշինեան՝ ընդգծելով, որ խաղաղութեան պայմանագրի տեսակէտէ այս հարցը այդքան ալ մեծ նշանակութիւն չունի՝ մանաւանդ, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ շեշտուած է, որ միջազգային պայմանագիրները միշտ գերակայ են ներքին օրէնսդրութեան բաղդատմամբ։ Երեւանին Պաքուի կողմէ հասցէագրուած զինման մեղադրանքներուն ալ անդրադառնալով՝ վարչապետը կրկնեց իր միտքը. «Ինչո՞ւ Ատրպէյճան կրնայ Իտալիայէն, Չեխիայէն կամ Սլովաքիայէն զէնք գնել, իսկ Հայաստան չի կրնար Ֆրանսայէն զէնք ձեռք բերել։ Ինչո՞ւ Ատրպէյճան կրնայ Փաքիստանէն զէնք ապահովել, իսկ Հայաստան չի կրնար Հնդկաստանէն զէնք ապահովել»։ Նոյն ամբողջին մէջ Փաշինեան տեղեկացուց, որ Երեւան տակաւին չէ կողմնորոշուած Պաքուի մէջ նախատեսուած COP29 գագաթաժողովի մասնակցութեան հարցին շուրջ։
Թէժ օրակարգի նիւթերու շարքին վարչապետը անդրադարձաւ նաեւ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման։ «Հայաստան պատրաստ է բանալ բոլոր ճանապարհները՝ ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ իրաւազօրութեան սկզբունքներով», ըսաւ ան եւ չբացառեց ապագային Հայաստանի Ատրպէյճանէն կազ արտածելու հաւանականութիւնը։
Ուժանիւթի անվտանգութեան տեսակէտէ Նիկոլ Փաշինեան համոզուած է, թէ այսօր աշխարհի վրայ գոյութիւն չունի որեւէ երկիր, որ ուժանիւթի պարագային ամբողջութեամբ անկախ է։ Այստեղ բոլոր երկիրներու պարագային խօսքը կը վերաբերի հնարաւորինս տեսակաւոր աղբիւրներէ ուժանիւթ ապահովելու։ «Մենք ռազմավարական որոշում առած ենք, որպէսզի մոտիւլէր աթոմակայան մը կառուցենք», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ սա նոր թեքնոլոժիի մը արդիւնքն է, սակայն այդ թեքնոլոժին արդէն բաւարար հիմնաւորուած է եւ անոր կիրառման սկիզբը պարզապէս ժամանակի հարց է։ Մոտիւլէր աթոմակայանի մը առաւելութիւնը այն է, որ եթէ յանկարծ որեւէ արկած պատահի, ատի բացառապէս տեղական բնոյթ մը կ՚ունենայ։
Նիկոլ Փաշինեան համահայկական այս հարթութեան վրայ մանրամասն խօսեցաւ նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ։ Ան ըսաւ, թէ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը ամբողջ կլիման կրնայ փոխել եւ դարձեալ այդ փաստաթուղթն է, որով պէտք է լուծուի Ատրպէյճանի մէջ ի պահ դրուած հայ գերիներու եւ պատանդներու խնդիրը։ Ըստ Փաշինեանի, խաղաղութեան պայմանագրի լուծումը ամբողջ մթնոլորտը, ամբողջ կլիման կրնայ փոխել։ Այս է պատճառը, որ ինք կը պահանջէ, որ խաղաղութեան պայմանագրի թէկուզ միայն համաձայնեցուած կէտերը անմիջապէս ստորագրուին։ Որովհետեւ, անոնց ստորագրումով ստեղծուելիք նոր իրավիճակին մէջ մնացեալ անլուծելի խնդիրներուն հարթուիլը շատ աւելի դիւրին կրնայ դառնալ։
Վարչապետ Փաշինեանի մասնակցութեամբ երէկ կազմակերպուած առաջին նիստէն վերջ, գագաթաժողովի ծրագիրը շարունակուեցաւ՝ Հայաստանի Սփիւռքի յանձնակատար Զարեհ Սինանեանին հետ նոյն ձեւաչափով կազմակերպուած հանդիպումով մը։ Օրուան երկրորդ կէսին արդէն զանազան ձեւաչափերով քննարկումներ տեղի ունեցան՝ Հայաստանի ազգային անվտանգութեան հարցերուն շուրջ։ Այդ քննարկումներուն մասնակցեցան նաեւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Ընդհանրապէս, իր տեսակին մէջ երկրորդ այս գագաթաժողովը հնարաւորութիւն մը կը նկատուի Հայաստանի առկայ իրավիճակը աւելի լաւ պատկերացնելու եւ երկրին զանազան ոլորտներէ ներս թիրախային օժանդակութիւն ցուցաբերելու տեսակէտէ։ Այսօր աշխատանքային օրը կը շարունակուի՝ առաւել չափով տնտեսութեան բնագաւառի վրայ շեշտը դնելով։ Հայաստանի կառավարութենէն վեց նախարարներ օրուան տեւողութեան զանազան նիւթերու շուրջ քննարկումներու կը մասնակցին։
Մինչ այդ, երէկուան աշխատանքային օրուան աւարտին գագաթաժողովի մասնակիցներուն տեսակէտէ բացառիկ վայելք մը եղաւ՝ Երեւանի «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրին մէջ կազմակերպուած համերգը։ Հայաստանի Պետական սեմֆոնիք նուագախումբը գագաթաժողովի մասնակիցներուն համար հանդէս եկաւ՝ մաէսթրօ Սերկէյ Սմբատեանի մականին ներքեւ։ Իսկապէս փառաշուք երեկոյթ մըն էր այս մէկը, որու բոլոր մասնակիցները խորապէս տպաւորուած էին եւ որոտընդոստ ծափահարութիւններով ողջունեցին Հայաստանի Պետական սեմֆոնիք նուագախումբը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ