Խաչանեան

Պէ­յօղ­լուի մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին պա­տա­հած ա­հա­բեկ­չու­թեան հե­տե­ւան­քով վի­րա­ւո­րուած­նե­րու շար­քին կը գտնուի մեր հա­մայն­քէն Օք­սէն Խա­չա­նեան։ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի կայ­քէ­ջը Շա­բաթ անդ­րա­դար­ձաւ իր կա­ցու­թեան եւ հայ­կա­կան բազ­մա­թիւ լրաս­փիւռ­նե­րու մօտ ար­ձա­գանգ գտաւ իր պա­րա­գան։ Բա­րե­բախ­տա­բար, ներ­կա­յիս լաւ է Օք­սէն Խա­չա­նեա­նի ա­ռող­ջա­կան վի­ճա­կը։ Պայ­թու­մէն վերջ ան դար­ման­ման տակ առ­նուե­ցաւ Շիշ­լիի «Էթ­ֆալ» հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ, փլաս­թիք վի­րա­հա­տու­թեան բա­ժան­մուն­քին մօտ։ Օք­սէն Խա­չա­նեա­նի եղ­բօր՝ Ա­շոտ Խա­չա­նեա­նի եւ մօր՝ Ա­րաք­սի Խա­չա­նեա­նի կող­մէ մեր ստա­ցած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով՝ ներ­կա­յիս ան ա­պա­քին­ման շրջա­նը կ՚ան­ցը­նէ նա­խա­տե­սուած հու­նին մէջ։ Ե­րէ­կուան դրու­թեամբ դադ­րե­ցուած է շի­ճու­կի (սե­րում) մա­տա­կա­րա­րու­մը, իսկ սըրս-կում­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Օք­սէն Խա­չա­նեա­նի եր­կու թե­ւերն ալ ամ­բող­ջու­թեամբ գա­ճի մէջ էին շա­բա­թա­վեր­ջին։ Այս ա­ռա­ւօտ բժիշկ­նե­րը բա­ցած են գա­ճե­րը, ա­ռա­ջին դար­ման­ման ար­դիւն­քը ճշդե­լու հա­մար։ Իր ձախ ձեռ­քի եր­կու մատ­նե­րը չեն զգար այս պա­հուն։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ եր­կու թե­ւե­րը դար­ձեալ գա­ճի մէջ առ­նե­լու ստի­պո­ղու­թիւն կայ, մնա­ցեալ ա­մէն ինչ պի­տի ճշդուի շուրջ շա­բաթ մը վերջ։ Ա­րաք­սի Խա­չա­նեան մե­զի յայտ­նեց, թէ իր որդ­ւոյն ինք­նազ­գա­ցո­ղու­թիւ­նը լաւ է, տրա­մադ­րու­թիւնն ալ յա­րա­բե­րա­բար ա­ւե­լի բարձր։

Ա­շոտ Խա­չա­նեան մե­զի յայտ­նեց, թէ պայ­թու­մը պա­տա­հած է 40-ա­մեայ Օք­սէն Խա­չա­նեա­նի գտնուած կէ­տէն հա­զիւ քսան քայլ հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ։ Օք­սէն Խա­չա­նեան Պէ­շիկ­թա­շի մէջ կ՚աշ­խա­տի «Քէօս­թե­պէք» հաս­տա­տու­թեան մօտ եւ Շա­բաթ ա­ռա­ւօտ Պէ­յօղ­լու գա­ցած էր՝ գնե­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ ապ­րանք­ներ եւ հի­մունք­ներ։

Ա­րագ ա­պա­քի­նում եւ կա­տա­րեալ ա­ռող­ջու­թիւն կը մաղ­թենք Օք­սէն Խա­չա­նեա­նին։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երկուշաբթի, Մարտ 21, 2016