ՈՒ ՎԵՐՋԱՊԷՍ ՏՈՒՆԴԱՐՁ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի «Նա­զար Շի­րի­նօղ­լու» սրա­հին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ խորհր­դակ­ցու­թիւն մը, «Քամփ Ար­մէն»ի հար­ցին շուրջ։ Ա­միս­ներ տե­ւած աղմ­կա­լի գոր­ծըն­թա­ցէ մը վերջ «Քամփ Ար­մէն»ի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը վե­րա­դար­ձուե­ցաւ Կէ­տիկ­փա­շա­յի Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ, իսկ ե­րէ­կուան հա­ւա­քոյ­թը յատ­կան­շա­կան էր այն ա­ռու­մով, որ այդ ամ­բողջ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նէն վերջ խնդի­րը ա­ռա­ջին ան­գամ քննար­կուե­ցաւ հա­մայն­քա­յին եր­դի­քի մը տակ։ Սա ձե­ւով մը «Քամփ Ար­մէն»ի թղթած­րա­րի վեր­ջա­պէս տուն­դար­ձի հանգ­րուա­նը ըլ­լար կար­ծես։ Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին ներ­կա­նե­րը կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ ու­նե­ցան ա­պա­գա­յի հա­մար մշա­կուե­լիք ծրագ­րե­րու հե­ռան­կար­նե­րով, մինչ ա­նոնց նկա­տառ­ման յանձ­նուե­ցաւ նաեւ կարգ մը նա­խագ­ծեր, ո­րոնք յղա­ցուած են ներ­կայ ո­րո­նում­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ։

Ե­րէ­կուան խորհր­դակ­ցու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պուած էր Կէ­տիկ­փա­շա­յի Հայ Ա­ւե­տա­րա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ, «Միտք» հար­թա­կին, «Հրանդ Տինք» հիմ­նար­կին եւ «Հայ­ճար»ի հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։ Այս չորս նա­խա­ձեռ­նարկ­նե­րուն իւ­րա­քան­չիւ­րին ա­նու­նով հնչե­ցին ե­լոյթ­ներ։ Կէ­տիկ­փա­շա­յի Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ ա­նու­նով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ վե­րա­պա­տուե­լի Գրի­գոր Ա­ղա­պա­լօղ­լու, «Միտք» հար­թա­կին կող­մէ՝ Յա­րութ Էօ­զէր, «Հրանդ Տինք» հիմ­նար­կին կող­մէ՝ Զէյ­նէփ Թաշ­քըն եւ «Հայ­ճար»ի ա­նու­նով՝ Նա­զար Պի­նաթ­լը։

Ձեռ­նար­կի տե­ւո­ղու­թեան պար­քո­վի­զիո­նի ցու­ցադ­րու­թիւ­նով մը ներ­կա­յա­ցուե­ցան տե­սո­ղա­կան բազ­մա­կող­մա­նի ա­ռար­կա­ներ։ Ճամ­բա­րի հին շրջան­նե­րէն դրուագ­նե­րէ սկսեալ, մին­չեւ ա­պա­գա­յի ուղ­ղեալ մտայ­ղա­ցում­նե­րու նա­խագ­ծեր՝ մաս­նա­կից­նե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցան ի­րենց մօ­տե­ցում­նե­րը հա­սունց­նե­լու այդ ցու­ցադ­րու­թիւն­նե­րով։

Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին ա­ռա­ւել չա­փով կանգ առ­նուե­ցաւ այն վար­կա­ծին վրայ, որ «Քամփ Ար­մէն»ը նոր շէն­քով մը պէտք է դար­ձեալ օգ­տա­գոր­ծուի որ­պէս ճամ­բար ու մեր ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը պէտք է շա­հի այդ մէ­կը։ Յա­մե­նայն­դէպս շեշ­տուե­ցաւ, թէ ո­րե­ւէ յստակ ո­րո­շում առ­նուած չէ այս մա­սին։ Ե­րե­կոյ­թի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը յայտ­նե­ցին նաեւ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն՝ որ­պէս­զի հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն հետ կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­նե­րով հա­սունց­նեն «Քամփ Ար­մէն»ի ճա­կա­տագ­րին վե­րա­բե­րեալ ծրագ­րե­րը։

Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան «Քամփ Ար­մէն»ի հար­ցը ա­ռա­ջին ան­գամ ար­ծար­ծուե­ցաւ հա­մայն­քա­յին եր­դի­քի մը ներ­քեւ՝ մենք այ­սօր այս սիւ­նա­կին մէջ կը բա­ւա­րա­րուինք անդ­րա­դառ­նա­լով տար­րա­կան տե­ղե­կա­տուու­թեան։ Վա­ղը այս սիւ­նա­կին մէջ պի­տի շա­րու­նա­կենք նոյն հար­ցին վրայ կանգ առ­նել՝ անց­նող ա­միս­նե­րու գոր­ծըն­թա­ցին վե­րա­բե­րեալ խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րով։

Ա­ՐԱ ԳՕ­ՉՈՒ­ՆԵԱՆ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 21, 2016