Տարուան մը հաշուեկշիռը - Ա
Այս սիւնակին մէջ երէկ անդրադարձած էինք Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ նախընթաց երեկոյեան կազմակերպուած «Քամփ Արմէն»ի վերաբերեալ քննարկման։ Շուրջ մէկ տարուան ոդիսականի մը շրջադարձային կէտերէն մին էր այդ հաւաքոյթը։ Արդարեւ, «Քամփ Արմէն»ի հարցը առաջին անգամ համայնքային երդիքի մը տակ արծարծուեցաւ, բնականաբար, վերջապէս... Ընթացքին նախընտրած էինք լուռ մնալ՝ ի նշան մեր անհանգստութեան ու քիչ մըն ալ բողոքին։ Այս համայնքի նման կենսական հարցերէն մէկուն հետեւելու համար դատապարտուա՞ծ էինք ուրիշ աղբիւրներու հետեւիլ։ Մինչեւ այսօր քամփին պաշտօնական պատասխանատուները չեն զիջանած համայնքային մամուլը ուղղակի լուսաբանել։
Շուրջ տարի մը առաջ «Քամփ Արմէն»ի չսպիացած վէրքին գծով ապ-րըւեցաւ զգայացունց իրադարձութիւն մը։ Սեփականութեան իրաւունքը բո՛ւն տիրոջմէն՝ Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական եկեղեցիէն վաղուց առնուած այս ճամբարին շէնքը պիտի քանդուէր։ Նման որոշում մը առնուած էր ճամբարի նոր տիրոջ կողմէ։ Այդ կէտին վրայ ապրուեցաւ բեկումնային պահ մը։ Մեր համայնքէն ներս բարձրացաւ պոռթկումի ալիք մը, որուն միացան նաեւ լայն հասարակութենէն զանազան շրջանակներ։ Եթէ փորձենք անցեալ շուրջ մէկ տարուան հաշուեկշիռը ընել, ապա պէտք է որպէս մեկնակէտ ընդունիլ այդ պոռթկումը։ Ուշագրաւ էր, որ առաջին իսկ պահէն բեմահարթակի վրայ կային մեր համայնքէն զանազան հասարակական խմբաւորումներ. օրինակ՝ «Միտք» հարթակ, «Նոր Զարթօնք», եւայլն։ Անշուշտ իրենց ստեղծած շարժումը զգայնութեան մը ցոլացումն էր, սակայն ուշագրաւ էր նաեւ Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ բացակայութիւնը։ Այդ եկեղեցին այսօր կը խորհրդանշուի Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուի անձին մէջ։ Այս վերջինը գործընթացին մէջ մինչեւ հիմա գրեթէ երբեք հանդէս չեկաւ։
Ընթացքին շրջանառութեան մէջ մտան զանազան հարցականներ։ Համայնքային շրջանակները կը հետաքրքրուէին, թէ Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական եկեղեցին վերջին տարիներու բարեփոխումներու մթնոլորտին մէջ ինչո՞ւ պաշտօնական նախաձեռնութիւն մը չէր կատարած՝ ճամբարին սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու համար։ Հնարաւոր չէ՞ր… Ոմանք կ՚ըսէին, թէ եկեղեցին անհրաժեշտ միջոցները չունէր։ Այդ վարկածն ալ կը ծնէր ուրիշ հարցական մը։ Ինչո՞ւ եկեղեցին նման առանցքային հարցի մը շուրջ գոնէ չէր փորձած դիմել համայնքային շրջանակներու զօրակցութեան։ Այս հարցականները կը մնան անպատասխան։
Վերադառնալով գործընթացին, «Քամփ Արմէն»ի վերաբերեալ պոռթկումը ծագեցաւ, երբ արդէն շուտով վրայ պիտի հասնէին 7 Յունիս 2015-ի ընտրութիւնները։ Նախընտրական պայմաններով, քամփը թատերաբեմը հանդիսացաւ աժան քարոզչութեան։ Ընթացքին, պատահեցան նաեւ կարգ մը բռնութիւններ կամ ընդհարումներ։ Արդարեւ, ճամբարին համար ձեռնարկուած դիմադրութեան շրջագծով այնտեղ սկսած էր հերթապահութիւն, ներառեալ գիշերները։ Ճամբարի մէջ գիշերողները ենթարկուեցան յարձակման։ Հանրային կարծիքին մօտ ընդհարումի մը տպաւորութիւնը ստեղծուեցաւ, ինչ որ բնականաբար բաղձալի երեւոյթ մը չէր։
Բաւական ամբոխավարական այս մթնոլորտին մէջ առանցքային դրական գործօնն էր աքթիւիստներու զգայնութիւնը, որու խթանով իշխանութիւնները նոյնպէս դրական լուծում մը ապահովեցին հարցման։ «Քամփ Արմէն»ի սեփականութեան իրաւունքը վերադարձուեցաւ Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ՝ բո՛ւն տիրոջը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ