Տարուան մը հաշուեկշիռը - Բ
«Քամփ Արմէն»ի սեփականութեան իրաւունքին Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ վերադարձուիլը հիմնական շօշափելի արդիւնքն է շուրջ մէկ տարուան այս աղմկալի գործընթացին մէջ։ Սա եղաւ կառավարութեան միջամտութեամբ։ Անոնք, որոնք քիչ թէ շատ ծանօթ են իրադարձութիւններուն, կը գիտակցին՝ թէ երեսփոխան Մարգար Էսաեան ունեցած է կարեւոր դերակատարութիւն մը։
Այս արդիւնքը բնորոշեց գործընթացի բեկումնային պահը։ Մինչ այդ մղուած պայքարը, որոշ չափով, ընթացաւ խուճապի մը, պոռթկումի մը մթնոլորտին մէջ, ինչ որ արձագանգ ստեղծեց նաեւ տեղական զանգուածային միջոցներուն մօտ։ Այդ հրատապ իրավիճակը եւ արդիւնքին կառավարութեան կողմէ կատարուած դրական միջամտութիւնը, վերջին հաշուով, կ՚արդարացնեն կատարուածները։ Բնականաբար, այդ գործընթացին մէջ ներգրաւուած շրջանակներու գործելաոճին ալ հարցաքննութիւնը այսօր արդէն աւելորդ կը համարուի՝ արձանագրուած յաջողութեան բերումով։ Այս բոլորով հանդերձ այժմէական կը մնայ այն հարցումը, թէ ո՛ւր է Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական եկեղեցին։ Այն հաստատութիւնը, որ այսօր տէրն է «Քամփ Արմէն»ին եւ այն հաստատութիւնը, որուն վերադարձուած է ճամբարին կալուածաթուղթը՝ սեփականութեան իրաւունքը։
Ֆէրիգիւղի մէջ կազմակերպուած վերջին քննարկումը նոր սկիզբ մը կը համարուի «Քամփ Արմէն»ի հարցին մէջ։ Եթէ ցարդ կատարուածները ապահովուած դրական արդիւնքին բերումով արդէն նուիրագործուած են, ապա անվիճելի է, որ յառաջիկային աւելի կատարելագործուած գործելաոճով, աւելի հիմնաւորուած մտայնութիւնով մը պէտք է յառաջ տանիլ այս գործընթացը։ Եւ այս ամբողջին մէջ պէտք է աւելի թափանցիկ գործունէութիւնով հանդէս գայ Հայ Աւետարանական եկեղեցին։ Ֆէրիգիւղի հաւաքոյթը կազմակերպուած էր չորս լծակներու կողմէ, որոնք էին՝ «Հայճար», «Միտք» հարթակը, «Հրանդ Տինք» հիմնարկը եւ Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական եկեղեցին։ Առաջին երեքը որքան որ ալ ողջունելի եւ նպատակասլաց գործունէութիւն մը ծաւալած ըլլան այս գործընթացին մէջ, որքան որ ալ վայելեն ընդհանուր համակրանք մը, այս գործին մէջ դժուար թէ հաւասար դասուին Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ։ Երկար տարիներ համայնքային իրականութենէն գրեթէ կտրուած մնալէ վերջ, անանտեսելի է, որ Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու վերջին շրջանին սկսած է վերստին համարկիլ մեր համայնքային կեանքին։ Ան նոյնիսկ հայախօսութեան նկատմամբ զգայնութեան տեղին պատգամներ կը փոխանցէ զանազան առիթներով եւ իր յամառ ջանքերով սորված հայերէնով կ՚արտայայտուի հրապարակային առիթներով։ Աղապալօղլու այս հանգրուանին պէտք է խորացնէ իր այդ համարկման ջանքերը։ Սա անհրաժեշտ նախապայման մըն է՝ «Քամփ Արմէն»ի ճակատագիրը նպատակասլաց ձեւով տնօրինելու եւ լայնախարիսխ խորհրդակցութիւններու հիման վրայ անոր համար երաշխաւորեալ հեռանկարներ ապահովելու տեսանկիւնէն։
«Քամփ Արմէն»ի սեփականութեան իրաւունքին վերադարձուիլը կը նշանակէ հսկայական հարստութեան մը համար որոնել ապագայ։ Սա մեծ պատասխանատուութիւն մըն է Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ տեսակէտէ։ Մինչեւ այսօր որդեգրուած գործելաոճը կրնայ ըլլալ, որ ի սէր կալուածաթուղթին համարուի արդարացեալ, սակայն եթէ նոյն ընթացքը շարունակուի, այս նոր իրավիճակին մէջ, կրնայ յառաջանալ համայնքը կատարուած իրողութեան մը առջեւ կանգնեցնելու տպաւորութիւնը։ Վերապատուելի Աղապալօղլու, որու անձին մէջ կը ներկայանայ Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական եկեղեցին, պէտք է աւելի հանդէս գայ բաց հանրային կարծիքին առջեւ եւ իր ծանր պատասխանատուութեան յարիր ձեւով։ Այո՛, կալուածաթուղթը թէեւ վերադարձուած է եկեղեցւոյ, բայց ո՞ւր է այսօր ճամբարին տէրը։ Գործընթացը ներկայիս այնպէս մը կը հունաւորուի, որ կարծես ճամբարը յստակ տէր մը, տիրական մը չունենար։ Հետեւաբար, հասարակական բոլոր լծակներու դերակատարութիւնը չանտեսելով, պայքարին նպաստած բոլոր կառոյցներուն նկատմամբ երախտագիտութեան մէջ չթերանալով եւ անոնց ապագայ աջակցութենէն չհրաժարելով հանդերձ, Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական եկեղեցին անհրաժեշտ է, որ այլեւս հանդէս գայ աւելի նախաձեռնող եւ աւելի պատասխանատու ձեւով։ Երեւակայեցէք, շուրջ տարիէ մը ի վեր, այսքան ճակատագրական իրադարձութիւններով հանդերձ, եկեղեցին չէ զիջանած նոյնիսկ պաշտօնական տարրական զեկոյց մը հրապարակել մեր մամուլին մէջ՝ լուսաբանելու համար մեր համայնքը։ Այսօր մարդիկ կը փորձեն շարժման անցընել այն նոյն համայնքը, որմէ Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական եկեղեցին զլացած է նուազագոյն պաշտօնական բացատրութիւնը։ Այս բոլորը մեղադրանքներ չեն։ Այս բոլորը չեն ըսուիր մարդոց եռանդը խանգարելու համար։ Բայց եւ այնպէս, այս բոլորը պէտք է հաշուի առնուին, որպէսզի գործընթացը շարունակուի աւելի առողջ հունի մը մէջ։ «Քամփ Արմէն»ի պարագային անտիրութեան տպաւորութիւն մը պէտք չէ ստեղծուի։
Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական եկեղեցին պէտք է յստակ ձեւով յայտարարէ, թէ ինչ կը նախատեսէ ճամբարի տարածքի ապագային համար։ Այդ տարածքը դարձեալ որպէս ճամբա՞ր պիտի օգտագործուի։ Եթէ այո, ապա մասա՞մբ, թէ ամբողջութեամբ։ Եթէ պիտի ըլլայ մասամբ, ապա մնացեալ բաժինը ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Իսկ եթէ ոչ, տարածքը ի՞նչ նպատակի պիտի ծառայէ եւ ի՞նչ հիմնաւորումով։ Եթէ այնտեղ շինարարութիւններ պիտի կատարուին, ապա ո՞ր գործընկերներով եւ ո՞ր ընկերութիւններով պիտի ձեռնարկուի այդ գործին։ Հանրային կարծիքը պէտք է լուսաբանուի նաեւ, թէ ի՞նչ նախընտրութիւններով կ՚ընտրուին այդ գործընկերները կամ ընկերութիւնները։ Այս բոլորը զուտ կասկածամտութիւններու կամ անվստահութիւններու ձեւով պէտք չէ ընկալուին։ «Քամփ Արմէն»ի համար մղուած պայքարի երկարաժամկէտ արժեւորման եւ նուիրագործման տեսակէտէ անհրաժեշտ գործելաոճը պէտք է ըլլայ այս մէկը։
Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական եկեղեցին ողջունելի քայլ մը կ՚առնէ՝ ժողովրդական խաւերու տրամադրութիւնը շօշափելով «Քամփ Արմէն»ի ապագային շուրջ։ Սա իսկապէս ողջունելի է, սակայն այդ պատրաստակամութիւնը չի նշանակեր, որ եկեղեցին ինքն ալ՝ որպէս ճամբարին սեփականատէրը, աշխատի այդ որոնումներուն հետ համաքայլ։ Ճիշդ է, որ ականջ պէտք է տալ ժողովուրդի սպասումներուն, ճիշդ է, որ համայնքի կարիքները հաշուի առնելով պէտք է առաջնորդուիլ, սակայն ի վերջոյ Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական եկեղեցին նախ եւ առաջ պէտք է յստակ ձեւով համայնքը տեղեակ պահէ, թէ գոնէ սկզբունքօրէն ի՞նչ տեսլական ունի «Քամփ Արմէն»ի ապագային համար։
Վերապատուելի Աղապալօղլուին կը վիճակի ծանր պատասխանատուութիւն, որովհետեւ ան պէտք է կառավարէ բարդ հաւասարակշռութիւններով գործընթաց մը եւ այդ գործընթացը անխուսափելիօրէն կ՚ենթադրէ շարք մը քայլեր, որոնց ծանրութիւնը ուրիշներու հետ չի կրնար բաժնել Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական եկեղեցին։
Կը մաղթենք, որ այս ճակատագրական գործընթացին մէջ չյառաջանան յուսախաբութիւններ եւ «Քամփ Արմէն»ի ապագան ըլլայ թէ՛ փայլուն եւ թէ օրինակելի։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
- ՎԵՐՋ -