Չորեքշաբթի 27, Նոյեմբեր 2024
ՍՈՒՐԲԵՐՈՒՆ ՀԵՏ…
Համայն հայութեան հաւաքական էութիւնը ալեկոծած է այսօր դարձեալ։ Մեծ Եղեռնի 100-րդ տարելիցն է։ Հայոց ի նպաստ զօրակցութեան խորհրդանշական դրսեւորումը եղան երէկ բոլոր ցամաքամասերուն մէջ հնչած կոչնակները։ Խաղաղ զօրակցութիւն։
Հայերը այսօր գլուխ գլուխի են իրենց սուրբերուն հետ։ Հայ Եկեղեցին երէկուան սրբադասումով հաւասարակշռուած եւ ծանրակշիռ քայլ մը առաւ նահատակները պատմութեան մէջ դիրքաւորելու իմաստով։
2015-ի ոգեկոչումները այս առումով կ՚իրականացուին այնպիսի մթնոլորտի մը մէջ, ուր առաւելագոյնս կը համընկնին զգացականութիւն ու տրամաբանութիւնը՝ դէպի ապագայ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Ուրբաթ, Ապրիլ 24, 2015