ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան այ­սօր կէ­սօ­րուան ժա­մե­րուն Գում­գա­բու հրա­ւի­րեց խումբ մը ազ­գա­յին­ներ։ Երբ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան առ­կայ ա­նե­լին վե­րա­բե­րեալ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը հրա­տապ ձե­ւով կը զբա­ղեց­նեն թրքա­հա­յու­թեան օ­րա­կար­գը, հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն ու­շադ­րու­թիւ­նը լա­րուած է Պատ­րիար­քա­րա­նի այս հան­դիպ­ման վրայ։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին շուրջ առ­կայ տագ­նա­պի մթնո­լոր­տին մէջ վեր­ջին օ­րե­րուն կլի­մա­յի փո­փո­խու­թիւն մը տե­ղի ու­նե­ցաւ, երբ պե­տա­կան շրջա­նակ­նե­րէն սկսան հաս­նիլ պատ­րաս­տա­կամ պատ­գամ­ներ՝ Ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նի հան­գա­ման­քի ճա­նաչ­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Ուս­տի, չի բա­ցա­ռուիր նաեւ Պատ­րիար­քա­րա­նէն ներս հեր­թի փո­փո­խու­թիւն մը։

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի տնօ­րի­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած տե­սակ­ցու­թիւ­նը կէ­սօ­րուան ժա­մե­րուն Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ կը հա­մախմ­բէ սահ­մա­նա­փակ թի­ւով ազ­դու ազ­գա­յին­նե­րու խումբ մը։

Ե­րէկ, յետ­մի­ջօ­րէին, Պատ­րիար­քա­րա­նի դի­ւա­նէն թեր­թիս խմբագ­րու­թեան տե­ղե­կու­թիւն փո­խան­ցուե­ցաւ այս հա­ւա­քին շուրջ, սա­կայն ո­րե­ւէ ման­րա­մաս­նու­թիւն չհա­ղոր­դուե­ցաւ օ­րա­կար­գի կամ նա­խա­տե­սուած քննարկ­ման օ­րա­կար­գին շուրջ։ Պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան առ­կա­խեալ գոր­ծըն­թա­ցի ներ­կայ նուրբ փու­լին ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դը փա­փա­քած է խորհրդակ­ցու­թիւն մը ու­նե­նալ խումբ մը հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­նե­րու հետ։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ կապ հաս­տա­տե­ցինք Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի հետ, որ հաս­տա­տեց, թէ իր նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած է խորհր­դակ­ցու­թիւ­նը։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը յար­մար չդա­տեց օ­րա­կար­գա­յին ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու մէջ խո­րա­նա­լը եւ մեզ­մէ խնդրեց՝ ըմբռ­նու­մով մօ­տե­նալ այդ նա­խընտ­րու­թեան նկատ­մամբ։ «Խորհր­դակ­ցու­թեան հրա­ւի­ր-ւած ազ­գա­յին­նե­րուն նկատ­մամբ մեր յար­գան­քը մե­զ զերծ կը պա­հէ՝ մեր քննար­կում­նե­րը կան­խել մամ­լոյ հրա­պա­րա­կում­նե­րով», ը­սաւ ան։

Ըստ մեր ստա­ցած ան­պաշ­տօն տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն, Պատ­րիար­քա­րան հրա­ւի­րուե­ցան՝ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու, բազ­մա­մեայ բա­րե­րար Ա­րէտ Եր­կա­նեան, Գարա­կէօ­զեան Տան խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ, մեր փոր­ձա­ռու ազ­գա­յին­նե­րէն Մել­քոն Քա­րա­քէօ­սէ, Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մա­նուկ Էօ­ղէր, Ս. Աս­տուա­ծա­ծին Ա­թո­ռա­նիստ մայր ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Հրանդ Մոս­կո­ֆեան, ինչ­պէս նաեւ հա­յա­տառ օ­րա­թեր­թե­րու գլխա­ւոր խմբա­գիր­նե­րը։

Ըստ Գում­գա­բուէն հա­սած ան­պաշ­տօն լսում­նե­րուն, Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան վեր­ջին օ­րե­րուն թափ տուած է իր ջան­քե­րուն՝ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցի առ­կայ տագ­նա­պի յաղ­թա­հար­ման նպա­տա­կով։ Հա­շուի առ­նե­լով, որ ա­ւե­լի քան ա­միս մը ան­ցած է 16 Ապ­րիլ 2017 թուա­կա­նի հան­րա­քուէէն ի վեր՝ ան այս ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի սպա­սու­մը բաւ հա­մա­րած է ա­պա­ցու­ցա­նե­լու հա­մար, թէ մեր հա­մայն­քը կը յար­գէ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կամ­քը։ Ար­դա­րեւ, ուղ­ղա­կիօ­րէն Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղան յի­շեալ ժամ­կէ­տը սահ­մա­նած էր տա­րե­մու­տին Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուի հետ տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին եւ իր այդ պատ­գա­մը հա­սած՝ մեր հա­մայն­քին։ Հա­մո­զուած ըլ­լա­լով, որ այդ ժամ­կէ­տը եւ ա­նով խորհր­դան­շուած կամ­քը ար­դէն յար­գուած է ան­հեր­քե­լիօ­րէն՝ ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դը շարժ­ման ան­ցած է վեր­ջին շրջա­նին։ Այդ ջան­քե­րը գոր­ծադ­րուած են՝ ա­ռանց հրա­պա­րակ­ման։ Ըստ նոյն ան­պաշ­տօն աղ­բիւր­նե­րուն, Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան դի­տար­կած է, որ իր ա­ռած քայ­լե­րը հան­րա­յին կար­ծի­քին կը ներ­կա­յա­ցուին կան­խա­կալ կար­ծիք­նե­րով։ Իր ընդ­դի­մա­խօս­նե­րը բո­լոր տե­սա­կի ջան­քե­րը կը նեն­գա­փո­խեն՝ պնդե­լով, որ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան կ­­՚աշ­խա­տի ո՛չ թէ ընտ­րու­թեան հար­ցը լու­ծե­լու, այլ իր տե­ղը ամ­րապն­դե­լու հա­մար։ Հե­տե­ւա­բար, այդ ա­ղա­ւա­ղում­նե­րէն եւ ա­նոնց հե­տե­ւանք­նե­րէն զերծ մնա­լու հա­մար՝ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը աշ­խա­տած է լռու­թեամբ, մինչ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուն ալ, իր հեր­թին, զու­գա­հե­ռա­բար աշ­խա­տանք կը տա­նի յա­րա­բե­րա­բար ա­ւե­լի հրա­պա­րա­կա­յին ձե­ւով։ Շատ հա­ւա­նա­կան է, որ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան այ­սօր այդ բո­լո­րին ար­դիւն­քը բաժ­նէ խորհր­դակ­ցու­թեան հրա­ւի­րուած հա­մայն­քա­յին գոր­ծիչ­նե­րուն հետ։ Դժուար չէ կռա­հել, թէ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան եւ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուի մի­ջեւ շփում­ներն ալ սեր­տա­ցած են վեր­ջին օ­րե­րուն։ Ըստ ե­րե­ւոյ­թին, ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դին մօտ ձե­ւա­ւո­րուած է այն հա­մո­զու­մը, թէ պա­հը այ­լեւս հա­սուն­ցած է՝ Պատ­րիար­քա­րա­նի ղե­կը յանձ­նե­լու հա­մար Ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նին, որ ներ­կա­յիս կը գտնուի Քէօլն։ Ան­շուշտ, որ­քան որ ալ տրա­մա­բա­նա­կան կամ հա­ւա­նա­կան ըլ­լալ թուի՝ այս վար­կա­ծը վերջ­նա­կա­նօ­րէն հաս­տա­տել, բուն բա­նա­ձե­ւու­մը գտնել կա­րե­լի կ­­՚ըլ­լայ Պատ­րիար­քա­րա­նի այ­-սօրուան ժո­ղո­վէն վերջ։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ մեր մա­մու­լի խմբա­գիր­ներն ալ հրա­ւի­րուած են այս խորհր­դակ­ցու­թեան՝ դժուար չէ են­թադ­րել, թէ ամ­բող­ջու­թեամբ դռնփակ ձե­ւա­չափ մը չկայ եւ շատ հա­ւա­նա­կան են հրա­պա­րա­կում­նե­րը։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մայիս 24, 2017