ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ԴԱՏԱԿԱՆ ՀԱՅՑԻՆ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄԸ՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄՕՏ ՑԱՐԴ ՍՏԵՂԾԱԾ ԱՐՁԱԳԱՆԳԻՆ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ

Սի­սի եր­բեմ­նի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի տա­րած­քի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը վե­րա­դարձ­նե­լու ուղ­ղեալ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան դա­տա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը զու­գա­դի­պած է 2015-ի ո­գե­կո­չում­նե­րու շրջա­նին։ Բնա­կա­նա­բար, ժամ­կէ­տը պա­տա­հա­կան չէ։ Ան­թի­լիաս գոր­ծած է կան­խամ­տա­ծուած ձե­ւով, որ­պէս­զի Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նին մօտ կա­տա­րուե­լիք դի­մու­մը հա­մընկ­նի Մեծ ե­ղեռ­նի 100-րդ տա­րե­լի­ցին հետ։ Ակն­յայտ է, որ այս քայ­լին են­թա­գե­տի­նը պատ­րաս­տե­լու հա­մար տա­րուած է նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք։ Դա­տե­լով Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի Փա­րի­զի մէջ ու­նե­ցած վեր­ջին ե­լոյ­թէն՝ այդ ծի­րէն ներս կ՚ա­ռանձ­նա­նայ 2012 թուա­կա­նին Ան­թի­լիա­սի կազ­մա­կեր­պած ի­րա­ւա­բան­նե­րու մի­ջազ­գա­յին խորհր­դա­ժո­ղո­վը։

Թէ ինչ­պէ՞ս կ՚ըն­կա­լուի այժ­մու դա­տա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը հայ ի­րա­կա­նու­թեան կող­մէ. դժուար է պա­տաս­խա­նել միան­շա­նակ։ Առ­կայ հա­մայ­նա­պատ­կե­րը կ՚առ­թէ բա­ւա­կան եր­կա­կի տպա­ւո­րու­թիւն­ներ՝ ա­ռա­ջին հա­յեաց­քով։ Մէկ կող­մէ, Ան­թի­լիաս ա­ռած է լրիւ ինք­նու­րոյն քայլ մը, իսկ միւս կող­մէ կը ջա­նայ ա­պա­հո­վել լայ­նա­խա­րիսխ ա­ջակ­ցու­թիւն։ Մէկ կո­ղմէ ան կը շեշ­տադ­րէ այս քայ­լին ընդ­հան­րա­կան ի­մաս­տը, իսկ միւս կող­մէ զայն կը վե­րա­պա­հէ մի­միայն ինք­զին­քին՝ ա­պա­հո­վա­բար հա­ւա­նա­կան ձեռք­բե­րում­ներն ալ ինք­զին­քին վե­րագ­րե­լու հա­մար։ Ուս­տի, կ՚ար­ժէ նախ կշռա­դա­տել ար­ձա­գանգ­նե­րը։

Հայ­կա­կան աշ­խար­հէն ներս ցարդ շատ սահ­մա­նա­փակ ար­ձա­գանգ մը ու­նե­ցած է Ան­թի­լիա­սի այս դա­տա­կան դի­մու­մը։ Բո­լո­րը կար­ծես կը նա­խընտ­րեն այն­պէս ձե­ւաց­նել, թէ բնա­կա­նա­բար ա­ջակ­ցե­լէ զատ բան մը չեն կրնար ը­նել, սա­կայն միեւ­նոյն ժա­մա­նակ զերծ կը մնան այն­պի­սի քայ­լե­րէ, ո­րոնք կրնան պար­տադ­րանք­ներ յա­ռա­ջաց­նել ի­րենց հա­մար։ Պարզ է, որ այս­տեղ կը պակ­սին շօ­շա­փե­լի փաս­տե­րը ու մենք սա կ՚ար­ձա­նագ­րենք հա­մա­պա­տաս­խան վե­րա­պա­հու­թեամբ։

Ե­րե­ւա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ ցայ­սօր վե­րա­բեր­մունք մը չէ ար­տա­յայ-տըւած, բա­ցի Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի ար­տա­սա­նած մէկ նա­խա­դա­սու­թե­նէն։ Ան­ցեալ աշ­նան, Հա­մա­հայ­կա­կան խորհր­դա­ժո­ղո­վին ժա­մա­նակ, Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սին կողմ­է կա­տա­րուած ա­ռա­ջին յայ­տա­րա­րու­թե­նէն ան­մի­ջա­պէս վերջ, Նալ­պան­տեան այդ մէկ նա­խա­դա­սու­թիւ­նը ար­տա­սա­նած էր՝ մեր իսկ հարց­ման ի պա­տաս­խան։ Բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք շնչե­ցին այդ հա­ւա­քոյ­թին մթնո­լոր­տը, զգա­ցին՝ թէ ժխտա­կան ո­չինչ ը­սե­լով հան­դերձ, նա­խա­րա­րին ո­ճը եւ չա­փա­զանց ամ­փոփ բա­նա­ձե­ւու­մը ան­կա­րե­լի էր վե­րագ­րել միա-ն­ըշա­նակ մօ­տեց­ման։ Իսկ այս վեր­ջին շա­բաթ­նե­րուն, Հա­յաս­տա­նի կարգ մը իշ­խա­նա­մէտ կայ­քէ­ջե­րուն վրայ կը յայտ­նուին մաս­նա­գի­տա­կան կար­ծիք­ներ, ո­րոնց մէջ թէեւ ուղ­ղա­կի վե­րա­պա­հու­թիւն մը չի յայտ­նուիր, սա­կայն Ան­թի­լիա­սի ա­ռած քայ­լը կ՚ո­րա­կուի «ռիս­քա­յին»։ Սեղմ շրջա­նակ­նե­րու մէջ կան նաեւ միշտ ան­պաշ­տօն լսում­ներ, ըստ ո­րոնց Հայ յե­ղա­փո­խա­կան դաշ­նակ­ցու­թիւնն (ՀՅԴ) ալ այդ­քան եր­ջա­նիկ չէ Ե­րե­ւա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան դիր­քո­րո­շու­մով, թէ­կուզ այս մա­սին ո­չինչ կը բարձ­րա­ձայ­նուի։ Մեկ­նա­բան­նե­րը հա­կուած ըլ­լալ կը թուին խնդրին այս ծալ­քը ա­նու­շադ­րու­թեան չմատ­նե­լու, ո­րով­հե­տեւ հա­ւա­նա­կան կը նկա­տուի յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին ՀՅԴ­-ի մաս­նա­կից դառ­նա­լը՝ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան, նոր հա­մա­խո­հա­կան իշ­խա­նու­թեան մը ձե­ւա­ւո­րու­մով։

Ե­կե­ղե­ցա­կան գետ­նի վրայ ալ, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, վի­ճա­կը տար­բեր չէ էա­պէս։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը մաս­նա­ւոր ազ­դան­շան մը չի տար՝ հե­ռան­կա­րա­յին վառ սպա­սում­նե­րու տե­սան­կիւ­նէն։ Քա­հա­նայ հայր մը ցարդ խօ­սած է այս մա­սին, ոչ ա­ւե­լի բարձ­րաս­տի­ճան ե­կե­ղե­ցա­կան մը։ Ա­ռանց Ան­թի­լիա­սի քայ­լի ուղ­ղա­կի մեկ­նա­բա­նու­թեան, նշուած է, որ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծինն ալ կրնա՛յ առ­նել նման քայլ մը։ Սկզբուն­քօ­րէն այդ ի­րա­ւուն­քը ինք­զին­քին վե­րա­պա­հե­լով հան­դերձ, գործ­նա­կան գետ­նի վրայ այս պա­հու դրու­թեամբ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծի­նը կը գտնուի Ան­թի­լիա­սի բաղ­դատ­մամբ ա­ւե­լի տար­բեր գետ­նի մը վրայ։

Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թոռն ալ պաշ­տօ­նա­պէս քար լռու­թիւն կը պա­հէ Ան­թի­լիա­սի դի­մու­մին շուրջ, հա­կա­ռակ ա­նոր, որ հար­ցը կը վե­րա­բե­րի ուղ­ղա­կիօ­րէն Թուր­քիոյ եւ իր հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րու ծի­րին։ Պատ­րիար­քա­րա­նի այս քար լռու­թիւ­նը, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, ան­տար­բե­րու­թե­նէ ա­ւե­լի վե­րա­պա­հու­թեան, նոյ­նիսկ ան­հանգս­տու­թեան մը ազ­դան­շանն է։ Ար­դա­րեւ, ան­մի­ջա­կան խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ձե­ւա­չա­փին մէջ, Գում­գա­բուի շրջա­նակ­նե­րը ցաւ կը յայտ­նեն, որ դա­տա­կան դի­մու­մը կա­տա­րե­լու ժա­մա­նակ Ան­թի­լիաս նոյ­նիսկ առ ի քա­ղա­քա­վա­րու­թիւն տե­ղեակ չէ պա­հած Պոլ­սոյ Ա­թո­ռը։ Մինչ­դեռ, խըն-դի­րը ար­դի պայ­ման­նե­րով ուղ­ղա­կիօ­րէն կ՚ա­ռըն­չուի Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի հո­գե­ւոր իշ­խա­նու­թեան սահ­ման­նե­րուն հետ եւ այս պատ­ճա­ռով յա­ռա­ջա­ցած ար­հա­մար­հան­քի տպա­ւո­րու­թիւ­նը յու­զած է Գում­գա­բուի շրջա­նակ­նե­րը։ Զուտ ներ­քին ի­մաս­տով, սա կու գայ ա­պա­ցու­ցա­նել նաեւ, թէ որ­քան ան­հե­ռա­տես էր մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին Մու­թա­ֆեան Պատ­րիար­քի տխուր «սի­րա­բա­նու­թիւ­նը» Ան­թի­լիա­սի հետ, մինչ ա­հա­ւա­սիկ ներ­կա­յիս ան­վա­րան ան­տե­սուած է Պոլ­սոյ Ա­թո­ռին հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը։

Ու­րեմն, այս ար­ձա­գանգ­նե­րուն լոյ­սին տակ նժա­րի վրայ է Կի­լի­կեան Ա­թո­ռին դա­տա­կան հայ­ցը։ Բայց եւ այն­պէս, խնդի­րը այս­քա­նով սահ­մա­նա­փա­կուած չէ եւ ու­նի զա­նա­զան ե­րե­սակ­ներ, ո­րոնք ա­ղերս ու­նին հայ­կա­կան աշ­խար­հի օ­րա­կար­գա­յին շարք մը նիւ­թե­րուն հետ։ Հար­ցի հա­մա­պար­փակ դի­տարկ­ման ի­մաս­տով անհ­րա­ժեշտ են նաեւ ա­նոնց շուրջ խորհր­դա­ծութիւն­նե­րը։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

(Շար. 2) 

Չորեքշաբթի, Յունիս 24, 2015