Երեւանեան վկայութիւն (3)

Ժողովրդական պոռթկումներու յաղթահարումը, ընկերային ցնցումներու դիմագրաւումը չափազանց կարեւոր են Հայաստանի ժողովրդավարութեան կայացման տեսակէտէ։ Երկրի բնակչութեան կարեւոր տոկոսը աղքատութեան, նոյնիսկ թշուառութեան մէջ կ՚ապրի։ Քիչ չեն նաեւ նուազագոյն կենսամակարդակէ զուրկ եղողները։ Գործազրկութիւնը հասած է աներեւակայելի համեմատութիւններու։ Արտագաղթի հարցը, արդէն իր հերթին։ Եւ այս բոլորի վրայ կու գան աւելնալ փտածութիւնը, պետական կառոյցներու նկատմամբ համատարած անվստահութիւնը, ապագային հանդէպ թերահաւատութիւնը։ Սա է ճշմարիտ պատկերը, որու դիմաց դարձեալ ծնաւ նոյն հարցումը. յեղափոխութի՞ւն Հայաստանի մէջ։ Հարցադրումը անխուսափելի էր, որովհետեւ նման իրավիճակէ մը յեղափոխութեան մը բխիլը ունի իր տրամաբանութիւնը։ Եւ այս անգամ եղաւ այդ յեղափոխութիւնը։ Հապա հիմա՞...

Հայաստանի պետութիւնը մարտա-հըրաւէրի մը, փորձութեան մը առջեւ է այսօր։ Ալեկոծած է հայոց մայրաքաղաքը։ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին ահազանգ կը հնչեցնէ հերթական անգամ։ Երեւանի հրապարակներուն, պողոտաներուն վրայ յառաջացած է ելեկտրականացած մթնոլորտ։ Կեանքը դուրս եկած է բնականոն հունէն։ Ի՞նչ է, դարձեալ հայու արի՞ւն պիտի հոսի հայոց մայրաքաղաքին մէջ։ Պիտի բախի՞ն դարձեալ հայ ցուցարարն ու հայ ոստիկանը։ Որո՞ւ պէտք է նման ողբերգութիւն, ի՞նչ հարց պիտի լուծուի այսպէսով։ Այս առաւօտեան դրութեամբ լարուած է դարձեալ մթնոլորտը։ Եւ այս անգամ եթէ ըլլան հետեւանքներ, առնուազն իշխանութեան չափ, եթէ ոչ աւելի, պատասխանատուութիւն պիտի կրէ ընդդիմութիւնը։ Ժողովուրդը փողոց դուրս բերած ուժերը յաջորդ քայլափոխին պէտք չէ սեփական առաւելապաշտութեամբ գործիք դարձնեն այդ նոյն ժողովուրդը։

Մարդկային պատմութեան մէջ, այո՛, պատահած են յեղափոխութիւններ, որոնց աւարտին եկած է վրայ հասնիլ թէ՛ լաւը եւ թէ վատը։ Սակայն, ճշմարտութիւնը այն է, որ յեղափոխութիւն մը առաջին քայլափոխին արկածախնդրութիւն է, որովհետեւ պահ մը անորոշ կ՚ըլլայ յաջորդ քայլափոխի կացութիւնը՝ որքան որ ալ շուտով վերադասաւորուին ուժերը։ Եւ ո՞վ կրնայ պնդել, որ այդ նոյնիսկ մէկ պահու, ակնթարթի մը անորոշութիւնը կրնայ ճակատագրական չըլլալ, չափազանց թանկ չարժել Հայաստանի տեսակէտէ։ Ժողովուրդին կեանքը բարելաւելու ուղղեալ յեղափոխականներու ջանքերը ռիսք չե՞ն ստեղծեր օտարի ձեռամբ այդ նոյն ժողովուրդի զոհաբերման, բնաջնջման։

Հասկնալի է, որ կեանքի ծանրածանր պայմաններուն բերումով դժուարութիւններու տակ ընկճուած զանգուածներու պարագային համբերութեան բաժակը յորդած է, մարդիկ հասած են տրամաբանելէ դադրելու եզրին։ Հապա՞ քաղաքական գործիչները... Երկրի մը մէջ ժողովրդավարութիւն կրնայ զարգանալ կամ պետականաշինութիւնը կրնայ ամրապնդուիլ թէ՛ իշխանութեան եւ թէ ընդդիմութեան համատեղ ջանքով։ Հայաստանի նման պայմաններու տէր երկրի մը մէջ իշխանութիւնը ծայր աստիճան մաշեցուցիչ է։ Վերջին տասնամեակներու փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ ընդդիմութիւնն ալ յաճախ յուսախաբութիւն կը պատճառէ ժողովուրդին։ Ուստի, շատ կարեւոր էր շաբաթավերջի պատկերը՝ թէժ իրավիճակի մէջ, հրատապ իրադրութեան պայմաններով պահ մը քով քովի նստան Սերժ Սարգսեանն ու Նիկոլ Փաշինեանը։ Հոգ չէ թէ հազիւ քանի մը վայրկեան, հոգ չէ թէ լարուած կամ ապարդիւն։ Առիթը թէեւ մսխուեցաւ, սակայն այդ դրուագին արժէքը կը մնայ բարձր։ Այդ դրուագը արժէք ունի՝ որքան որ ալ խաղէն դուրս եկած ըլլայ Սերժ Սարգսեան։ Այդ արժէքը կը բիւրեղանայ Նիկոլ Փաշինեանին վիճակած ծանր պատասխանատուութիւնով։

Խորքին մէջ, աշխարհի բոլոր երկիրները կը կառավարուին իրենց ունեցած միջոցներուն հետ ուղիղ համեմատութեամբ։ Անոնք իրենց քաղաքացիներուն համար կրնան ապահովել համապատասխան պայմաններ։ Հայաստանի պարագան ալ նոյնն է եւ ան ունի սահմանափակ միջոցներ, համեստ հնարաւորութիւններ։ Քաղաքականութեան տրամաբանութիւնը այն է, որ արդիւնաւէտ կառավարումով այդ միջոցները օգտագործուին նպատակասլաց, բաշխուին արդար ու չվերածուին ճակատագրի։

Հետեւաբար, այսօր առաջնահերթ հրամայական է, որ երկիրը խնայուի ծայրայեղութիւններէ։ Սա պիտի ապահովեն այլեւս թէ՛ իշխանութիւնը եւ թէ ընդդիմութիւնը։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 25, 2018