Երուսաղէմի պատրիարքը անցաւ քաղաքէս…

Ե­րու­սա­ղէ­մի պատ­րիար­քը այս վեր­ջերս ան­ցաւ քա­ղա­քէս։ Տ. Նուր­հան Արք. Մա­նու­կեա­նի այ­ցե­լու­թեան ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն մօտ։ Օ­րեր շա­րու­նակ անդ­րա­դար­ձանք իր ու­ղե­ւո­րու­թեան ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն՝ լսում­նե­րու կամ մե­զի փո­խան­ցուած ան­պաշ­տօն լու­րե­րու հի­ման վրայ։

Ե­րու­սա­ղէ­մի պատ­րիար­քը վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ջու­րի ճամ­բայ դար­ձու­ցած է Պո­լի­սը։ «Ան­պաշ­տօն», «մաս­նա­ւոր» այ­ցե­լու­թիւն­ներ կու տայ մեր քա­ղա­քը։ Այդ ա­ռեղ­ծուա­ծա­յին այ­ցե­լու­թիւն­նե­րուն եր­բեմն պա­տա­հա­բար տե­ղեակ կը դառ­նանք ու կ­­՚ար­ձա­գան­գենք ան­մի­ջա­պէս։ Հա­ւա­նա­կան է, բնա­կա­նա­բար, որ ըն­թաց­քին ե­ղած ըլ­լան այ­ցեր, ո­րոնք մեր ու­շադ­րու­թե­նէն սպրդած ըլ­լան։ Պատ­րիար­քը կը նա­խընտ­րէ միշտ մնալ մշուշ­նե­րու ե­տին։ Կը սի­րէ պա­հուը­տուք խա­ղալ։

Այս բո­լո­րը, կար­ծես, ար­դէն սո­վո­րա­կան դա­սուիլ սկսած էին, սա­կայն վեր­ջին այ­ցե­լու­թիւ­նը էա­պէս տար­բեր էր միւս­նե­րէն։ Նա­խորդ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու պա­րա­գա­յին միշտ կը պնդուէր, որ Տ. Նուր­հան Արք. Մա­նու­կեան կը զբա­ղի Սուրբ Ա­թո­ռի Թուր­քիոյ սահ­ման­նե­րու եր­բեմ­նի այն կա­լուած­նե­րով, ո­րոնց սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը վե­րա­ձեռք­բե­րե­լու հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը ու­նի՝ դա­տա­կան ճա­նա­պար­հով։ Մէկ կող­մէ կը շփուէր փաս­տա­բան­նե­րու հետ, իսկ միւս կող­մէ կը դե­գե­րէր պան­դոկ­նե­րու մուտ­քաս­րահ­նե­րուն մէջ։

Այս վեր­ջին այ­ցը, սա­կայն, տար­բեր էր նա­խորդ­նե­րէն, ինչ որ ու­նի եր­կու պատ­ճառ։ Ա­ռա­ջի­նը՝ պնդուե­ցաւ, որ պատ­րիար­քը կարճ այց մը տուած է Ան­գա­րա։ Երկ­րոր­դը՝ ան այ­ցե­լեց Օր­թա­գիւ­ղի ե­կե­ղե­ցին ու պնդուե­ցաւ, որ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը պի­տի օգ­նէ Սրբոց Յա­կո­բեանց վան­քին։ Այս եր­կու կէ­տե­րը ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձան հան­րա­յին կար­ծի­քին մօտ։ Պատ­րիար­քին քա­ղա­քիս բա­րե­կա­մա­կան շրջա­նակն ալ, որ ան­ցեա­լի մէջ եր­բեմն կը մի­ջամ­տէր՝ ա­մէն ին­չը բնա­կա­նոն հու­նի մը մէջ ձե­ւաց­նե­լու հա­մար, այս ան­գամ ընդ­հա­կա­ռակն՝ փոր­ձեց խո­րաց­նել պղտո­րու­թիւ­նը։ Ան­գա­րա այ­ցի պա­րա­գան թա­ղուե­ցաւ ստեղ­ծուած հար­ցա­կան­նե­րուն մէջ։ Շատ հե­տաքրք­րա­կան էր նաեւ Օր­թա­գիւ­ղի պա­րա­գան։ Մեծ ան­հանգս­տու­թիւն յա­ռա­ջա­ցաւ Օր­թա­գիւ­ղի մօտ օգ­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ լու­րե­րուն բե­րու­մով, վրայ հա­սաւ նաեւ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն բո­ղո­քը։ Այդ­քան ան­հանգս­տա­նա­լով հան­դերձ, լսում­նե­րը ան­հիմն ձե­ւաձ­նե­լու փոր­ձե­րով հան­դերձ, թա­ղա­յին խոր­հուր­դը խու­սա­փե­ցաւ հեր­քում մը տա­լէ։ Այս հա­կա­սու­թիւ­նը պատ­ճառ դար­ձաւ, որ հար­ցա­կան­նե­րը շա­րու­նա­կեն մնալ առ­կայ՝ հան­րա­յին կար­ծի­քին մօտ։ Նոյ­նիսկ Պատ­րիար­քա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րը չթաք­ցու­ցին ի­րենց զար­ման­քը այս մա­սին։ Ար­դա­րեւ, Պատ­րիար­քա­րա­նի պաշ­տօ­նա­կան վա­քըֆ մը չըլ­լա­լուն պատ­րուա­կով, Օր­թա­գիւղ չկա­մու­թիւն ցու­ցա­բե­րեր է ա­նոր օ­ժան­դա­կե­լու հա­մար, իսկ հի­մա ար­դէն պնդում մը յա­ռա­ջա­ցած է ար­տա­սահ­մա­նի ա­թո­ռի մը օ­ժան­դա­կե­լու մա­սին։ Թէ­կուզ լսում­նե­րը իս­կա­պէս ճիշդ չեն, սա­կայն շատ ա­ւե­լի հա­մո­զիչ ու հիմ­նա­ւո­րեալ ձեւ մը պի­տի ըլ­լար՝ պաշ­տօ­նա­կան լու­սա­բա­նու­թեան մը տրուի­լը։

Տ. Նուր­հան Արք. Մա­նու­կեա­նի այս վեր­ջին այ­ցը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ նաեւ մեր Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի վե­րա­բեր­մուն­քի բիւ­րե­ղաց­ման։ Գում­գա­բու սո­վո­րա­բար տե­ղեակ կ­­՚ըլ­լայ Ե­րու­սա­ղէ­մի պատ­րիար­քի նման ա­ռեղ­ծուա­ծա­յին այ­ցե­լու­թիւն­նե­րէն։ Պատ­րիար­քա­րա­նը քա­նիցս ան­հանգս­տու­թիւն յայտ­նած է այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու այս ձե­ւին շուրջ՝ մա­նա­ւանդ, որ Տ. Նուր­հան Արք. Մա­նու­կեան քա­ղաքս կու գար նոյ­նիսկ ա­ռանց սքե­մի մը։ Ան­շուշտ, միշտ ա­պար­դիւն։ Այս վեր­ջին այ­ցե­լու­թե­նէն ա­ռաջ Ե­րու­սա­ղէ­մի պատ­րիար­քը փա­փա­քած է դի­մա­ւո­րուիլ Հրա­շա­փա­ռի ա­րա­րո­ղու­թեամբ, սա­կայն Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի բա­ցա­կա­յու­թեան բե­րու­մով  նման կար­գադ­րու­թիւն մը չէ կա­տա­րուած։

Ու­րեմն այս­պէ­սով ամ­փո­փենք պատ­րիար­քի վեր­ջին այ­ցե­լու­թեան թղթած­րա­րը։ Մաղ­թենք յա­ջորդ այ­ցը ըլ­լայ ա­ւե­լի պատ­շաճ ու իր հան­գա­ման­քին յա­րիր։ Այս­պէ­սով ան պի­տի կա­րե­նայ նաեւ ժա­մա­նակ խնա­յել ու չզբա­ղիլ հե­տապն­դու­մով այն մարդ­կանց, ո­րոնց­մէ կը կաս­կա­ծի՝ մա­մու­լին խապ­րիկ­ներ փո­խան­ցած ըլ­լա­լու մէջ։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Շաբաթ, Փետրուար 27, 2016