ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ ԵՒ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Թրքահայ իրականութեան պարագային յաճախ կը մատնանշուի, որ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը մեր համայնքի հիմնական մղիչ ուժն է։ Սա միայն մեր համայնքի հաստատութիւններու աւանդական ընդհանուր դրուածքէն բխած երեւոյթ մը չէ, այլ վերանորոգ առաքելութեան մը արդիւնքը։ Ազգային հիւանդանոցը մեր հաւաքական կեանքին առանցքն է եւ տասնամեակներէ ի վեր կ՚արդարացնէ իր այդ դիրքը։ Բնականաբար, միշտ կրնան ըլլալ ելեւէջներ, կրնան պատահիլ վերիվայրումներ, սակայն կառոյցը վերջին հաշուով կը շարունակէ իր կենսունակ երթը եւ անոր կենսունակութիւնը անգնահատելի նշանակութիւն ունի թրքահայութեան ընդհանուր հաւասարակշռութիւններուն տեսակէտէ։
Ներկայիս, թրքահայութիւնը վերակազմակերպման ու վերաձեւաւորման ժամանակաշրջան մը կ՚ապրի բոլոր առումներով։ Պարզ է, որ ամէն ժամանակաշրջան ունի իր առանձնայատկութիւնը, կը բնորոշուի իր առաջնահերթութիւններով ու մարտահրաւէրներով, սակայն ներկայ հանգրուանը տարբեր է իր տարողութեամբ։ Ըստ էութեան, այս փուլին գլխաւոր մասնայատկութիւնը այն է, որ մէկէ աւելի անցումային շրջաններ կ՚ընթանան նոյնաժամանակ։ Պատրիարքական ընտրութեան առկախուած գործընթացէն սկսեալ, մինչեւ կալուածներու վերաբերեալ ճակատագրական նորութիւնները, պետական նոր վերաբերմունքին զուգահեռ՝ իշխանութիւններուն հետ տարբեր հարթութեան մը վրայ դրուած յարաբերութիւնները, հայկական հարցի թարմ երանգաւորումներուն բերումով ստեղծուած քաղաքական իրադրութիւնը, Թուրքիա-Հայաստան փակուղիին հետեւանքով քարացած շարք մը խնդիրներ, եւ այլն։ Անտարակոյս, այս շարքը կարելի է երկարել, մանրամասնել։ Այս ծաւալուն օրակարգի բոլոր նիւթերը աղերս ունին մեր համայնքի օրակարգին հետ, այդ օրակարգէն բխած խնդիրները առաւել կամ նուազ չափով ազդեցութիւն կը գործեն համայնքային կեանքին, մեր հաստատութիւններու ցացնի երթին վրայ։
Ներկայ ժամանակներու պայմաններով Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցը վերստին իրադարձութիւններու կիզակէտին է։ Վերջին շրջանին Ազգին տան արձանագրած վերելքը իսկապէս պատկառելի է, նաեւ խորհըր-դանշական։ Արդարեւ Գթութեան յարկի արդի տարեգրութիւնը առիթ կ՚ընձեռէ ամբողջական պատկերացում մը կազմելու տեսակէտէ՝ մեր համայնքին առջեւ ներկայիս ուրուագծուած նոր հորիզոններուն առումով։ Հիւանդանոցի վերջին շրջաններու վիթխարի ոստումը եզակի հնարաւորութիւն մըն է բազմակողմանիօրէն դիտարկելու համար այն խաչմերուկը, ուր նոյնաժամանակ նժարի վրայ կը դրուին թէ՛ համայնքին դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ թէ անոր տիրացած հնարաւորութիւնները։
Այս բոլորի պրիսմակէն շաբաթավերջին շահեկան զրոյց մը ունեցանք Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ։ Մեր տեսակցութեան հետաքրքրութիւնը պայմանաւորուած էր այն հանգամանքով, որ ամէն ինչի մասին խօսեցանք «դաշտի վրայ»։ Ատենապետ Շիրինօղլուի հետ զրուցեցինք՝ շրջայց մը կատարելով հիւանդանոցի ընդարձակ համալիրէն ներս։ Երկարատեւ էր, իսկապէս, ու բովանդակալից։ Պետրոս Շիրինօղլու հիւանդանոցէն ներս կը շրջի յաղթական հրամանատարի մը նման, սակայն իրեն հետ կատարուած շրջագայութիւնը առաջին հերթին կ՚առթէ հակասական զգացումներ։ Մէկ կողմէ կը շրջինք ներկայանալի, արդիւնաւէտ գործող, գոհացուցիչ արդիւնքով հիւնադանոցի մը միջանցքներուն մէջ, իսկ միւս կողմէ Պետրոս Շիրինօղլու կը բացատրէ, թէ ապագային ո՛ր բաժինը ի՛նչ տեսք պիտի ունենայ եւ ի՛նչ նպատակի պիտի ծառայէ։ Լաւին ալ լաւը կայ, անշուշտ, բայց Շիրինօղլուին պատմածները չեն տեղաւորուիր զուտ կատարելապաշտութեան կամ առաւելապաշտութեան սահմաններուն մէջ։ Ան յաւակնոտ տեսիլք մը ունի Ազգային հիւանդանոցին համար, կը գործէ հեռատես ու շրջահայեաց։ Ազգին տունը ներկայիս ինքզինքը գերազանցած է, բոլորի գնահատանքին առարկայ կը դառնայ, երկրի ամենաորակեալ առողջապահական հաստատութիւններու շարքին կը դասուի, սակայն այս բոլորը հարիւր տոկոսով չեն գոհացներ Պետրոս Շիրինօղլուն։ Ներկայիս ստեղծուած կատարեալին բաւական մօտ կացութիւնը չի բաւարարեր ատենապետը, որովհետեւ ան արդէն կը մտածէ հիւանդանոցի ապագային մասին։ Իր մտքին մէջ կը ծրագրաւորուի կառոյցի վաղուան օրը, լուսաւոր ապագան, պայծառ գալիքը։
Գթութեան յարկը վերջին շրջանին անբաղդատելիօրէն ամրապնդած է իր կայունութիւնը բոլոր գետիններու վրայ։ Պետրոս Շիրինօղլու եւ գործակիցները մեծ ճիգ վատնած են այս ուղղութեամբ։ Համախումբ ու ներդաշնակ աշխատանք մը տարուած է թէ՛ վարչական եւ թէ մասնագիտական գետնի վրայ։ Լուրջ զոհողութիւնները բարձր գնահատանքի արժանացած են համայնքին կողմէ։ Հիւանդանոցի վարկն ու հեղինակութիւնը անհամեմատօրէն բարձրացած են յաչս մեր ժողովուրդին, աւելցաց է իր վայելած վստահութեան մակարդակը հանրային կարծիքին մօտ։ Պետրոս Շիրինօղլու այս առումով շօշափելի ապացոյց մը կը նկատէ՝ Ազգին տան վստահուած կալուածներուն անբաղդատելիօրէն աւելնալը։ Թէեւ փոքրամասնական վաքըֆներու պարագային կատարուած բարեփոխումներն ալ նպաստաւոր ենթագետին մը ստեղծած է, սակայն Շիրինօղլու կը շեշտէ, որ հաստատութեան կտակուած կալուածներուն գրեթէ որեւէ մէկը չէ վաճառուած։ Եւ շնորհիւ այս բոլորին, այսօր քսանըհնգապատիկ աւելցած է հիւանդանոցի կալուածներուն ամսական հասոյթը՝ տասը-տասնհինգ տարի առաջ-ւան բաղդատմամբ։
Շիրինօղլուի գլխաւորած հոգաբարձութեան կազմերուն սկզբունքային եւ հետեւողական աշխատանքները, նպատակասլաց նախաձեռնութիւնները ներկային արդէն հասունցուցած են ապագայատեսիլ նոր շարժումի մը մեկնարկը։ Հիւանդանոցի պատմական դիմագծի ամբողջական ու բծախնդիր պահպանումով՝ հաստատութիւնը պիտի կերպարանափոխուի յառաջիկայ շրջանին։ Առաջին քայլերը կ՚առնուին աստիճանաբար։ Հիւանդանոցը մօտաւոր ապագային պիտի թեւակոխէ կատարելագործման անկիւնադարձային հանգրուան մը։ Ընդարձակ համալիրի ամբողջ ենթակառուցուածքները պիտի յարմարեցուին արդի թեքնիկ պահանջներուն։ Նոր չափանիշներու համապատասխան ոգիով պիտի վերաձեւաւորուին հիւանդանոցի համալիրի ֆիզիքական հնարաւորութիւնները։ Որոշ բարենորոգումներ կամ վերանորոգումներ ալ անհրաժեշտ կրնան դառնալ այս ճանապարհին։ Նախագծեր մշակուած են՝ որպէսզի համալիրը ամենաարդիւնաւէտ ձեւով օգտագործուի ֆիզիքական առումով։ Ներկայ կարգ մը բաժանմունքներու օգտագործման նպատակները կրնան փոխուիլ այս նոյն շրջագծին մէջ։ Ատենապետ Շիրինօղլու մեզի յայտնեց, որ մօտաւոր ու միջին ապագայի համար նախատեսուած քայլերով աստիճանաբար յառաջ պիտի տարուին այս աշխատանքները։ Արդիւնքին, ըստ իրեն, Ազգին տունը պատրաստ պիտի ըլլայ աւելի ինքնավստահ ու բարձր եռանդով դիմաւորելու իր ապագան։ Սարքաւորումներու իմաստով առաւելագոյնս օժտուած, կատարեալ ենթակառուցուածքներով, թեքնիկապէս յագեցած Ազգային հիւանդանոց մը... Սա լոկ Շիրինօղլուի երազանքը չէ, այլ՝ ամբողջ համայնքին ի նպաստ, բարձր նշաձողով իսկական ձեռքբերումի մը ճանապարհորդութեան սկիզբը։ Բոլոր նախադրեալները ապահովուած են՝ այս մեծ աշխատանքը ի կատար ածելու համար։ Ատենապետին ենթադրութիւններով, հիւանդանոցը յառաջիկային պէտք է աւելի բարձր թիւով ճիւղերու մէջ մատուցանէ բժշկական ծառայութիւն, հեղինակաւոր մասնագէտներու ներգրաւմամբ։ Ծերանոցի բաժնէն ներս սպասարկութիւններու որակն ալ պիտի բարձրանայ թէ՛ ֆիզիքական պայմաններու կատարելագործումով եւ թէ ամենայետին մանրամասնութիւններու հաշուառումով։
Ատենապետ Շիրինօղլուի հետ հիւանդանոցէն ներս մեր շրջագայութիւնը կը վերածուի երեւակայութիւններու շքեղ տողանցքի մը։ Իրերայաջորդ բաժիններու մէջ, իր պատմածներուն զուգահեռ՝ կը փորձենք պատկերացնել ապագային ստեղծուելիք վիճակը։
Պետրոս Շիրինօղլու կ՚ընդգծէ, որ Ազգային հիւանդանոցը մերօրեայ կացութեան հասած է շնորհիւ համարձակ նախաձեռնութիւններու։ Այդ համարձակութեան հիմնական աղբիւրներէն մին կը համարուի պետութեան կողմէ հաստատութեան եւ ընդհանրապէս մեր համայնքին նկատմամբ ցուցաբերուած դրական վերաբերմունքը։ Իր խօսքերով, հարցին այս երեսակը ունի մեծ նշանակութիւն։ Հետեւաբար, համապատասխան չափումները պէտք չէ անուշադրութեան մատնուին։ Համայնքի երկարաժամկէտ շահերու գիտակցութեամբ, երախտագիտութեամբ ու քաղաքավարութեամբ պէտք է մօտենալ խնդիրներուն։ Քաղաքական հարթութեան վրայ ներկայիս մեր համայնքը անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ հանրային կարծիքին մօտ։ Խորհրդարանէն ներս ներկայացուած չորս կուսակցութիւններէն երեքին խմբակցութիւններուն մօտ կը գտնուին մեր համայնքէն երեսփոխաններ։ Սա պէտք է վերածել առաւելութեան։ «Բայց եւ այնպէս, երբեմն ականատես կ՚ըլլանք ծայրայեղ ու քաղաքավարութեան սահմաններէն դուրս երեւոյթներու, ինչ որ ցաւ ու մտահոգութիւն կը պատճառէ մեզի։ Մենք ո՛չ թէ վիրաւորանքներու, այլ աւելի ներդաշնակ ու շինիչ պատգամներու սպասման մէջ ենք հանրային կարծիքին առջեւ», դիտել կու տայ ատենապետը։ Մնաց, որ սա միայն պատգամաւորներու պարագային չէ, այլ ընդհանրապէս մեր համայնքին տեսակէտէ ի զօրու է։ Ըստ Շիրինօղլուի, համայնքէն ներս գաղափարական տեսակաւորութիւնը անշուշտ պէտք է պահպանուի, սակայն անոր դրսեւորումը պէտք է այնպէս մը ըլլայ, որ թրքահայութեան նկատմամբ ընդհանուր վստահութիւնը աւելնայ եւ պետութեան դրական վերաբերմունքին հիման վրայ մեր մնայուն ձեռքբերումներն ալ շարունակուին՝ այս համայնքի ապագան երաշխաւորելու ճանապարհին։
Ատենապետ Շիրինօղլուի հետ զրոյցի եզրափակիչ փուլին կ՚անդրադառնանք համայնքապատկան կալուածներու վերաբերեալ խնդիրներու։ Հիւանդանոցի հանդիպակաց լայն տարածքին համար սպասումը տակաւին կը շարունակուի։ Համբերատար գործընթաց մըն է այս մէկը, որու կապակցութեամբ Պետրոս Շիրինօղլու կը պահէ լաւատեսութիւնը, չի կասկածիր իշխանութիւններու քաղաքական կամքէն ու արդար դատողութենէն։ Երբեմնի բանջարանոցի տարածքին սեփականութեան իրաւունքը մօտաւոր անցեալին վերադարձուած էր հիւանդանոցին պատկան մարմիններուն կողմէ։ Զէյթինպուրնուի քաղաքապետարանը, սակայն, այդ կարգադրութիւնը վիճարկած էր դատական իշխանութիւններուն մօտ։ Այժմ այդ գործընթացն է, որ կը շարունակուի։ «Մեր կալուածներու պարագային ունինք խնդիրներ», կ՚ըսէ Շիրինօղլու, որու համոզմամբ համայնքը շրջահայեաց դիրքորոշումով կրնայ դուրս գալ առկայ կացութենէն։ Ան անհանգստութիւն ու ցաւ կը յայտնէ նաեւ մեր համայնքի կարգ մը շրջանակներէն ատեն-ատեն հնչած ձայներուն առընչութեամբ, թէ եթէ պիտի չտան, թող չտան։ «Որո՛ւն ապրանքը, որո՛ւն անունով կը մերժուի», հարց կու տայ ատենապետը եւ բոլորին խորհուրդ կու տայ նման հարցերու պարագային ըլլալ նրբանկատ։ Արդարեւ, այդ կալուածները ճակատագրական նշանակութիւն ունին մեր համայնքային հաստատութիւններու երկարաժամկէտ գոյատեւման տեսանկիւնէն։ Մինչեւ մօտաւոր անցեալը, մեր հաստատութիւնները կանգուն կը մնային անհատ բարերարներու նուիրատուութիւններով։ Վերջին տարիներուն այլեւս վիճակը փոխուած է։ Տնտեսութեան ընդհանուր հաւասարակշռութիւնները մեր համայնքին տեսանկիւնէն ալ ծնունդ տուած են նոր իրադրութեան մը։ Մեր հաստատութիւններուն առկայ կարիքները, զուգահեռաբար նաեւ պիւտճէի բացերը, կը բազմապատկուին, իսկ անհատ բարերարներու նուիրատուութիւնները ընդհանուրին մէջ շատ աւելի նուազ համեմատութիւն կը կազմեն։ Հիմա անցումային շրջան մըն է այս առումով։ Արդէն ակնյայտ է, որ տեսանելի ապագային՝ մանաւանդ մեր վարժարաններուն տեսակէտէ, այժմու միջոցները անբաւարար պիտի մնան կայունութիւնը երաշխաւորելու առումով։ Նոր, յաւելեալ միջոցներու կարիքը պիտի շեշտուի։
«Ի՞նչ պիտի ընենք, ուրկէ՞, ի՞նչ պիտի ճարենք։ Մեր միակ ելքն է համայնքապատկան կալուածներու աւելի արդիւնաւէտ, նպատակասլաց ու խնայաբար օգտագործումը։ Զօրակցութեան զարկ պէտք է տալ համայնքէն ներս, գործնական օրինակներով պէտք է թափ տալ համագործակցութեան ոգիին։ Կառավարման ընդհանուր դրութիւն մը պէտք է զարգացնենք։ Համայնքին բոլոր մուտքերը պէտք է միանան հասարակաց սնտուկի մը մէջ։ Հայեցակարգ մը պէտք է ունենանք մեր կալուածներու արժեւորման համար։ Անոնց կառավարումն ալ համընդհանուր ձեւով յառաջ պէտք է տարուի։ Անոնց հասոյթն ալ պէտք ի հաւաքուի այդ հասարակաց սնտուկին մէջ։ Եւ ի վերջոյ, մեր բոլոր կարիքներն ալ պէտք է դիմագրաւուին այդ նոյն սնտուկէն կատարուելիք յատկացումներով։ Եթէ մեր իսկ կամքով այսպիսի կարգապահութեան մը չհետեւինք, նման դրութիւն մը չհաստատենք, ապա մեր ապագան կրնայ մթագնիլ», համոզուած է ան։
Երբեմնի բանջարանոցին առընթեր, Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը հետամուտ է իր այժմու տարածքին անմիջական հարեւանութեամբ այլ ընդարձակ կալուածի մը սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու։ Այստեղ խօսքը կը վերաբերի այն տարածքին, որ կը գտնուի հիւանդանոցին ճիշդ ետեւը եւ պատմականօրէն եղած է Ազգային հիւանդանոցին սեփականութիւնը։ Այդ տարածքը աւելի վերջ արձանագրուած է՝ որպէս Յունաց հիւանդանոցին սեփականութիւնը։ Շիրինօղլու եւ իր ընկերները ներկայիս կը պայքարին այդ պատմական իրաւունքը վերահաստատելու համար։ Տասնամեակներ շարունակ քարացած այս խնդիրներուն յաղթահարումը, պարզ է, որ դիւրին գործ մը չէ։ Շիրինօղլու այդ բոլոր գործընթացները կը փորձէ ղեկավարել իր գործակից ընկերներուն հետ՝ հաշուի առնելով իսկապէս շատ նուրբ, երբեմն նաեւ հակադիր հաւասարակշռութիւններ։ Ան մեր զրոյցի անմիջականութեան մէջ մեզի հետ կը բաժնէ նաեւ իր հեռահար երազանքներէն մին։ Արդարեւ, եթէ հիւանդանոցի ետեւի այդ տարածքը վերաձեռքբերել հնարաւոր դառնայ, ապա ատենապետին սրտէն կ՚անցնի այնտեղ կառուցել գերժամանակակից կրթական համալիր մը, որու տարողութիւնը բաւարար պիտի ըլլայ մեր վարժարաններու ընդհանուր աշակերտութեան թիւը ընդունելու։ Մեծ կրթական համալիր մը, ուր աշակերտներուն պիտի ջամբուի կատարեալ ուսում, ուր միացեալ ներուժը պիտի ծնի ձգողականութիւն եւ ի վերջոյ միացեալ հնարաւորութիւններով կըր-թական մեր մշակները պիտի վարձատրուին պատշաճօրէն, իրենց տարած ծանր լուծին հետ ուղիղ համեմատութեամբ։ Յամենայնդէպս, Շիրինօղլու առ այժմ վաղ կը համարէ հեռահար այս երազանքի մանրամասնութիւններուն վրայ ծանրանալը։
Պետրոս Շիրինօղլու մեր համայնքէն ներս կը զբաղեցնէ շատ բարձր վարչական դիրք մը, սակայն միշտ ալ եղած է հասանելի, մատչելի անձնաւորութիւն մը բոլորին համար։ Ան մանուկին հետ մանուկ է, երէցին հետ երէց, հիւանդի մը հետ հիւանդ կամ սգաւորի մը հետ սգաւոր։ Պարզ, համեստ գործիչ մըն է, մարդկային զգացականութիւնով, պոռթկումներով, յուզումներով, ուրախութիւններով։ Յաճախ առիթը կ՚ունենաք զինքը լսելու՝ ժողովներու ժամանակ, անձնական զրոյցներով, եւ այլն։ Մեր այս վերջին զրոյցը, սակայն, իսկապէս դուրս էր այդ ընթացիկ հնարաւորութիւններէն։ Մօտաւորապէս երկու ժամ տեւեց մեր շրջայցը Գթութեան յարկէն ներս։ Գէթ խօսեցաւ զուտ հիւանդանոցին շուրջ, լոկ պատմեց մեր համայնքի ընդհանուրին մասին, երբեմն խորհրդածեց քաղաքականութեան վրայ, մերթ հայոց աշխարին առընչութեամբ դիտարկումներ բաժնեց մեզի հետ։ Ինքնաքննադատութիւն, քննադատութիւն, ծրագիր, մասամբ նորին։ Ճոխ, բազմակողմանի զրոյց մըն էր։ Մեր համայնքին վերաբերեալ տեսիլքը մեզի հետ բաժնեց՝ մարդկային յոյզերով եւ իսկական ղեկավարի մը վճռականութեամբ։ Իր եռանդը, վաստակը, նախագծերը բացատրելու ժամանակ ձայնին ունեցած թրթռացումները, բարի նպատակ մը հիմնաւորելու ատեն դէմքին վրայ ուրուագծուած ժպիտը՝ բոլորը եղան գործօններ՝ որպէսզի մենք զգանք իր բազկերակը եւ հերթական անգամ համոզուինք, թէ ան անխախտ հաւատքով կ՚ընէ իր գործը, միշտ կ՚արդարացնէ իր վրայ դրուած յոյսերը ու միշտ պատրաստ է բաց ճակատով ներկայացնելու իր գործունէութեան արգասիքը։ Այդ արդիւնքը մեր իրականութեան մօտ այսօր թէեւ կը գնահատուի բաւական բարձր, սակայն վստահաբար պատմութեան դատաստանը զայն պիտի կոչէ յաւերժութեան։ Մարդ մը, որ ամէն առաւօտ լուսաբացին խաչակնքելով կը սկսի օրուան մը եւ տուեալ օրուան առաջնահերթութիւններուն մէջ իր ընտանիքին, սեփական գործին հաւասար տեղ կը գրաւէ այս համայնքին նկատմամբ յանձնառութիւնը, պատասխանատուութիւնը, եթէ ոչ աւելին։
Շիրինօղլուի տեսլականը անանտեսելի նախադրեալ մըն է թրքահայութեան պայծառ ապագան կերտելու, նախապատրաստելու ճանապարհին՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի բովով։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ