Օրմանեան եւ Սարաֆեան

Օր­մա­նեան Պատ­րիար­քին ար­ձա­նը ե­րէկ բա­ցուե­ցաւ հա­մեստ ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը։ Հա­զիւ քա­նի մը տաս­նեակ ե­րախ­տա­ւոր­ներ ներ­կա­յու­թիւն բե­րին հա­ւա­քոյ­թին։ Ընդ­հան­րա­պէս, նման ա­ռիթ­նե­րով կ՚օգ­տա­գոր­ծուի այն բա­նա­ձե­ւու­մը, թէ ար­ձա­նը կու գայ ան­մա­հաց­նել են­թա­կա­յին յի­շա­տա­կը։ Բնա­կա­նա­բար, այս պա­րա­գա­յին կա­րե­լի չէ օգ­տա­գոր­ծել այդ բա­նա­ձե­ւու­մը։ Ար­դա­րեւ, Օր­մա­նեան ար­դէն ան­մահ մըն է եւ իր ար­ձանն ալ, գու­ցէ, հա­մա­րուի ան­մա­հի մը կո­թո­ղը։

Օր­մա­նեա­նի ար­ձա­նի բաց­ման կա­պակ­ցու­թեամբ հարկ է ընդգ­ծել նաեւ Է­րօլ Սա­րա­ֆեա­նի կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցուած ստեղ­ծա­գոր­ծած աշ­խա­տան­քին նշա­նա­կու­թիւ­նը եւ ծա­ւա­լը։ Իր մեծ ջան­քե­րով ան մեր ան­մի­ջա­կան շրջա­փա­կին մէջ կը թո­ղու հետ­քեր եւ ա­պա­հո­վա­բար այդ հետ­քե­րուն շնոր­հիւ ա­պա­գա­յին սե­րունդ­նե­րը հա­ղորդ պի­տի դառ­նան մեր պատ­մու­թեան տի­րա­կան դէմ­քե­րուն։ Սա­րա­ֆեա­նի աշ­խա­տան­քը անգ­նա­հա­տե­լի է, ո­րով­հե­տեւ ան մեր ժա­ռան­գու­թեան հա­ղորդ ա­րուես­տա­գէտ մըն է եւ այդ­պէ­սով իր ձեռ­նար­կած ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն մէջ զգա­լի կը դառ­նայ հա­մա­պա­տաս­խան ո­գին։ Իր պարագային այս արտադրանքը արդէն դարձած է առաքե-լութեան, կոչումի վերաբերեալ նախանձախնդրութիւն մը։

Հան­գիստ ննջէ մե­ծա­նուն պատ­րիար­քը եւ վարձ­քը կա­տար սի­րե­լի վար­պե­տին։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

 

Երեքշաբթի, Մարտ 29, 2016