Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապի Հայաստան կատարած այցելութեան լոյսին տակ նոր հեռանկարներ ու վարկածներ (Բ.)
Կրօնը հետզհետէ աւելի լուրջ գործօն մը կը դառնայ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ։ Ճիշդ է, որ առարկայական շահերու գնահատման տեսանկիւնէն կրօնակցութեան մղումով առաջնորդուիլը չի տեղաւորուիր միջազգային յարաբերութիւններու մտայնութեան մէջ, սակայն ընդհանրապէս կրօնի գործօնը տակաւ կը շեշտուի զանազան հարթութիւններու վրայ։ Միջազգային օրակարգի առկայ բազում խնդիրներու յաղթահարման որոնումներուն շրջագծով գոյացած է ընդհանուր համոզում մը, թէ քաղաքակրթութիւններու միջեւ ներդաշնակութիւն մը, դաշինք մը ունենալը անհրաժեշտ է։ Սա ճիշդ է առնուազն այն առումով, որ ներկայիս աշխարհի վրայ առկայ տմարդի, վայրագ երեւոյթները, աննկարագրելի բռնութիւններն ու ողբերգութիւնները յաճախ կը պայմանաւորուին կրօնի գործօնով կամ կ՚ունենան դաւանական երանգ։ Հետեւաբար, քաղաքակրթութիւններու ներդաշնակութիւն որոնելու ճանապարհին ակնարկութիւնը ինքնաբերաբար կը վերաբերի նաեւ կրօններու համակեցութեան եւ հաւատացեալներու միջեւ փոխադարձ յարգանքի եւ երկխօսութեան։
Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապի Հայաստան կատարած այցելութիւնը յատկանշական էր այս բոլորին առումով։ Սրբազան Պապի ուղեւորութիւնը ամփոփելու ժամանակ անկարելի է հաշուի չառնել այս բոլորը։ Արդարեւ, Սրբազան Քահանայապետը իր ուղեւորութիւնը կոչած էր՝ ուխտագնացութիւն դէպի առաջին քրիստոնեայ երկիր։ Այդ առաջին քրիստոնեայ երկրի հանգամանքին շեշտադրումը բնականաբար առաջին հերթին խորհրդանշական բնոյթ մը ունի, պատմական նշանակութեամբ ակնարկ մըն է։ Գալով այսօրուան՝ Հայաստան գուցէ Արեւելքի սակաւաթիւ քրիստոնեայ երկիրներէն մին է, չըսելու համար գուցէ միակը։ Առանց չափազանցութեան, Հայաստան ներկայիս քրիստոնեայ արեւելքի առանցքային դարպասներէն մին է։ Երբ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքը կը քրիստոնէաթափուի այդ տարածքաշրջանի անմիջական հարեւանութեամբ կը գոյատեւէ Հայաստան՝ քրիստոնեայ ինքնութիւնով եւ համապատասխան դիմագծով։ Ճիշդ է, որ Հայաստանի հարեւան Վրաստանն ալ քրիստոնեայ երկիր մըն է, սակայն այդ պարագային միջազգային յարաբերութիւններու դրուած-քին մէջ այդ երկրին նշանակութիւնը կը բիւրեղանայ այլ գործօններով, մանաւանդ աշխարհի ուժանիւթի քարտէսին վրայ ունեցած տարանցիկ դիրքով։
Հայաստանի պարագային քրիստոնեայ երկիր մը ըլլալու հանգամանքը այսօրուան իրավիճակին մէջ ունի հետաքրքրական ծալքեր։ Եթէ փորձենք Հարաւային Կովկասի համայնապատկերը մեկնաբանել բաղդատութիւններու միջոցաւ՝ ապա ուշագրաւ հանգամանքներ ի յայտ կու գան։ Վրաստան, որպէս քրիստոնեայ երկիր, առարկայական շահերու առումով դրական համագործակցութեան մէջ է իր երկու մահմետական հարեւաններուն՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ։ Միջանկեալ յաւելենք, որ Ատրպէյճանի պարագային կրօնի նշանակութիւնը ըստ երեւոյթին բոլորովին տարբեր է Թուրքիայէն։ Յամենայնդէպս, մահմետական հարեւաններուն հետ ներդաշնակութեան հասած Վրաստան լուրջ խնդիրներ կ՚ապրի հիւսիսի իր քրիստոնեայ հարեւանին՝ Ռուսաստանի հետ։ Հայաստանի պարագան ալ նոյնպէս յատկանշական է այս առումով։ Հիւսիսէն՝ Վրաստանի հետ Հայաստանի յարաբերութիւնները կարելի է համարել կայուն։ Հասկնալի սահմաններու մէջ թէեւ կը յառաջանան վերիվայրումներ, սակայն հայ-վրացական համագործակցութեան ընթացքը մտահոգիչ չէ։ Բաց աստի, Հայաստան ունի մահմետական երեք հարեւան։ Եթէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ Հայաստանի յարաբերութիւնները անբաղձալի վիճակի մէջ են, ապա հարաւի Իրանին հետ պարագան բոլորովին տարբեր է։ Այսինքն, Հայաստան ունի թէ՛ դրական եւ թէ՛ ժխտական օրինակներ։ Որպէս քրիստոնեայ երկիր Հայաստան տարիներէ ի վեր հետեւողականօրէն կը խուսափի իր օրակարգի թիւ մէկ խնդրին՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կրօնական երանգ վերագրելէ, ի տարբերութիւն Ատրպէյճանի, որ յանձն կ՚առնէ նաեւ այդպիսի արկածախնդրութիւն մը։
Աշխարհի ներկայ մտահոգիչ ընթացքով միջկրօնական յարաբերութիւններու դրական օրինակները հետզհետէ կը դառնան աւելի անհրաժեշտ։ Անոնք կրնան նախընթացներ ստեղծել, որպէսզի կրօնի պատրուակով բռնութիւնները, արիւնալի դէպքերը եւ ահաբեկչութիւնները կանխուին։
Վերադառնալով Սրբազան Պապի այցելութեան նշանակութեան թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութեան եւ թէ՛ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ Սրբազան Քահանայապետի ուղեւորութեան օրերուն հնչեցին յատկանշական պատգամներ։ Միջազգային հանրութիւնը հերթական անգամ ականատես եղաւ, թէ Հայաստանի ղեկավարութիւնը կը ձգտի տարածքաշրջանէն ներս համերաշխութեան մթնոլորտ մը ձեւաւորելու եւ ամենակարեւորը՝ այդ ձգտումներուն մէջ կը գիտակցի իր դերակատարութեան ու պատրաստակամ է յանձնառութիւններու։
Իսկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիրքը, հեղինակութիւնը հերթական անգամ անվիճելիօրէն բիւրեղացան Սրբազան Պապի այցելութեան շարժառիթով։ Համաքրիստոնէական ընտանիքին մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը ներկայիս անանտեսելի դերակատար մըն է, ինքնուրոյն գործօն մը։ Այլ խօսքով, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը առանցքն է՝ քրիստոնեայ արեւելքի դարպասը դարձած Հայաստանին։ Անոր առաքելութիւնը չի սահմանափակուիր միայն երկրով, որովհետեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը այսօր հնարաւորութիւն ունի իր թեմերուն եւ աշխարհասփիւռ հօտին միջոցաւ ներազդելու այնպիսի կէտերու վրայ, որոնք միջկրօնական համակեցութեան տեսանկիւնէն կրնան համարուիլ չափանիշ։ Հետեւաբար, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան դրական գործունէութիւնը միջկրօնական յարաբերութիւններու ձեռքբերումներու շարքին կը համարուի։ Սրբազան Քահանայապետի այցելութեան օրերուն Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ փոխանցուած դրական պատգամները ապացուցանեցին որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի այդ կարեւոր առաքելութեան մէջ որքան կարեւոր նշանակութիւն ունի Վեհափառ Հայրապետին տեսիլքը։
Այցելութեան ընթաքին Ֆրանսիսքոս Ա. Պապին կողմէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն շուրջ արտայայտուած տեսակէտներն ալ եկան վերահաստատել, որ երկու հարեւաններու յարաբերութիւններուն բնականոնացումը կրնայ որքան լուրջ խթան մը հանդիսանալ միջկրօնական համերաշխութեան, քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան տեսանկիւնէն։ Թէեւ Անգարա վերապահութիւնով եւ բողոքով ընկալեց Սրբազան Քահանայապետին խօսքերը, հայկական հարցին շուրջ իր մօտեցումները ընկալեց կողմնակալ, սակայն այդ բոլորէն անդին թրքական մամուլին մօտ արձագանգ գտան նաեւ յուսադրիչ տուեալներ։ Կարգ մը թերթեր մէջբերցին Սրբազան Պապի խօսքերը, ըստ որոնց Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան իր հետ զրուցելու ընթացքին պատրաստակամութիւն յայտնած է Թուրքիոյ հետ համաձայնելու, զիրար ներելու եւ հայեացքը դէպի ապագայ ուղղելու համար։ Կ՚արժէ նաեւ վերյիշել Սերժ Սարգսեանի հետեւեալ խօսքերը, որոնք իր կողմէ Երեւանի մէջ արտասանուած են Սրբազան Քահանայապետին ի պատիւ կազմակերպուած ընդունելութեան ընթացքին, պատմական խնդիրներու շուրջ.
«Մենք մեղաւորներ չենք փնտռեր, մենք մեղադրանքներ չենք սփռեր, պարզապէս կը փափաքինք, որ իրերը կոչուին իրենց անունով, ինչ որ երկու հարեւան ժողովուրդներուն թոյլ պիտի տայ անցեալը ճանչնալով, ներողամտութեամբ ու մաքուր խղճով շարժուիլ դէպի իրական հաշտութիւն եւ համատեղ բարեկեցիկ ապագայ»։
Սրբազան Քահանայապետը յառաջիկայ աշնան պիտի այցելէ Վրաստան եւ Ատրպէյճան։ Դէպի Հայաստան իր ուղեւորութեան առանձին կազմակերպուած ըլլալը վերլուծաբաններու կողմէ այնպէս կը մեկնաբանուի, թէ Վատիկանի կողմէ երկիրը կ՚ընկալուի իբրեւ ուրոյն գործօն մը։ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապին այցելութեան ընթացքին հնչած պատգամները միեւնոյն ժամանակ եկան վերահաստատել, թէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման առումով յոյսերը ամբողջութեամբ սպառած չեն եւ քաղաքական կամքի գոյութեան պարագային կրնայ սկսիլ հաշտութեան ու համագործակցութեան նաւուն ուղեւորութիւնը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ