Էսաեան վարժարանի առկայ տագնապին շուրջ Պատրիարքարանի վաղուան խորհրդակցութիւնը՝ համայնքային կեանքի ներկայ համայնապատկերին վրայ…
Պատրիարքարանի մէջ վաղը օրուայ առաջին կէսին նախատեսուած է Էսաեան վարժարանի տագնապին շուրջ՝ արդէն միջոցէ մը ի վեր սպասուած խորհրդակցութիւնը։ Սա կարեւոր իրադարձութիւն մըն է, որու նշանակութիւնը չի սահմանափակուիր զուտ Էսաեան վարժարանով կամ Պէյօղլուի ընտանիքով։ Արդարեւ, այս խորհրդակցութիւնը եւ անոր հաւանական արդիւնքները կամ հետեւանքները պիտի իմաստաւորուին թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի ներկայ համայնապատկերին վրայ։ Արդարեւ, համայնքային կեանքէն ներս այժմ կան ուժերու վերադասաւորման որոշ ազդանշաններ, որոնց մասին ալ աւելի յստակ արտայայտուիլ հնարաւոր պիտի ըլլայ յառաջիկայ շրջանին։
Վաղուան ժողովին ընդառաջ համայնքային շրջանակներու օրակարգին վրայ կը գտնուին զանազան հարցումներ։ Թէ ինչո՞ւ Պատրիարքական Աթոռը այսպիսի նախաձեռնութիւնով մը հանդէս եկած է… Թէ ինչո՞ւ այս ժողովի մասնակիցներու շարքին չէ նախատեսուած Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, որ կը գլխաւորէ Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը։ Արդեօք Պատրիարքարանի եւ Պէյօղլուի միջեւ համաձայնութեան գետի՞ն մը կը գոյանայ կամ այս ուղղութեամբ ջանքե՞ր կան։ Այս կամ նման հարցումներու շարան մը բոլորի միտքին մէջ է այս պահու դրութեամբ։
Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհիներու՝ Պէյօղլուի թաղային խորհուրդի որոշումով պաշտօնազրկումի դէմ ահազանգ հնչեցուցածներու շարքին առաջիններէն մին եղաւ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որ դրսեւորեց մեծ զգայնութիւն։ Նկատի ունենալով, որ ան նաեւ կ՚ուսուցչագործէ դպրոցէն ներս՝ քաջատեղեակ է մթնոլորտին ու բարձր կը գնահատէ տնօրէնուհիներու վաստակը։ Այս բոլորի հիման վրայ ան յաջողեցաւ Պատրիարքարանէ ներս շարժում մը ստեղծել եւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքն ալ փութով յանձն առաւ հովանաւորել այդ շարժումը։ Արդարեւ, Նորին Ամենապատուութիւնը շատ լաւ հետեւեցաւ համայնքի զանազան խաւերէն բարձրացած ընդվզումի ձայներուն եւ ունեցաւ ժողովուրդին բազկերակը զգալու ձգտումը։ Իր հայրական դիրքին տեսակէտէ ան նպատակայարմար գտաւ խրախուսել այդ շարժումը։ Անշուշտ, կային նաեւ շարք մը գործօններ, որոնք այդ ճանապարհին իր գործը կը դիւրացնէին։ Արդարեւ, Պատրիարքարանի եւ Պէյօղլուի միջեւ վերջին շրջանին ընդհանուր ներդաշնակութիւն մը չէր ձեւաւորուած։ Եւս առաւել, Պետրոս Շիրինօղլուն ալ մասնակցեցաւ այդ հակազդեցութեան ալիքին։ Ուստի, Նորին Ամենապատուութիւնն ալ, ըստ երեւոյթին, յարմար դատեց, որ Պատրիարքական Աթոռը դրականօրէն ներգրաւուի այս խնդրին։ Գրաւոր մշակոյթի յարիր ձեւով՝ ան նամակ մը ուղարկեց Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին։ Մակարդակաւոր գրութիւն մըն էր այդ մէկը։ Այս բոլորը Պատրիարքարանի տեսակէտէ դրական համարուեցան։ Բնականաբար, խնդիրը կրնայ քննարկուիլ զանազան երեսակներով եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրի պարագային քննադատելի կէտեր ալ կրնան գտնուիլ, սակայն ներկայ պայմաններով շօշափելի հիմքեր գոյութիւն չունին՝ խօսելու համար Պատրիարքարանի դերակատարութեան տեսակէտէ ժխտական երեւոյթներու շուրջ։ Եթէ աւելի երկարաժամկէտ ձեւով նման նիւթերու պարագային Պատրիարքարանը յաջողի նոյն հաւասարակշռութիւնով առաջնորդուիլ, ապա մեծ ձեռքբերում մը կրնայ ապահովել համայնքային կեանքէ ներս՝ մանաւանդ, որ կրթական համակարգէ ներս առկայ է պատրաստի մարդուժի չափազանց սղութիւն։ Այժմու իրավիճակով վաղուան ժողովի արդիւնքին շուրջ կանխատեսումներ ընել դժուար է։ Թաղային խորհուրդն ալ բացայայտօրէն հանրային կարծիքի նկատառման յանձնած է իր վճռակամ դիրքորոշումը։ Աւելորդ է ըսել, որ առարկայական տեսակէտէ այդ վերանայման հաւանականութիւնը բաւական նուազ է կամ գործնական չէ ստեղծուած պայմաններուն բերումով։ Սա ի զօրու է թէ՛ թաղային խորհուրդին եւ թէ տնօրէնուհիներուն տեսակէտէ, սակայն պէտք է խուսափիլ իրադարձութիւններէն առաջ անցնելէ։
Թէեւ շինիչ մթնոլորտի մը մէջ ամէն ինչի վերատեսութեան ենթարկուիլը կարելի է ակնկալել, սակայն եթէ նոյնիսկ Պէյօղլուի թաղային խորհուրդը անդրդուելի մնայ, այստեղ Պատրիարքական Աթոռի տեսակէտէ ձեռքբերում մը խնդրոյ առարկայ պիտի ըլլայ՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքի գահակալութեան շրջանի առաջին ամիսներուն։ Պատրիարքարանի վաղուան խորհրդակցութիւնը բարեացակամութեան, երկխօսութեան հետամուտ նախաձեռնութիւն մըն է առաջին հերթին։ Գումգաբուի աղբիւրները այս ժողովին մասին համայնքը իրազեկելու ժամանակ արդէն նիւթը այնպիսի շեշտադրումով մը մատուցեցին, որ ի յայտ եկաւ նաեւ հիմնական նպատակը։ Շեշտուեցաւ, որ շահագրգիռ բոլոր կողմերը համաձայնած են ընդառաջել Պատրիարքարանի կոչին եւ ունենալ հանդիպում մը։ Այսինքն, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յաջողած է յաչս համայնքին ամրապնդել այն տպաւորութիւնը, թէ Պատրիարքարանը մեր հաւաքական կեանքէն ներս քոնսենսիւս մը կը խորհրդանշէ։ Ուստի, ընդհանուր առմամբ, այս ժողովի նախաձեռնութիւնը անտեղի չէ։ Այլապէս, եթէ նման հարցի մը շուրջ լռութիւն պահած ըլլար, այս անգամ ալ Գումգաբուի քննադատութիւններ պիտի հասցէագրուէին՝ անտարբերութեան պատճառով։ Հիմա Պատրիարքարանը այս խնդրին դրականօրէն ներգործելու հնարաւորութեան մը տիրացած է եւ բոլորը կը սպասեն իրադարձութիւններու շարունակութեան։
Երբ Պատրիարքարանը տնօրէնուհիներու խնդրին շուրջ այս ժողովի կազմակերպման նախաձեռնեց, համայնքէն ներս կար տարբեր իրավիճակ մը։ Շուտով վրայ հասաւ Պետրոս Շիրինօղլուի նախաձեռնութիւնը, որով ան Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութենէն պահանջեց Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ղեկը յանձնել Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան։ Այդ քայլը արդէն նոր հարթութեան մը վրայ դրաւ խնդիրը եւ համայնքէն ներս իրավիճակի փոփոխութիւն ստեղծեց։ Այժմ, հանրային կարծիքը ուշագրաւ կը համարէ, թէ Պետրոս Շիրինօղլու չէ նախատեսուած վաղուան հաւաքոյթի մասնակիցներու շարքին։ Իրականութեան մէջ, այս տեսակէտէ շատ ալ զարմանալի երեւոյթ մը խնդրոյ առարկայ չէ։ Վաղուան հաւաքոյթը, իր բնոյթով, կ՚ենթադրէ խտացեալ յարաբերականութիւններու մթնոլորտ մը։ Իսկ Պետրոս Շիրինօղլու միշտ իր կարողութիւնները յաջողութեամբ կը դրսեւորէ աւելի շօշափելի, յստակ բնոյթով նիւթերու շուրջ։ Արդէն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ, ըստ երեւոյթին, կացութիւնը արժեւորած է նոյն ծիրին մէջ եւ բացի շահագրգիռ կողմերէն, վաղուան ժողովին հրաւիրած է այնպիսի անձնաւորութիւններ, որոնք առաջին հերթին լաւ «լսելու» հմտութիւնը ունին։ Այդ առումով ուշագրաւ է Սարվէն Սերթշիմշէքի անունը։ Մնաց որ՝ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան Պէյօղլուի վերաբերեալ պահանջը ներկայացուցած ըլլալով՝ Պետրոս Շիրինօղլու, բնականաբար, ինքզինքին պիտի չվերագրէր այդ վարչայիններուն հետ մէկտեղուելու բարոյական իրաւունքը։ Սա թէեւ մետայլի միւս երեսակին կրնայ իր ռազմավարական դաշտը սահմանափակել, սակայն ստեղծուած իրավիճակին մէջ ուրիշ ճար չէ մնացած։
Վաղուան հանդիպումը կը մեկնաբանուի նաեւ ուրիշ տեսանկիւնով մը։ Արդեօք Պատրիարքարանը համաձայնութեա՞ն մը հասնիլ կը փորձէ Պէյօղլուի հետ՝ հակառակ, որ Պետրոս Շիրինօղլու վերջնագիր ներկայացուցած է թաղային խորհուրդին։ Այսպիսի մեկնաբանութիւններ անխուսափելիօրէն կու գան օրակարգի վրայ, սակայն հաւանականութիւնները հաշուի առնելու ժամանակ պէտք չէ հեռանալ մեր համայնքի հաւաքական շահերու առանցքէն։ Այս պահուն շօշափելի հիմքեր չկան՝ պնդելու համար, որ Պատրիարքարանը կը ձգտի համաձայնութեան հասնիլ Պէյօղլուի հետ։ Նոյնը խնդրոյ առարկայ է նաեւ Պէյօղլուի թաղային խորհուրդին տեսակէտէ։ Բայց եւ այնպէս, երանի այնպէս չըլլար։ Պատրիարքական Աթոռը հոգեւոր կեդրոն մըն է եւ սկզբունքօրէն համայնքային բոլոր մարմիններուն հետ ներդաշնակութեան մէջ գտնուելու հաւանական ջանքերը պէտք է բարձր գնահատուին, ողջունելի համարուին։ Գալով գործնական գետնին… Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, բնականաբար սկզբունքային հարթութեան վրայ կամք կը ցուցաբերէ ներդաշնակ ձեւով ընթանալու համար Պետրոս Շիրինօղլուի հետ, որ մեր համայնքի թիւ մէկ աշխարհական վարիչն է։ Բայց եւ այնպէս, սա չի նշանակեր, որ ան ամէն նիւթի պարագային, ամէն հարցի շուրջ հարիւր տոկոսով նոյն յաճախականութեան վրայ պէտք է գտնուի ատենապետ Շիրինօղլուի հետ։ Վերջին հաշուով, Նորին Ամենապատուութիւնը պէտք է անկախ դերակատար մը ըլլայ եւ բոլորը պէտք է իրեն զօրակցին այդ ուղղութեամբ։ Պէյօղլուի այժմու հարցին տեսակէտէ Պատրիարքարանի դիրքորոշումը աւելի սպասողական է։ Գումգաբուէն որոշ ազդանշաններ տրուած են, թէ Պատրիարքարանը պատրաստ է աշխատելու այն կողմին հետ, որ Պէյօղլուի հարցին շուրջ պիտի հասնի իր նպատակին։ Շահապաշտութիւնը կ՚ենթադրէ նպատակասլացութիւն եւ այստեղ զգացական պէտք չէ ըլլալ, սակայն այս նոյն կէտին վրայ պէտք չէ Պատրիարքարանի կողմէ անտեսուին նաեւ մեր համայնքի իրաւունքներուն եւ նախընթացներուն վերաբերեալ խնդիրները։
Ամենայն հաւանականութեամբ, Պետրոս Շիրինօղլուն ալ հարիւր տոկոսով գոհ չըլլայ համայնքի ներկայ ընդհանուր իրադրութենէն՝ Պէյօղլուի վերաբերեալ իր նախաձեռնութիւնով պայմանաւորուած։ Արդարեւ, համայնքի մամուլը վերապահութիւն դրսեւորեց այդ քայլի պարագային։ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ Փրոֆ. Թորոս Ալճան հրապարակաւ շատ յստակ հակազդեցութիւն մը ցուցաբերեց՝ ընդգծելով թէ՛ իրաւական խնդիրները եւ թէ յաչս հանրութեան բացայայտելով ներքին խոհանոցային կատարուած իրողութիւնը։ Վրայ հասան Պէյքոզի թաղային խորհուրդի եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի վերջին յայտարարութիւնները։ Այսինքն, Շիրինօղլու ընդդիմութեան նոր ալիքի մը դէմ յանդիման մնաց ճիշդ այն պահուն, երբ յաջողած էր իր կողքին առնել Գարակէօզեան տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլը, որու հետ վերջին տարիներուն միշտ հակադիր բեւեռներու մէջ կը գտնուէին։
Այս բոլորը Պատրիարքարանը կը պարտաւորէ համապատասխան ձեւով դիրքաւորուելու՝ թէ՛ ինքզինքը ապահովագրելու եւ թէ համայնքային կեանքի իրադարձութիւններուն ներազդելու հնարաւորութիւնները երաշխաւորելու տեսակէտէ։ Արդարեւ, մինչեւ մօտաւոր անցեալը Պատրիարքական Աթոռը բարերարներու նուիրատուութիւններով կը մնար կանգուն եւ այդ իրականութեան մէջ ատեն-ատեն կ՚օգտուէր զանազան բարերարներու մրցակցութենէն՝ անշուշտ, այստեղ խօսքը չի վերաբերիր բարոյագիտական տեսակէտէ վիճելի հանգամանքներու։ Իսկ ներկայիս Պատրիարքարանի եւ համայնքային միւս հաստատութիւններու կարիքները այնպիսի մակարդակի մը հասած են, որ դժուար թէ ամբողջութեամբ դիմագրաւուին անհատներու կողմէ։ Ուստի, այժմ Պատրիարքարանը կը սնուի մեր ունեւոր վաքըֆներու միջոցներէն։ Անշուշտ, այդպէս պէտք է ըլլայ։ Բայց եւ այնպէս, այս նոր երեւոյթը ծնունդ կու տայ նաեւ ուրիշ տեսական հաւանականութեան մը։ Պատրիարքարանը կրնայ գործնականօրէն ենթարկուիլ այդ կարգ մը ունեւոր հաստատութիւններու գերազդեցութեան կամ թէկուզ լռելեայն ճնշումին։ Ուստի, այս բոլորը կանխելու համար Պատրիարքական Աթոռը պէտք է հաւասար հեռաւորութեան վրայ մնայ մեր բոլոր հաստատութիւններուն հետ՝ մանաւանդ այս համայնքի այն ունեւոր կառոյցներուն հետ, որոնց յարաբերութիւնները այդքան ալ ներդաշնակ չեն։
Նկատի ունենալով, որ հորիզոնին վրայ է մեր համայնքին տեսակէտէ ելմտատնտեսական տագնապալի շրջան մը՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքի կողմէ այս փուլին ցուցաբերուելիք սկզբունքայնութիւնը, վճռակամութիւնը եւ վարպետութիւնը ճակատագրական նշանակութիւն պիտի ունենան յաջորդ քայլափոխին տեսակէտէ։ Թրքահայ իրականութեան տեսակէտէ անկիւնադարձային որոշումներու սեմին՝ Նորին Ամենապատուութեան ջանքերը պէտք է արժեւորուին՝ որպէսզի Պատրիարքական Աթոռը մնայ իր հնարաւորութիւններու բարձրակէտին վրայ։
Տեսնենք, վաղը ի՞նչ կ՚ըլլայ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ