Նոր միտքերու համար առիթ
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը նոր շունչ մը բերած է սփիւռքեան մեր իրականութեան։ Քանի մը տարի առաջ փակման վտանգի եզրին հասած այս բաժանմունքը այսօր հանդէս կու գայ անբաղդատելի ու նոյնիսկ դժուար հաւատալի կենսունակութեամբ։ Առանց վիրաւորերու իր համեստութիւնը՝ որպէս առարկայական տուեալ պէտք է արձանագրել, որ այդ բաժանմունքին ճակատագիրը փոխուած է Տքթ. Ռազմիկ Փանոսեանի տնօրէն նշանակուելէն վերջ։ Բաժանմունքը թօթափած է իր հոգեվարքի վիճակը եւ շուտով յաջողած՝ աշխոյժ գործունէութեան անցնիլ զանազան ուղղութիւններով։
Այստեղ հիմնական գաղտնիքը այն է, որ Ռազմիկ Փանոսեանի նշանակումով սկսած նոր հանգրուանին յամառ հա-ւատարմութիւն ցոյց կը տրուի՝ ծրագրաւորեալ աշխատանք տանելու սկզբունքին նկատմամբ։ Կրնայ ըլլալ, որ այդ մշակուած ծրագիրներուն առաջնահերթութիւնները չընկալուին միանշանակ, սակայն վէճէ դուրս է, որ անոր գործունէութիւնը մտած է նպատակասլաց հունի մը մէջ։ Հայ իրականութեան մօտ, մինչեւ մօտաւոր անցեալը, «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքին անունը դժբախտաբար նոյնացած էր տխուր քմահաճութիւններով, իսկ այսօր ետին մնացած է լճացումը եւ արդէն աստիճանաբար կշիռքի վրայ կը դրուին ուղղակիօրէն կատարուած գործերուն արդիւնքները։ Քիչ բան չէ իսկապէս, մանաւանդ որ անցած է շատ կարճ ժամանակ։ Սա մեծ լաւատեսութիւն կը ներշնչէ սփիւռքեան կեանքին առջեւ նոր հորիզոններ ուրուագծելու տեսակէտէ, որովհետեւ որդեգրուած նպատակները ուղղակիօրէն կ՚առընչուին արդի աշխարհի պայմաններով մեր ժառանգութիւնը վերարժեւորելու։
«Կիւլպէնկեան» հիմնարկը այսօր հայոց զանազան ընկերամշակութային եւ այլ բարենպատակ հաստատութիւններուն համար կը յատկացնէ միջոցներ։ Ամենակարեւորը այն է նաեւ, որ այդ միջոցները կը խթանեն սփիւռքեան գրեթէ կաթուածահար իրականութեան մօտ նոր միտքերու շրջագայութեան մէջ մտնելուն։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ