Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկը 50 տարեկան

Թրքա­հայ ու­սուց­չաց հիմ­նար­կը, ա­հա՛, կ՚ող­ջու­նէ ոս­կեայ յո­բե­լեա­նը։ Ան ար­դէն թե­ւա­կո­խած է իր հիմ­նադ­րու­թեան յիս­նա­մեայ յո­բե­լե­նա­կան հանգ­րուա­նը։ Շրջան մը, որ կ՚ի­մաս­տա­ւո­րուի բա­զում զո­հո­ղու­թիւն­նե­րով, կ՚ար­ժե­ւո­րուի բա­զում մար­տահ­րա­ւէր­նե­րով, կը բնո­րո­շուի հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թեամբ ու կը գնա­հա­տուի հաս­տա­տա­կա­մու­թեամբ։

Պոլ­սա­հայ ար­դի ի­րա­կա­նու­թեան մէջ Ու­սուց­չաց հիմ­նար­կը առա­նց­քա­յին նշա­նա­կու­թեամբ հաս­տա­տու­թիւն մըն է միան­շա­նակ։ Թէ՛ մաս­նա­գի­տա­կան եւ թէ վար­չա­կան տե­սան­կիւ­նէ հա­րուստ ա­ւան­դու­թե­նէ մը սե­րած մեր կրթա­կան հա­մա­կար­գին այժ­մու մղիչ ու­ժե­րէն մին է ան։ Կեդ­րո­նա­կան կամ վե­րահս­կող մարմ­նի մը բա­ցա­կա­յու­թեան պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ՝ մեր կրթա­կան հա­մա­կար­գը այ­սօր յա­ճախ կ­՚ապ­րի մո­լո­րու­թիւն­ներ, կը շփո­թէ իր ուղ­ղու­թիւ­նը։ Բա­րե­փո­խում­նե­րու ան­յե­տաձ­գե­լի հրա­մա­յա­կան­նե­րուն առ­ջեւ, իս­կա­պէս, մեր կրթա­կան հա­մա­կար­գը եր­բեմն կը հաս­նի ան­դա­մա­լուծ­ման եզ­րին։ Կազ­մա­կերպ­չա­կան թե­րու­թիւն­նե­րուն վրայ կու գան ա­ւել­նալ՝ ինք­նաքն­նա­դա­տու­թեան չկա­մու­թիւ­նը, հար­ցաքն­նող մտքի պա­կա­սը եւ ա­նար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան մղձա­ւան­ջը։ Մեր վար­ժա­րան­նե­րու ա­ռա­քե­լու­թեան ճա­նա­պար­հին յա­ռա­ջա­ցած ճկունու­թեան պա­կա­սը, ա­հա­զան­գա­յին հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րու հա­սած թե­րա­հա­ւա­տու­թիւ­նը, տագ­նա­պա­լի բնոյթ ստա­ցած հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ու զօ­րակ­ցու­թեան պա­կա­սը ու վեր­ջա­պէս հա­մա­տա­րած յո­ռե­տե­սու­թիւ­նը... Մեր բազ­մա­դա­րեան ժա­ռան­գու­թեան փո­խանց­ման ու վե­րար­տադ­րու­թեան ու­ղի­նե­րը խցա­նուած են այ­սօր դժբախ­տա­բար։

Յո­բե­լե­նա­կան մթնո­լոր­տին կամ ա­նոր պայ­մա­նա­ւո­րած տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րուն խո­տոր թող չհա­մա­րուի այս մռայլ հա­մայ­նա­պատ­կե­րին նկա­րագ­րու­մը։ Ար­դա­րեւ, ճիշդ ա՛յս ամ­բող­ջին մէջ է, որ կը բիւ­րե­ղա­նայ Ու­սուց­չաց հիմ­նար­կին ծա­ւա­լած գոր­ծու­նէու­թեան, ստանձ­նած ա­ռա­քե­լու­թեան ի­մաս­տը։ Ան մեր ի­րա­կա­նու­թեան մէջ կը խորհր­դան­շէ դի­մադ­րու­թիւն մը, կը հա­մա­րուի պոլ­սա­հայ կրթա­կան հա­մա­կար­գի փա­րոս­նե­րէն, ու­ղե­ցոյց­նե­րէն մին։ Ու­սուց­չաց հի­մնար­կը կը մարմ­նա­ւո­րէ պա­հա­կի մը, պաշտ­պա­նի մը կեր­պա­րը յաչս մեր հա­մայն­քին։ Այդ կեր­պա­րը կը պար­փա­կէ կա­ռոյց մը, որ նոյ­նա­ցած է կարգ մը ար­ժէք­նե­րու հետ, իր գո­յու­թեան չա­փա­նիշ­նե­րէն դար­ձու­ցած է այդ ար­ժէք­նե­րուն հա­մար տոկա­լը եւ ի վեր­ջոյ ան­զի­ջող ու անսա­կարկ նուի­րու­մով մը կա­պուած է ա­նոնց։

Անց­նող տաս­նա­մեակ­նե­րուն շատ յա­ճախ կշիռ­քի վրայ դրուծ է հիմ­նար­կին գոր­ծու­նէու­թեան ար­դիւն­քը մեր ի­րա­կա­նու­թեան մօտ։ Ճի՛շդ է, լա՛ւ է, ա­նոր հաս­ցէագ­րուած բո­լոր քննա­դա­տու­թիւն­նե­րով հան­դերձ։ Սա շար­ժու­մը կը պա­հէ կեն­սու­նակ։

Յա­մե­նայն­դէպս, պոլ­սա­հայ առ­կայ ի­րա­կա­նու­թեամբ, Ու­սուց­չաց հիմ­նար­կը ա­հա­զանգ մըն է, կոչ մըն է, ա­ղա­ղակ մըն է իր լի­նե­լու­թեամբ։ Ե­թէ կրթա­կան գոր­ծի կի­զա­կէ­տին կը գտնուին ու­սու­ցիչն ու ա­շա­կեր­տը, ա­պա հիմնար­կը ուղ­ղա­կիօ­րէն կ­՚ա­ռըն­չուի այդ հան­գա­ման­քին հետ։ Ա­պա­գա­յա­տե­սիլ խումբ մը նուի­րեալ­նե­րու ջան­քե­րով, յա­մառ աշ­խա­տան­քով իր ճա­նա­պար­հոր­դու­թեան սկսած այս հի­մնար­կը միշտ պոլ­սա­հա­յու­թեան օ­րա­կար­գին, հա­ւա­քա­կան մտքին ներ­գոր­ծած է՝ կրթա­կան մշակ­նե­րու նոր սե­րունդ­ներ պատ­րաս­տե­լու ստի­պո­ղու­թիւ­նը ար­ծար­ծուած պա­հե­լով։ Նոյ­նիսկ դժգոհ­նե­րուն պա­րա­գա­յին հիմ­նա­կան չա­փա­նի­շը կ՚ըլ­լայ Ու­սուց­չաց հի­մնար­կին ձեռք­բե­րու­մը կամ ձա­խո­ղու­մը, այլ խօս­քով՝ ը­րա­ծը կամ չը­րա­ծը։ Հաս­տա­տու­թիւն մը, ո­րու ա­ռաջ­նա­հերթ նպա­տակն է՝ հայ դպրո­ցի տար­րա­կան մար­դու­ժի պատ­րաս­տու­թեան, վե­րա­պատ­րաս­տու­թեան ծրագ-­րու­մը, այդ նուի­րա­կան գոր­ծին նպաս­տե­լը եւ այդ ուղ­ղու­թեամբ հա­ւա­քա­կան մտքի խմո­րու­մը, հա­սու­նա­ցու­մը։ Եւ, ան­շուշտ, ա՛յդ մար­դու­ժէն՝ իր կո­չու­մին գի­տա­կից հա՛յ ու­սու­ցի­չէն է, որ կա­խում ու­նին մեր գա­լիք սե­րունդ­նե­րուն հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը, ա­նոնց հայ­կա­կան դի­մագ­ծին յատ­կա­նիշ­նե­րը, ինք­նու­թեան ստո­րոգե­լի­նե­րը։ Այս­պի­սի նա­խա­պա­տուու­թիւն­ներ որ­դեգ­րած, հա­ւա­քա­կան մեր կեան­քէն ներս հա­մա­պա­տաս­խան դիր­քա­ւո­րում­նե­րով կա­ռոյ­ցի մը կէս դար ամ­բողջ գոր­ծե­լը դիւ­րի՞ն է մի­թէ։

Յիս­նա­մեայ յո­բե­լեա­նին առ­թիւ բի՜ւր յար­գանք՝ Թրքա­հայ ու­սուց­չաց հի­մնար­կի ե­րախ­տա­շատ բա­րե­յի­շա­տակ հի­մնա­դիր­նե­րուն, սա­տա­րող­նե­րուն ու սպա­սա­ւոր­նե­րուն։ Բա­րո­յա­կան պարտք կը հա­մա­րենք ա­ռանձ­նա­պէս ո­գե­կո­չել՝ բազ­մա­մեայ ա­տե­նա­պետ լու­սա­հո­գի Կա­րօ Կա­րա­պե­տեա­նը, ո­րու վաս­տակն ու ներդ­րած ե­ռան­դը իս­կա­պէս ան­փո­խա­րի­նե­լի են այս կա­ռոյ­ցի տա­րեգ­րու­թեանց մէջ։ Սա ա­նու­րա­նա­լի վկա­յու­թիւն մըն է պատ­մու­թեան առ­ջեւ։

Ի սրտէ կը շնոր­հա­ւո­րենք ա­տե­նա­պետ Տիար Սար­գիս Քիւ­լէ­կէ­չի կող­մէ գլխա­ւո­րուած այժ­մու պա­տուար­ժան վար­չու­թիւ­նը, ո­րու անդամ­նե­րուն ան­մնա­ցորդ նուի­րու­մը հիմ­նար­կին առ­ջեւ ու­րուագ­ծած է ոս­կէ յո­բե­լեա­նին հո­րի­զո­նը՝ ա­նոր առ­թած ամ­բողջ հպար­տու­թիւ­նով հան­դերձ։ Յա­նուն ար­դա­րու­թեան, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, պէտք է ա­ռանձ­նա­պէս կանգ առ­նել նաեւ հիմ­նար­կի սիւ­նե­րէն՝ բազ­մա­մեայ ա­տե­նադ­պիր Տիար Ա­րամ Գամ­պու­րեա­նի ա­նու­նին վրայ։ Ան կեն­դա­նի ա­կա­նա­տեսն ու մաս­նա­կիցն է հիմ­նար­կի հինգ տաս­նա­մեակ­նե­րու ո­դի­սա­կա­նին։

Կէս դա­րու հո­լո­վոյ­թին մէջ, Թրքա­հայ ու­սուց­չաց հիմ­նար­կը այ­սօր պահ մը շունչ քա­շած մե­զի կը պար­գե­ւէ տօ­նա­կան ջեր­մու­թիւն ու խինդ։ Ա­յո՛, սա տօն մըն է՝ ան­վա­րան։ Հիմ­նար­կի յո­բե­լեա­նը, յի­րա­ւի, տօ՛ն է հայ դպրո­ցի հե­տա­մուտ­նե­րուն, հա­մա­կիր­նե­րուն, նուի­րեալ­նե­րուն ու վեր­ջա­պէս ա­նոր վրայ յոյս դրած­նե­րուն, ա­նոր նկատ­մամբ հա­ւատ տա­ծող­նե­րուն հա­մար։ Շնոր­հա­ւոր, բո­լո­րի՛ս...

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Շաբաթ, Յունուար 30, 2016