Հեռատես ու հեռահար

Թուր­քիա հայ­կա­կան հար­ցին բե­րու­մով կը դի­մագ­րա­ւէ հեր­թա­կան մար­տահ­րա­ւէ­րը։ Այս խնդի­րը պատ­ճառ դար­ձած է, որ դար­ձեալ լա­րուա­ծու­թիւն մը յա­ռա­ջա­նայ երկ­րի մը հետ։ Այս ան­գամ բո­ղոք­նե­րու թի­րախն է Գեր­մա­նիան, ո­րու դէմ ծա­գած հա­կազ­դե­ցու­թիւ­նը կը տա­րա­ծո­ւի ամ­բողջ Եւ­րո­պա­յի վրայ։

Եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր, հա­կա­ռակ գոր­ծադ-րըւած բո­լոր ջան­քե­րուն, Ան­գա­րա չի կրնար այս հիմ­նախնդ­րին կտրուած­քով մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ ա­պա­հո­վել հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րու կա­յու­նու­թիւ­նը։ Զուտ այս հար­ցին ուղ­ղեալ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը կը մնան ան­բա­ւա­րար, ա­նուղ­ղա­կի գոր­ծօն­ներն ալ հե­ռու կը մնան ազ­դու ըլ­լա­լէ։ Ջղագր­գիռ կա­ցու­թիւն կը յա­ռա­ջա­նայ եւ Թուր­քիա ընդվ­զում կը յայտ­նէ, թէ եր­րորդ կող­մե­րը նա­խա­պա­տուու­թիւն կու տան միա­կող­մա­նի մօ­տե­ցում­նե­րուն, չեն ու­զեր հա­շո­ւի առ­նել մե­տայ­լի միւս ե­րե­սա­կը, ո­րու վրայ թրքա­կան կող­մի պաշ­տօ­նա­կան բա­նա­ձե­ւում­նե­րը կը գտնուին։

Թրքա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը ու­նի խոր փոր­ձա­ռու­թիւն։ Պարզ է, որ աշ­խար­հի բո­լոր եր­կիր­նե­րը նման ի­րա­վի­ճակ­նե­րու մէջ կ՚ա­ռաջ­նոր­դուին սե­փա­կան շա­հե­րով։ Ար­դա­րի կամ ա­նար­դա­րի, ա­ռար­կա­յա­կա­նի կամ են­թա­կա­յա­կա­նի գոր­ծօն­նե­րը յա­ճախ կը դառ­նան երկ­րոր­դա­կան։

Թուր­քիա կը դժուա­րա­նայ հայ­կա­կան հար­ցին շուրջ հա­րիւր տո­կո­սով հա­մո­զիչ ըլ­լալ յաչս մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան։ Դժուար է եր­րորդ եր­կիր­նե­րը հա­մո­զել նաեւ՝ սե­փա­կան շա­հե­րով պայ­մա­նա­ւո­րուած գոր­ծօն­նե­րու բե­րու­մով։ Ուս­տի, ա­ւե­լի հե­ռա­տես ու հե­ռա­հար քայ­լեր պէտք է առ­նէ Ան­գա­րան։ Պէտք է ստեղ­ծել այն­պի­սի մթնո­լորտ մը, ո­րու պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ երկ­րոր­դա­կան պէտք է դառ­նայ հա­մո­զիչ ըլ­լա­լը կամ ոչ։ Պէտք է վե­րաց­նել այն քա­ղա­քա­կան գոր­ծօն­նե­րը, ո­րոնք գե­տին կը պատ­րաս­տեն նման բա­նա­ձե­ւե­րու, եր­րորդ եր­կիր­նե­րու այս հար­ցի մի­ջամ­տու­թեան։

Այս հե­ռա­հար ու հե­ռա­տես քայ­լը պի­տի ըլ­լայ Թուր­քիա-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նա­ցու­մը. ե­րա­նե­լի այդ հանգ­րուա­նը օր մը պի­տի հաս­նի ա­պա­հո­վա­բար։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

 

 

Երկուշաբթի, Յունիս 6, 2016