ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՇԵՇՏԱԴՐՈՒՄ

Թուր­քիոյ ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նու­թեանց հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ Փոխ-վար­չա­պետ Եալ­չըն Աք­տո­ղա­նի ու­նե­ցած հան­դիպ­ման ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Ծա­նօթ է, որ ան­ցեալ Ուր­բաթ ա­ռա­ւօտ, Վար­չա­պե­տա­րա­նի Տոլ­մա­պահ­չէի գրա­սե­նեա­կի հա­մա­լի­րէն ներս, Փոխ-վար­չա­պետ Աք­տո­ղան նա­խա­ճա­շի սե­ղա­նի մը շուրջ հա­մախմ­բուած էր ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րու աշ­խար­հա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Ժամ­կէ­տի ա­ռու­մով սոյն հա­ւա­քոյ­թը զու­գա­դի­պած է ու­շագ­րաւ շրջա­նի մը, երբ առ­կա­խեալ ընտ­րու­թիւն­նե­րու հար­ցին բե­րու­մով բո­լոր փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րուն մօտ ան­հանգստու­թիւն­նե­րը հա­սած են ի­րենց գա­գաթ­նա­կէ­տին։ Ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րուն կազ­մե­րը քա­նի մը տա­րիէ ի վեր կա­րե­լի չ՚ըլ­լար վե­րա­նո­րո­գել՝ առ­կա­խուած ընտ­րու­թիւն­նե­րու հար­ցին բե­րու­մով։ Վա­քըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­թիւ­նը հեր­թա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու գոր­ծըն­թա­ցը կա­սե­ցու­ցած է՝ ընտ­րա­կան նոր կա­նո­նադ­րու­թեան մը պատ­րաս­տու­թեան պատ­ճա­ռա­բա­նու­թեամբ։ Ներ­կայ դրու­թեամբ ար­դէն այդ նոր կա­նո­նադ­րու­թեան պատ­րաս­տու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը եր­կա­րած ըլ­լալ կը հա­մա­րուի՝ տրա­մա­բա­նու­թեան սահ­ման­նե­րէն դուրս։ Ձգձգու­մը ար­դէն ծնած է ա­նո­րո­շու­թիւն մը, ինչ որ առ­կայ մտա­հո­գու­թիւն­նե­րուն հիմ­նա­կան պատ­-ճառն է։ Աք­տո­ղա­նի հետ հան­դի­պու­մը հա­մընկ­նած է ա­հա այս­պի­սի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը, հե­տե­ւա­բար այդ ժամ­կէ­տը կը նկա­տո­ւի թէ՛ յատ­կան­շա­կան եւ թէ յու­սադ­րիչ։

Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ նման շփու­մի մը են­թա­գե­տի­նը, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, կը նա­խա­պատ­րաս­տուէր մի­ջո­ցէ մը ի վեր։ ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան Իս­թան­պու­լի ե­րես­փո­խան Մար­գար Էսա­եան ներ­կայ տա­րե­մու­տին յայ­տա­րա­րած էր, որ Եալ­չըն Աք­տո­ղա­նի հետ ու­նե­ցած էր աշ­խա­տան­քա­յին ձե­ւա­չա­փի մէջ հան­դի­պում մը, ո­րու ըն­թաց­քին քննարկուած էր առ­կա­խեալ ընտ­րու­թեան հար­ցը։ Ան տե­ղե­կա­ցու­ցած էր նաեւ լուծ­ման ուղ­ղու­թեամբ պատ­րաս­տա­կա­մու­թեան շուրջ։

Ան­ցեալ տա­րե­վեր­ջին ձե­ւա­ւո­րուած այժ­մու կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ Եալ­չըն Աք­տո­ղան ստանձ­նած էր փոխ-վար­չա­պե­տի պաշ­տօն եւ այդ շրջագ­ծով ի­րեն վի­ճա­կած՝ վա­քըֆ­նե­րու ըն­դար­ձարկ բնա­գա­ւա­ռին պա­տաս­խա­նատուու­թիւ­նը։ Այդ փու­լէն սկսեալ ան հնա­րա­ւո­րինս ներ­թա­փան­ցած էր ո­լոր­տի ընդ­հա­նուր ի­րադ­րու­թեան եւ ի վեր­ջոյ հա­սուն­ցած էր նաեւ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու առ­կայ խնդիր­նե­րուն շուրջ խորհր­դակ­ցու­թիւն մը կազ­մա­կեր­պե­լու պա­հը։ Այս ժո­ղո­վը փո­խա­դարձ նշա­նա­կա­լից էր թէ՛ ծա­նօ­թու­թիւն հաս­տա­տե­լու, թէ՛ ուղ­ղա­կի ի­րա­զեկ­ման ու կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­նե­րու եւ թէ մէկզ­մէ­կու բազ­կե­րա­կը զգա­լու, տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը շօ­շա­փե­լու ա­ռու­մով։ Ըստ ե­րե­ւոյ­թին, այս բո­լոր տե­սան­կիւն­նե­րէն հան­դի­պու­մը ար­դա­րա­ցած է յաչս բո­լո­րին։ Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, ծա­ւա­լուն, խոր­քա­յին ու լուրջ ընդ­հա­նուր ար­ժե­ւոր­ման մը կա­րե­լիու­թիւ­նը ըն­ձե­ռած է այս հա­ւա­քը։ Թրքա­հայ հա­մայն­քա­յին գոր­ծիչ­ներն ալ, ո­րոնք մաս­նակ­ցած են այս հան­դիպ­ման, ու­նին դրա­կան տպա­ւո­րու­թիւն­ներ ու տո­գո­րուած՝ ընդ­հա­նուր լա­ւա­տե­սու­թեամբ։

Ըստ մեր ստա­ցած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն, այս տե­սակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­ցած է ե­զա­կի ե­րե­սակ մը։ Ար­դա­րեւ, պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիէն յա­ռա­ջա­տար դէմքի մը հետ տե­սակ­ցե­լու ըն­թաց­քին ա­ռա­ջին ան­գամ՝ թրքա­հայ հա­մայն­քին ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը միաս­նա­կան ձե­ւով ար­տա­յայ­տած են պա­հանջ մը՝ որ­պէս­զի աշ­խար­հա­կան վա­րիչ­ներն ալ կա­րե­նան ընդ­հա­նուր կա­ռա­վար­ման լիա­զօ­րու­թիւն­ներ ու­նե­նալ ղե­կա­վար­ման դրու­թեան մէջ։ Այս պա­հան­ջը շեշտուած է յստակ ձե­ւով։ Ի­րա­ւա­կան պար­տա­դիր ու­ժով, աշ­խար­հա­կան­նե­րէ բաղ­կա­ցեալ վար­չա­կան մարմ­նի մը, Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին ա­ռըն­թեր, ստեղ­ծուի­լը ներ­կա­յիս կը հա­մա­րուի անհ­րա­ժեշտ, ինչ որ յայտ­նուած է փոխ-վար­չա­պե­տի նկա­տառ­ման։ Տար­բեր հարց, որ այս խնդրին հե­ռան­կա­րա­յին լու­ծու­մը չի կրնար սահ­մա­նա­փակ մնալ զուտ վա­քըֆ­նե­րու ո­լոր­տին շրջագ­ծով, սա­կայն նման հար­թու­թեան մը վրայ այս էա­կան հար­ցին ա­ռա­ջին ան­գամ այս­քան շեշ­տա­կի ձե­ւով բարձ­րա­ձայ­նու­մը, ան­տա­րա­կոյս, կա­րե­լի չէ մատ­նել ա­նու­շադ­րու­թեան։

Հարկ է յի­շեց­նել, որ Պատ­րիար­քա­րանն ալ վեր­ջին ժա­մա­նակ­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցած է նման պա­հանջ մը։ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան մա­սին դի­մու­մը վեր­ջին ան­գամ թար­մաց­նե­լու ա­տեն անդ­րա­դար­ձած էր նման խնդրի մը։ Ըստ իր տրա­մադ­րած տուեալ­նե­րուն, ընտ­րու­թեան թոյլ­տուու­թիւն խնդրե­լու ա­ռըն­թեր, Պատ­րիար­քա­րա­նը վա­ւե­րաց­ման ներ­կա­յա­ցու­ցած էր նաեւ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան կա­նո­նադ­րու­թեան մը նա­խա­գի­ծը՝ պատ­րաս­տուած Ազ­գա­յին սահ­մա­նադ­րու­թեան ո­գիին ու տա­ռին հնա­րա­ւո­րինս հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով։ Ան տե­ղե­կա­ցու­ցած էր, որ այդ նա­խագ­ծին մէջ ալ նե­րառ­նուած էր աշ­խար­հա­կան­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ մարմ­նի մը ստեղծ­ման պա­րա­գան։ Ու­րեմն, այդ հանգ­րուա­նէն վերջ այժմ կրկնուած է այդ սպա­սու­մը յաչս պե­տու­թեան։

Վե­րա­դառ­նա­լով ընտ­րու­թեան խնդրի կար­գա­ւոր­ման հե­ռան­կար­նե­րուն՝ Եալ­չըն Աք­տո­ղան կա­րե­լիու­թիւն ու­նա­ցած է բո­լոր հա­մայնք­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը հա­ւա­քա­բար լսե­լու, իւ­րա­քան­չիւ­րին վե­րա­բե­րեալ ա­մե­նա­վեր­ջին տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը նոյ­նա­ժա­մա­նակ քա­ղե­լու եւ իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան շրջա­նին սկզբնա­կան պատ­կե­րա­ցում մը կազ­մե­լու։ Ճիշդ է, որ ինք տա­կա­ւին նոր ե­կած է պաշ­տօ­նի գլուխ եւ այդ բո­լոր խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն եր­կար ժա­մա­նա­կի կտրուած­քով հա­մադ­րու­թեան մը վե­րա­ծուե­լուն ա­ռու­մով կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ նաեւ Վա­քըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Ատ­նան Էր­թէ­մին մաս­նակ­ցու­թիւ­նը։ Ար­դա­րեւ, նման գոր­ծըն­թաց­նե­րու պա­րա­գա­յին միշտ ալ էա­կան կը հա­մա­րուի՝ քա­ղա­քա­կան ո­րո­շում­նե­րու եւ դի­ւա­նա­կա­լա­կան կար­գադ­րու­թիւն­նե­րու ուղ­ղոր­դու­մը։

Փոխ-վար­չա­պետ Աք­տո­ղա­նի հետ տե­ղի ու­նա­ցած նա­խա­ճա­շին կա­պակ­ցու­թեամբ շօ­շա­փե­ցինք կար­ծի­քը՝ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուի, Գար­ակէօ­զեան Տան խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կի­լի, Սուրբ Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տենա­պետ Պեռ­նար Սա­րը­պա­յի, ինչպէս նաեւ Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թո­րոս Ալ­ճա­նի։ Ու­րեմն, այս հա­մա­ռօտ ամ­փոփ­ման կող­քի սիւ­նակ­նե­րուն մէջ կ­՚ա­ծան­ցենք ա­նոնց կող­մէ մե­զի հետ բաժ­նուած տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը եւ վկա­յու­թիւն­նե­րը, որոնք այս պարագային ունին վաւերական նշանակութիւն։

ՇԻ­ՐԻ­ՆՕՂ­ԼՈՒ. «ՎԵ­ՐԱՀՍ­ԿԵ­ԼԻ ԿԱ­ՌԱ­ՎԱՐ­ՄԱՆ ԴՐՈՒ­ԹԻՒՆ ՄԸ ՊԷՏՔ Է ՈՒ­ՆԵ­ՆԱՆՔ»

Փոխ-վար­չա­պետ Պա­րոն Աք­տո­ղա­նին հետ ու­նե­ցանք շատ դրա­կան զրոյց մը։ Հիմ­նա­կա­նին մէջ, քննար­կում­նե­րուն ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կաւ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րու վա­գըֆ­նե­րուն ընտ­րու­թիւն­նե­րու խնդի­րը։ Ներ­կայ պա­հուն սա բո­լո­րի ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւ­նը դար­ձած է եւ բո­լոր ներ­կա­նե­րու խօ­սակ­ցու­թիւն­ներն ալ հա­մա­հունչ էին այս ի­րո­ղու­թեան։

Ես հա­մո­զուած եմ, որ այս խնդրին լու­ծու­մը կը յա­պա­ղի ուղ­ղա­կիօ­րէն մեր հա­մայն­քէն ներս յա­ռա­ջա­ցած պա­ռակ­տում­նե­րուն եւ ան­միա­բա­նու­թեան դրսե­ւո­րում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով։ Այս դի­տար­կու­մը ես բաժ­նե­ցի նաեւ Պա­րոն Աք­տո­ղա­նի հետ հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ։ Թէեւ կարգ մը բա­րե­կամ­ներ այդ դի­տարկ­ման բարձ­րա­ձայ­նուի­լը ող­ջու­նե­լի չեն հա­մա­րած, սա­կայն վեր­ջին հա­շուով ես ան­պա­տեհ չեմ նկա­տած այդ ե­րե­ւոյ­թին ան­կեղծ ձե­ւով սե­ղա­նի վրայ դրուի­լը։ Որ­մէ՞ պէտք է թաքց­նենք այն բա­նը, ո­րուն տե­ղեակ է ա­մէն մարդ։

Մեր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն ընտ­րու­թիւն­նե­րը ար­դէն շուրջ չորս տա­րիէ ի վեր յա­պա­ղած են։ Ես ը­սի, որ այս­քա­նէն վերջ թող քա­նի մը ա­միս եւս յա­պա­ղի, սա­կայն այդ համ­բե­րու­թեան ար­դիւն­քին ու­նե­նանք կա­տա­րեալ ու մեր առ­կայ կա­րիք­նե­րուն, մեր հա­մայն­քի այ­սօ­րուան սպա­սում­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան լու­ծում մը։ Ես յայտ­նած եմ, որ ներ­կա­յիս մեր հա­մայն­քի պա­րա­գա­յին շրջա­նա­յին ընտ­րա­կան դրու­թիւն մը կ­՚ըլ­լայ ա­ւե­լի նպա­տա­կա­յար­մար։ Հա­մո­զուած եմ, որ մեր բո­լոր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու պա­րա­գա­յին քա­ղա­քի ընդ­հա­նու­րին բաց ընտ­րա­կան դրու­թեան մը հաս­տա­տու­մը լա­ւա­գոյն լու­ծու­մը պի­տի չըլ­լայ։ Այ­սօր մեր ի­րա­կա­նու­թեան մօտ առ­կայ են բե­ւե­ռա­ցում­ներ, ո­րոնք յղի են հա­տուա­ծա­պաշ­տա­կան մօ­տե­ցում­նե­րով պլոք քուէ­նե­րու գոր­ծա­ծու­թեան։ Այս հա­ւա­նա­կա­նու­թեան ռիսքե­րուն հե­տե­ւան­քով կրնայ տու­ժել մեր հա­մայն­քը, նոյ­նիսկ ան­պա­տե­հու­թիւն­ներ կրնայ յա­ռա­ջա­նալ պե­տու­թեան տե­սան­կիւ­նէն։ Պէտք է այն­պէս մը գոր­ծենք, որ ա­պա­գա­յին բո­լո­րով ցաւ չա­պրինք։

Աշ­խար­հա­կան­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ ընդ­հա­նուր ի­րա­ւա­կան լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րով վար­չա­կան մար­մին մը պէտք է ձե­ւա­ւո­րուի։ Այս դրու­թիւ­նը մենք հա­յերս ար­դէն ու­նե­ցած ենք ան­ցեա­լի մէջ։ Մեր հա­մայն­քը Օս­մա­նեան շրջա­նին ըն­դու­նուած Ազ­գա­յին սահ­մա­նադ­րու­թե­նէն բխած կա­ռա­վար­ման ա­ւան­դա­կան ձեւ մը ու­նի։ Հա­ւա­նա­կան վար­կած­նե­րէն մին կրնայ ըլ­լալ նաեւ Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կի՝ VADİP-ի պաշ­տօ­նա­կա­նա­ցու­մը։ Խոր­քին մէջ պէտք է վե­րա­դառ­նալ այդ վա­ղե­մի դրու­թեան են­թադ­րած կա­ռա­վար­ման մօ­տեց­ման։

Մենք պէտք է ան­պայ­ման հաս­նինք այն կէ­տին, որ մեր բո­լոր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը ըլ­լան հա­շուե­տու։ Ա­նոնց գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ ի­րենց տնօ­րին­ման յանձ­նուած մի­ջոց­նե­րը ան­պայ­ման պէտք է ըլ­լան վե­րահս­կե­լի։ Եր­բեք պէտք չէ մոռ­նանք, որ մենք բո­լորս ալ կը կա­ռա­վա­րենք հա­մայն­քին սե­փա­կա­նու­թիւ­նը, ժա­մա­նա­կա­ւոր հեր­թա­պա­հու­թիւն մը կ­՚ը­նենք, մենք միայն հա­մայն­քի ապ­րան­քին պա­հակն ենք։ Իւ­րա­քան­չիւր հաս­տա­տու­թեան վար­չու­թիւն պար­տա­ւոր է հա­շուե­տու ըլ­լալ այս հա­մայն­քին առ­ջեւ։ Այս մտայ­նու­թիւ­նը ե­թէ չխո­րա­նայ, ա­պա այս հա­մայն­քը ո­մանց քմա­հա­ճու­թիւն­նե­րով կ­՚եր­թայ դէ­պի քայ­քայ­ման։

Հուսկ, ա­ւելց­նեմ, որ իմ կան­խա­տե­սում­նե­րը կը մնան ան­փո­փոխ. հա­մայն­քա­յին ընտ­րու­թիւն­նե­րու առ­կայ հար­ցին գործ­նա­կան լու­ծու­մը չի կրնար ըլ­լալ 2017 թուա­կա­նի Մա­յի­սէն ա­ռաջ։

ԿԻՒԼ­ՄԷԶ­ԿԻԼ. «ԸՆՏ­ՐՈՒ­ԹԵԱՆ ՀԱՐ­ՑԸ ԲՈ­ԼՈ­ՐԻՆ ՀԱ­ՄԱՐ ՀՐԱ­ՏԱՊ ՈՒ ՀԱ­ՍԱ­ՐԱ­ԿԱՑ Է»

Պա­րոն Եալ­չըն Աք­տո­ղա­նին հետ կազ­մա­կեր­պուած հան­դի­պու­մէն ու­նեցայ լաւ տպա­ւո­րու­թիւն­ներ։ Ան տա­կա­ւին նոր ե­կած է պաշ­տօ­նի գլուխ եւ աս­տի­ճա­նա­բար կը ստանձ­նէ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն։ Ին­քը բնա­կա­նա­բար ու­նէր ո­րոշ ընդ­հա­նուր տե­ղե­կու­թիւն­ներ, սա­կայն մեր հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ վե­րա­հա­սու դար­ձաւ բա­ւա­կան ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու։ Թէ՛ ին­քը եւ թէ իր խորհր­դա­կան­նե­րը ու­շադ­րու­թեամբ ար­ձա­նագ­րե­ցին փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րուն կող­մէ օ­րա­կար­գի վրայ բե­րուած խնդիր­նե­րը։ Այդ ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան ու վառ հե­տաքրքրու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ խոս­տա­ցաւ հե­տաքրք­րուիլ։ Յոյս ու­նիմ, որ այդ հի­ման վրայ պի­տի փոր­ձէ յա­ռաջ­խա­ղա­ցում ար­ձա­նագ­րել։

Մեր հան­դի­պու­մը դրա­կան էր ընդ­հանուր առ­մամբ։ Կը կար­ծեմ, որ առ­կա­խուած ընտ­րու­թիւն­նե­րու հար­ցին լու­ծու­մը կրնայ ա­րա­գա­նալ։ Ներ­կայ խնդիր­նե­րու եւ կա­րիք­նե­րու վե­րա­բե­րեալ բո­լոր ծալ­քե­րը ար­դէն ծա­նօթ են Պա­րոն Ատ­նան Էր­թէ­մին, որ փոխ-վար­չա­պե­տի կող­քին էր։ Իւրաքան­չիւր նա­խա­րա­րի փո­փո­խու­թեան հանգ­րուա­նին, դժբախ­տա­բար, ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն կ­՚ապ­րուի փոր­ձա­ռու­թեան ու պա­շա­րի կո­րուստ մը։ Յե­տոյ ո­րոշ ժա­մա­նա­կի կը կա­րօ­տի այդ նոյն գոր­ծըն­թա­ցին մէջ փոր­ձա­ռու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մը։ Փոխ-վար­չա­պետ Պա­րոն Աք­տո­ղան, որ ներ­կա­յիս կը գտնուի գոր­ծի գլուխ, ազ­դու անձ­նա­ւո­րու­թիւն մըն է, կա­րե­ւոր դիր­քի մը վրայ է՝ մա­նա­ւանդ, որ մաս կը կազ­մէ նաեւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի ան­մի­ջա­կան գոր­ծա­կից­նե­րու շրջա­նա­կին։

Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան փոք­րա­մաս­նա­կան բո­լոր հա­մայնք­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն կանգ ա­ռին ընտ­րու­թեան հար­ցին վրայ։ Սա միան­շա­նա­կօ­րէն դար­ձած է հա­սա­րա­կաց եւ հրա­տապ հարց մը։ Իւ­րա­քան­չիւր հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ա­ռանց բա­ցա­ռու­թեան մատ­նան­շեց այս հար­ցը։

Գա­լով յա­րա­բե­րա­բար ա­ւե­լի ու­րոյն, զուտ մեր հա­մայն­քին տե­սա­կէ­տէ կեն­սա­կան հար­ցի մը... Մեր հա­մայն­քի հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն ընտ­րեալ վար­չու­թիւն­նե­րը պէտք է են­թա­կայ ըլ­լան ընդ­հանուր կար­գա­պա­հու­թեան, որ­պէս­զի մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քը ըլ­լայ կա­ռա­վա­րե­լի եւ վե­րահս­կե­լի։ Մենք պէտք է ու­նե­նանք աշ­խար­հա­կան­նե­րէ բաղ­կա­ցեալ, ընդ­հա­նուր ի­րա­ւա­սու­թիւն­նե­րով օժ­տուած վար­չա­կան մար­մին մը։ Միայն այս ձե­ւով կրնանք կա­սեց­նել առ­կայ ինք­նագ­լուխ եր­թը։ Այդ աշ­խար­հա­կան­նե­րէ բաղ­կա­ցեալ մար­մինն ալ պէտք է ընտ­րուի հա­մայն­քին կող­մէ։ Այ­սինքն թէ՛ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն վար­չու­թիւն­նե­րը պէտք է ընտ­րուին եւ թէ այդ ընդ­հա­նուր կամ վե­րին մար­մի­նը պէտք է ընտ­րուին հա­մայն­քին կող­մէ։ Վե­րին մար­մի­նը չի կրնար ըլ­լալ նշա­նա­կո­վի, ո­րով­հե­տեւ նշա­նա­կուած մար­դիկ վերջ ի վեր­ջոյ չեն կրնար ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծել ընհտրուած մար­դոց վրայ։ Վե­րին մար­մի­նը պէտք է ու­նե­նայ պար­տա­դիր ուժ։

Իմ դի­տարկ­մամբ, աշ­խար­հա­կան­նե­րէ բաղ­կա­ցեալ վե­րին մարմ­նի մը ստեղծ­ման կա­րի­քը ա­ռա­ջին ան­գամ շեշ­տադ­րուե­ցաւ այս­քան ուժ­գին ձե­ւով, ինչ որ կը նկա­տեմ շատ դրա­կան։

ԱԼ­ՃԱՆ. «ԸՆՏ­ՐՈՒ­ԹԵԱՆ ՀԱՐ­ՑԸ ՄԵԾ ԱՄ­ԲՈՂ­ՋԻ ՄԸ ՀԻՄ­ՆԱ­ԿԱՆ ՄԱ­ՍԵ­ՐԷՆ ՄԻՆ Է»

Պա­րոն Աք­տո­ղան հան­դար­տա­բա­րոյ անձ­նա­ւո­րու­թիւն մըն է, բայց մեր հան­դիպ­ման օ­րը ի­րեն ներ­կա­յա­ցաւ խումբ մը, ո­րու ան­դամ­նե­րը նեղ կա­ցու­թեան մէջ էին՝ հրա­տապ լուծ­ման կա­րօտ զա­նա­զան հար­ցե­րու բե­րու­մով։ Վեր­ջին մէկ տա­րուան ըն­թաց­քին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու վաքըֆ­նե­րը հե­տա­մուտ են եր­կու հիմ­նա­կան խնդրի լուծ­ման։ Ա­ռա­ջի­նը՝ առ­կա­խեալ ընտ­րու­թիւն­նե­րու հարցն է, իսկ երկ­րոր­դը՝ այն խնդիր­նե­րը, ո­րոնք կը ծա­գին փոք­րա­մաս­նու­թեանց կալ­ւած­նե­րու սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի վե­րադար­ձի հանգ­րուա­նին։

Հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ, իմ պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան բե­րու­մով՝ ես միայն հայ հա­մայն­քի հար­ցե­րուն վրայ չծան­րա­ցայ։ Փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու վա­քըֆ­նե­րը այ­սօր ու­նին բա­զում հար­ցեր։ Այդ ամբող­ջին մէջ եր­կու մեծ կտոր­նե­րը կը հան­դի­սա­նան քիչ ա­ռաջ մատ­նան­շած­ներս, այ­սինքն՝ ընտ­րու­թիւ­նը եւ կա­լուած­նե­րու վե­րա­դար­ձին ժա­մա­նակ յա­ռա­ջա­ցած դժուա­րու­թիւն­նե­րը։ Ե­թէ դի­տար­կենք մեծ պատ­կե­րը, ա­պա կը տես­նենք, որ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու վա­քըֆ­նե­րուն խնդիր­նե­րը կ­՚ա­ռըն­չուին բազ­մա­թիւ պե­տա­կան կամ պաշ­տօ­նա­կան մար­մին­նե­րու հետ։ Մեր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէն տուրք կը պա­հան­ջեն քա­ղաքա­պե­տա­րան­նե­րը, ո­րոնց­մէ սկսեալ մին­չեւ Ազ­գա­յին կրթու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը, Ելմ­տա­կան նա­խա­րա­րու­թե­նէն սկսեալ մին­չեւ Պե­տա­կան գան­ձը։ Փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու հա­մայն­քա­յին վար­ժա­րան­նե­րուն եւ հո­գե­ւոր կեդ­րոն­նե­րուն ի­րա­ւա­կան կամ պաշ­տօ­նա­կան կար­գա­վի­ճա­կի հարցն ալ ան­կա­րե­լի է մոռ­նալ ան­շուշտ։

Հե­տաքրք­րա­կան ե­րե­ւոյթ­նե­րէն մին այն է, որ բա­ցի Լո­զա­նի դաշ­նագ­րէն եւ Վա­քըֆ­նե­րու օ­րէն­քէն՝ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ա­նու­նը չէ նշուած ո­րե­ւէ տեղ։ Լո­զա­նի դաշ­նա­գի­րը կար­ծես չէ ազ­դած օ­րէնք­նե­րուն վրայ։ Կրթա­կա­նէն սկսեալ մին­չեւ ելմ­տա­կա­նը՝ մեր վա­քըֆ­նե­րը բազ­մա­թիւ ո­լորտ­նե­րու մէջ հար­ցեր կը դի­մագ­րա­ւեն։ Այս­տեղ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու մա­սին ամ­բող­ջա­կան ու հա­մա­պար­փակ շրջա­նա­կա­յին օ­րէն­քի մը կա­րիքը յա­ռա­ջա­ցած է։ Սա այն­պէս օ­րէնք մը պէտք է ըլ­լայ, որ իւ­րա­քան­չիւր հա­մայն­քի ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րը հա­շուի առ­նէ, ա­նոր ըն­ձե­ռէ ինք­նար­տա­յայ­տու­թեան եւ ինք­նադր­սե­ւոր­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն։ Նման նա­խագ­ծի մը նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը յա­ռաջ կը տա­րուին աս­տի­ճա­նա­բար։ Պա­րոն Աք­տո­ղա­նի հետ տե­ղի ու­նե­ցած տե­սակ­ցու­թեան լոյ­սին տակ պի­տի պատ­րաս­տեմ տե­ղե­կա­գիր մը։ Ընդ­հա­նուր պա­հանջ­նե­րը ար­դէն յայտ­նի են, այդ տե­ղե­կագ­րին մէջ պէտք է դա­սա­ւո­րեմ նաեւ իւ­րա­քան­չիւր հա­մայն­քի ա­ռանձ­նա­յա­տուկ հար­ցե­րը կամ սպա­սում­նե­րը։

Ընտ­րու­թիւն­նե­րու խնդի­րը բնա­կա­նա­բար շատ էա­կան է։ Ես չեմ կար­ծեր, որ այս հար­ցին լու­ծու­մը կը յա­պա­ղի զուտ մեր հա­մայն­քին մօտ յա­ռա­ջա­ցած տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րուն բե­րու­մով։ Սա, իմ տե­սան­կիւ­նէն, կը թուի ըլ­լալ խնդրա­յա­րոյց մօ­տե­ցում մը։ Իւ­րա­քան­չիւր հա­մայն­քէն ծա­գած մաս­նա­ւոր հար­ցե­րը ես հա­կուած եմ դա­սել թեքնիկ խնդիր­նե­րու շար­քին։

Ա­ւե­լի՛ն, մի­ջան­կեալ նշենք, որ մենք միայն չու­նինք մեր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վա­րու­թեանց ընտ­րու­թեան հար­ցը, պէտք չէ մոռ­նալ նաեւ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան հար­ցը։ Թրքա­հայ հա­մայն­քը ար­դէն միայն այս եր­կու պա­րա­գա­նե­րու շար­ժա­ռի­թով ընտ­րու­թիւն­ներ կ­՚ը­նէ։ Մեր հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րը չու­նին ի­րենց հաս­տատ­ման մա­սին հիմ­նա­րար փաս­տա­թուղ­թեր՝ vakfiye-ներ։ Գրա­ւոր յստակ փաս­տա­թուղ­թեր չկան ա­նոնց պա­րա­գա­յին, ինչ որ Օս­մա­նեան շրջա­նէն դէ­պի Հան­րա­պե­տա­կան շրջան ան­ցու­մա­յին գոր­ծըն­թա­ցին մէջ յառա­ջա­ցած լուրջ բար­դու­թիւն մըն է։ Մեր վա­քըֆ­նե­րը, ըստ էու­թեան, շատ յա­ճախ ճանչցուած կամ դա­սա­ւո­րուած են՝ ի­րենց կող­մէ տնօ­րի­նուած կա­լուած­նե­րուն հի­ման վրայ։ Առ­կայ վի­ճա­կով կը յա­ռա­ջա­նան բար­դու­թիւն­ներ։ Գլխա­ւոր հա­կա­սու­թիւն­նե­րէն մին այն է, որ երբ մեր վա­քըֆ­նե­րէն մին զար­գա­նայ, հարս­տա­նայ կամ ը­սենք՝ մեծ­նայ, հնա­րա­ւո­րու­թիւն չու­նի ընդ­լայ­նե­լու, տե­սա­կա­ւո­րե­լու իր գոր­ծու­նէու­թեան դաշ­տը։ Երկ­րի բո­լոր փոք­րա­մաս­նա­կան վա­քըֆ­նե­րուն կա­ցու­թիւ­նը եւ ա­նոնց այժ­մու պղտո­րու­թեամբ լի­նե­լու­թե­նէն բխած հա­կա­սու­թիւն­նե­րը հա­շուի առ­նե­լով՝ ճար մը պէտք է գտնել, լու­ծում մը պէտք է ար­տադ­րել, որ­պէս­զի ա­նոնք կա­րե­նան ու­նե­նալ vakfiye-ներ։ Այդ փաս­տա­թուղ­թը եւս կրնայ ու­նե­նալ հիմ­նա­կան սկզբունք­նե­րու վրայ հիմ­նուած շրջա­նակ մը։ Եւ այդ շրջա­նա­կը կա­րե­լի է այն­պի­սի ճկու­նու­թեամբ գծել, ո­ր իւ­րա­քան­չիւր վաքըֆ մնա­ցեալ ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը լրաց­նէ՝ ըստ իր ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րուն։ Այս­պէ­սով հնա­րա­ւոր կրնայ դառ­նալ մեր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան դաշ­տը յստա­կաց­նել եւ ուղ­ղու­թիւն­ներն ալ ճշդել պար­զօ­րէն։ Օ­րի­նա­կի հա­մար ա­ւելց­նեմ. այդ­պի­սի դրու­թեան մը մէջ հնա­րա­ւոր կրնայ ըլ­լալ միան­գա­մընդ­միշտ կար­գա­ւո­րել մեր հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րուն մի­ջեւ գու­մար­նե­րու փո­խա­նակ­ման խնդիր­նե­րը։

Հուսկ, նշեմ, որ Պա­րոն Աք­տո­ղա­նի հետ կազ­մա­կեր­պուած տե­սակ­ցու­թիւ­նը կը հա­մա­րեմ օգ­տա­շատ։ Կը մաղ­թեմ, որ այս ան­գամ այ­լեւս հաս­նինք շօ­շա­փե­լի ար­դիւն­քի մը։

ՍԱ­ՐԸ­ՊԱՅ. «ԲԱ­ՑԱՏ­ՐԵ­ՑԻՆՔ ԸՆՏ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵ­ՐՈՒՆ ԱՌ­ԿԱ­ԽՄԱՆ ՎՆԱՍ­ՆԵ­ՐԸ»

Պա­րոն Աք­տո­ղա­նին հետ դրա­կան հան­դի­պում մը ու­նե­ցանք։ Այս երկ­խօ­սու­թիւ­նը լաւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն մըն էր փո­խա­դար­ձա­բար։ Կը կար­ծեմ՝ տրա­մա­բա­նա­կան շա­րու­նա­կու­թիւն մը կ­՚ու­նե­նայ, ո­րով­հե­տեւ այն­պէս տպա­ւո­րուած եմ, որ մե­զ հասկ­ցաւ։ Պա­րոն Աք­տո­ղան կազ­մեց ամ­բող­ջա­կան պատ­կե­րա­ցում մը։ Ան­շուշտ, Պա­րոն Ատ­նան Էր­թէ­մի ներդ­րումն ալ ա­նան­տե­սե­լի է այս ուղ­ղու­թեամբ։ Բո­լո­րը մատ­նան­շե­ցին ընտ­րու­թեան հար­ցը եւ բա­ցատ­րե­ցին առ­կայ առ­կա­խուած կա­ցու­թեան զա­նա­զան վնաս­նե­րը։ Բայց եւ այն­պէս, չեմ կար­ծեր, որ ընտ­րու­թեան խնդի­րը լու­ծուի փու­թով։ Իւ­րա­քան­չիւր հա­մայն­քի նա­խըն­թաց­նե­րը, ու­րոյն պայ­ման­նե­րը հա­շուի պի­տի առ­նուին եւ ըստ այդմ պի­տի պատ­րաս­տուի կա­նո­նադ­րու­թիւն մը։ Ըստ ե­րե­ւոյ­թին, չի բա­ցա­ռուիր, որ օ­րէնսդ­րա­կան կար­գադ­րու­թեան մը կա­տա­րուի­լը, 2008 թուա­կա­նին ըն­դու­նուած Վա­քըֆ­նե­րու օ­րէն­քը կրնայ լրամ­շա­կուիլ։ Այս ուղ­ղու­թեամբ ակ­նար­կու­թիւն­ներ ալ ե­ղան, սա­կայն ես կը կար­ծեմ, որ վեր­ջին հա­շուով կա­նո­նադ­րու­թեան մը ըն­դու­նուի­լը կրնայ ըլ­լալ ա­ւե­լի դիւ­րին ու գործ­նա­կան։ Ո­րով­հե­տեւ, օ­րէնսդ­րա­կան կար­գադ­րու­թիւ­նը կ­՚են­թադ­րէ ա­ւե­լի բարդ ըն­թա­ցա­կարգ մը՝ խնդի­րը պէտք է տա­րուի խորհր­դա­րան։ Մինչ­դեռ, կա­նո­նադ­րու­թեան մը հաս­տատու­մը շատ ա­ւե­լի պարզ ըլ­լալ կը թուի։

Ըստ իս, ճկուն կա­նո­նադ­րու­թիւն մը պի­տի պատ­րաս­տուի։ Իւ­րա­քան­չիւր հա­մայնք ընտ­րա­կան հար­ցին ա­ռու­մով ու­նի տար­բեր ա­ռաջ­նա­հեր­թութիւն՝ իր մար­դու­ժին, ժո­ղովր­դագ­րա­կան պայ­ման­նե­րուն եւ ղե­կա­վար­ման ա­ւանդա­կան ձե­ւե­րուն հա­մե­մատ։ Թէեւ նշուե­ցաւ, որ հար­ցը փու­թով պի­տի լու­ծուի, սա­կայն ժամ­կէ­տի ա­նո­րո­շու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կուի։

Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, պա­րոն փոխ-վար­չա­պե­տին բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուի Սուրբ Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցի յա­րա­կից տա­րած­քին ձեռ­նար­կուած մեր շի­նա­րա­րու­թեան ըն­թաց­քին շուրջ եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­ցի ցու­ցա­բե­րուած վե­րա­բեր­մուն­քին հա­մար։

Երկուշաբթի, Մարտ 7, 2016