Մրցաշարք եւ գայթակղութիւն - ա
«Ռուբէն Սէմէրճեան» միջմիութենական պասքեթպոլի մրցաշարքին շրջագծով ստեղծուած տհաճ երեւոյթները այս օրերուն առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնեն մեր համայնքին օրակարգը, զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ ստեղծուած ամօթալի արձագանգով հանդերձ։ Այս դէպքը կու գայ անմիջապէս մեր մտքին մէջ թարմացնել Պատրիարքարանի երդիքին տակ բոլորովին վերջերս կազմակերպուած ժողովը՝ մեր միութիւններուն եւ ակումբներուն գործունէութիւնը համակարգելու, կազմակերպելու որոնումով։ Պասքեթպոլի մրցաշարքին շրջագծով ստեղծուած գայթակղութիւնը կու գայ ապացուցանել, թէ որքա՛ն կարեւոր էր այդ նախաձեռնութիւնը եւ միեւնոյն ժամանակ կու գայ արձանագրել, որ առանց ժամանակ կորսնցնելու պէտք է շարժման անցնիլ՝ գործնական միջոցներու դիմելու համար։
Դժբախտաբար, մեր երիտասարդական բնագաւառը անտարբերութեան ճիրաններուն մէջ է այսօր։ Սա միայն նիւթական միջոցներու պակասի, ներդրումներու անբաւարարութեան մասին խնդիր մը չէ։ Նիւթական հարցերը, այո՛, իրենց հերթին, ունին առանցքային նշանակութիւն, սակայն ամէն ինչ նիւթականով սահմանափակ չէ։ Համակարգուած աշխատանքի, կազմակերպուած գործունէութեան առումով այսօր կաթուածահար վիճակի մէջ է թրքահայութիւնը։ Արդարեւ, համեստ միջոցներ ունենալ չի նշանակեր անպայման ըլլալ անկազմակերպ։ Մեր միութիւններու եւ ակումբներու պարագային այլանդակութիւնը այնպիսի մակարդակի մը հասած է, որ պատասխանատուներն ալ յաճախ իրենց մատնուած անգործութեան համար որպէս պատրուակ կ՚օգտագործեն միջոցներու սակաւութիւնը։ Այդ անդամալուծութիւնը այսօր կ՚արգիլէ մեր երիտասարդութեան ազատութիւնները, կ՚ամլացնէ անոր մտահորիզոնները ու կը սահմանափակէ անոր ստեղծագործութիւնը։
Այս վերջին պասքեթպոլի մրցաշարքին շուրջ պատահածները, իսկապէս, մէկ կողմէ զաւեշտական են ու միւս կողմէ ողբերգական։ Առկայ ծայրայեղ սիրողականութիւնը ո՞ւր պիտի առաջնորդէ այս համայնքը, սնանկ մտայնութիւններով լճացած ակումբներն ու միութիւնները ի՞նչ կրնան խոստանալ մեր երիտասարդութեան։ Հարցադրումներու շարանը կարելի է երկարել ու մեղք, որ սա կրնայ ծառայել միայն յոռետեսութեան ամրապնդման։
Մամուլի միջոցաւ եւ մեր միւս լսումներուն հիման վրայ համադրուած տեղեկութիւններով, պարագան հետեւեալն է։ Անցեալ Կիրակի մրցաշարքի սկսելէն կարճ ժամանակ առաջ կարգադիր յանձնախումբը հաւանութիւն չէ տուած, որ Ճէմ Քըրըլմազ եւ Ճէմ Թիմիրճի մասնակցին խաղերուն՝ այն պատճառաբանութիւնով, որ իրենք կը պատկանին ասորի համայնքին։ Երկուքն ալ մաս կը կազմէին Եշիլգիւղի սանուց միութեան խումբին։ Երբ անոնք դուրս թողուած են մրցաշարքէն, Եշիլգիւղի սանուց միութեան խումբն ալ հետեւած է իրենց։ Երկու մարզիկներու ընդվզման հիմնական պատճառը եղած է այն, որ անցեալ տարիներուն ալ անոնք մասնակցած են այս մրցաշարքին, նոյնիսկ Հայաստանի մէջ մասնակցութիւն բերած՝ Համահայկական խաղերուն։ Այս կէտէն սկսեալ ճիւղաւորուած է խնդիրը։
Վաղը պիտի շարունակենք խորհրդածել այս նիւթին շուրջ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ