ԱՄԷՆ ԻՆՉ ՊԱՐԶ Է

Սուրբ Ծնունդի առթիւ Գումգաբուի աւանդական ընդունելութիւնը ամէն տարի առիթ կը հանդիսանայ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի տուեալ ժամանակաշրջանի ընդհանուր ընթացքին։ Այս տարի եւս եղաւ այդպէս։ Բոլոր անոնք, որոնք մասնակցեցան այդ աւանդական հաւաքոյթին, մէկ կողմէ թէեւ տօնական օրով բարձր տրամադրութիւն ունէին, սակայն, լռելեայն վկայեցին համայնքային կեանքի առկայ պատկերի պարզած մտահոգութիւնը։ Նախորդ տօնական ընդունելութեան փոթորկալից մթնոլորտի յիշողութիւնը, ըստ երեւոյթին, պայմանաւորած էր այս տարուանին կազմակերպչական մտայնութիւնը։ Գումգաբուի մէջ ամէն ինչ շատ հապճեպով ընթացաւ։ Պատրիարքական Աթոռի գահակալը հայերէնով եւ թրքերէնով արտայայտուելու ժամանակ հաշուի կ՚առնէր բարդ հաւասարակշռութիւններ, ինչ որ զգալի էր իր ոճէն։ Յետոյ ներկայ հոգեւորականներուն հարց տրուեցաւ, թէ ըսելու բան մը ունէի՞ն։ Այդ ձեւականութեան մէջ ոեւէ մէկը արտայայտուիլ չփափաքեցաւ՝ բացառութեամբ Մխիթարեան վանատան ներկայացուցիչին, որ շնորհաւորութիւններ փոխանցեց։ Աշխարհական վարիչներուն առհասարակ հարց չտրուեցաւ, թէ ըսելու բան մը ունէի՞ն կամ ոչ։ Պետրոս Շիրինօղլուն ալ գոհացաւ միայն ոտքի վրայ շնորհաւորութիւնով մը ու շեշտեց, որ միասնականութիւնը ուժ կը ծնի։

Կարճ խօսքով, տարեմուտի ընդունելութեան թէեւ գրեթէ ոչինչ խօսուեցաւ, սակայն ամէն ինչ պարզ էր… 2024 թուականի տարեմուտին դրութեամբ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի վարչական փակուղին կը խորանայ։ Համայնքային վարժարաններու ցանցին՝ տարիներէ ի վեր յետաձգուած եւ անշրջադարձելիօրէն կուտակուած խնդիրներուն ազդեցութիւնը ո՛չ միայն անյաղթահարելի ըլլալ կը թուի, այլեւ անոնց բեռին տակ կքելու ազդանշաններ կու տայ համակարգը։ Այո՛, տեսլականի պակասը անվիճելի է, այո՛, ներքին համակարգուած զօրակցութիւն չկայ, սակայն, այլեւս համայնքը այնպիսի կէտի մը հասնելու վրայ է, որ նոյնիսկ եթէ հրաշքով այդ բոլորը մէկ պահէն միւսը գոյանայ՝ կարգ մը կորուստները անխուսափելի պիտի ըլլան, երկարաժամկէտ անդառնալի հետեւանքներ պիտի ունենան։

Թրքահայ կեանքէն ներս տագնապը կ՚ահագնանայ՝ քանի երկար ժամանակէ ի վեր ներդրում-արդիւնք յարաբերակցութիւնը չէ հաշուարկուած ու չի հաշուարկուիր։ Այստեղ կա՛ն դիտումնաւորութիւններ, կա՛ն վարչայիններու ընթացքով յառաջացած բարդութիւններ եւ ամենակարեւորը՝ կան սկզբունքային շեղումներ, որոնք համայնքային կառոյցները այլանդակութեան եզրին հասցուցած են իրենց առաքելութեան ճանապարհին վրայ։ Երկար ժամանակէ ի վեր համայնքի հաւաքական կարիքները առարկայականօրէն չեն արժեւորուիր, նիւթական միջոցներ տնօրինող կառոյցներուն համար ամէն ինչ թոյլատրելի ու ներելի կը համարուի եւ եթէ նոյնիսկ անոնց առած քայլերը կամ գործառոյթները երկարաժամկէտ չարդարանան, ապա ուրիշներ՝ որպէս հեղինակութիւն հանդէս գալով, իրենք կը նետուին այդ բոլորը արդարացնելու, որպէսզի յաջորդ քայլափոխին կարողանան այդ միջոցներէն իրենց բաժին դուրս բերել։ Այսպէսով համայնքի նիւթական միջոցները անխնայօրէն կը մսխուին։ Բաղձալին ժողովուրդին աչքին իրականի վերածելու անհեռանկար ու անհեռատես ձգտումը համատարած ախտի մը վերածուած է։ Այս բոլորը կ՚ուղղորդուին աճպարարութիւններու դիպաշարով մը, նաեւ արհեստական օրակարգի մը սնուցմամբ։ Համայնքային հաստատութիւններուն միջեւ գործնականօրէն, լռելեայն ստեղծուած է նո՛ր նուիրապետութիւն մը։ Առաջնահերթ դարձած են այն հաստատութիւնները, որոնք նիւթական միջոցներ կը տնօրինեն, իսկ մնացեալները սկսած են հետզհետէ աւելի երկրորդական դասուիլ։ Մինչդեռ, այդ բոլոր հաստատութիւնները ժողովուրդի աչքին հաւասար կարեւորութիւն կը ներկայացնեն՝ իրենց առաքելութեան բերումով։ Սակայն, քանի վարչական հարթութեան վրայ առաքելութիւն-սկզբունք թանտեմէն ահաւոր շեղում մը արձանագրուած է, հաւաքական այդ կամքը գործնական դրսեւորում չ՚ունենար։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ վարչական առողջ որոշումներ ընդունելու ճանապարհներն ալ կը խցանուին, որովհետեւ ստեղծուած իրավիճակը գործնականօրէն նախ եւ առաջ ստրկամտութիւն կը պահանջէ բոլորէն։

Թէ ինչպէ՞ս այս պատկերը ցոլացաւ Գումգաբուի տարեմուտի ընդունելութեան վրայ։ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքը յայտնեց, որ օրը տօնական էր եւ արդէն խնդիրներ քննարկելու համար համայնքը ունէր զանազան հարթակներ՝ մասնաւորապէս Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB)։ Այսինքն, ան պատշաճօրէն խնդրեց տօնական օրով չանդրադառնալ համայնքի խնդիրներուն։ Այստեղ դառն ճշմարտութիւնը այն է, որ համայնքի վարիչները երբ որ սկսին քննարկել առկայ հարցերը, ապա անխուսափելիօրէն լարուածութիւն կը ծագի։ Պատրիարքական Աթոռի գահակալն ալ, բնականաբար, ջանաց կանխել այդ երեւոյթը եւ համայնքի մատնուած ընդհանուր անճարութեան տեսակէտէ շատ խորհրդանոշական էր իր արտայայտութիւնը, ըստ որու կային այլ հարթակներ խնդիրները քննարկելու համար։ Անշուշտ, այդ հեւքին մէջ անիմաստ էր մատնանշուած այլընտրանքային հարթակներու արդիւնաւէտութեան հարցը հարցաքննել։ Նորին Ամենապատուութիւնը դիտել տուաւ, որ համայնքը նոր տարի մը կը դիմաւորէ իր մարտահրաւէրներով։ Ան բացատրեց, որ Սուրբ Ծնունդի տօնը ունի իր պատգամը, թէ Աստուած մեզի հետ է։ Սուրբ Ծնունդի խորհուրդը կը պարփակէ, որ տխրութիւնը կը փարատուի։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը՝ որպէս ճարտար քարոզիչ, վարչական խնդիրները փորձեց բանաձեւել կրօնաբարոյական սահմանումներով, ինչ որ յարմարագոյնն էր՝ տօնական օրով բերնի համ չաւրելու համար։ Յամենայնդէպս, ան շեշտեց, որ այս նոր տարին այդքան ալ լաւ չի գար, որովհետեւ կարելի չէ գիտնալ, թէ ի՛նչ անակնկալներ պիտի բերէ։ Նորին Ամենապատուութիւնը թէեւ յորդորեց լաւատես եւ ինքնավստահ ըլլալ, սակայն մատը դրաւ նաեւ զարկերակին վրայ եւ անպատեհ չնկատեց տարեմուտի դրութեամբ յիշեցնել, որ համայնքային դպրոցներու մեծամասնութեան շէնքերը երկրաշարժի դէմ դիմադրունակ դառնալու համար ամրապնդուելու կարիքն ունին։ Այսպէսով ան ակնարկեց ամենացաւալի խնդիրներէն մէկուն, որ մտահոգիչ չէ միայն ենթադրած մեծ նիւթական միջոցներուն բերումով, այլեւ անոր համար, որ լուրջ տարակարծութիւններու պատճառ է համայնքային վարիչներուն միջեւ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նշեց նաեւ, որ սիրոյ սեղաններու ընդհանուր արդիւնքը թէեւ այդքան ալ վատ չէ, սակայն բազմաթիւ վարժարաններու տարեկան պիւտճէի բացերը ամբողջութեամբ չեն փակուած։ Ան յիշեցուց տնտեսական առկայ տագնապի հանգամանքը, նաեւ այն իրողութիւնը, թէ 15-20 տարիէ ի վեր վարժարաններու պիւտճէի բացը համայնքի հիմնական օրակարգն է։ Մեր կողմէն այս կէտին վրայ կրնանք հարցում մըն ալ քննարկել։ Այսօրուան պայմանները, անշուշտ, մէկ օրէն միւսը չեն յառաջացած։ Ուրեմն, սա կը նշանակէ, որ երկար ժամանակէ ի վեր սխալներ եւ անհեռատեսութիւններ խնդրոյ առարկայ են։ Մնաց որ, եթէ մինչեւ 15-20 տարի առաջ համայնքային վարժարաններու պիւտճէները կը հաւասարկշռուէին, ապա այդ ժամանակներուն ի՞նչ արդիւնք քաղուած էր՝ մանաւանդ հայերէնի ազդու եւ արդիւնաւէտ ուսուցման տեսակէտէ։

Այս հարցումը տեղին է ու պէտք չէ անտեսուի, որովհետեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ յայտնեց, որ պոլսահայ կրթական համակարգի հիմնական խնդիրը պէտք չէ ըլլայ պիւտճէի բացը, սակայն երբ պիւտճէի բաց մը խնդրոյ առարկայ է, ապա անկարելի է մնացեալ խնդիրներուն անդրադառնալ։ Նորին Ամենապատուութեան այս դիտարկումը, անշուշտ, շատ դիպուկ բանաձեւուած էր եւ մետայլի միւս երեսակին ի յայտ կը բերէ այլ ճշմարտութիւններ, թէ մեր կրթական համակարգի խնդիրը դադրած է նպատակասլաց ձեւով, յստակ որակաւորումներով մարդուժի պատրաստութիւն ըլլալէ եւ մարդիկ հետամուտ են անիմաստ ձգողականութեան մը։ Այս հակասութիւնը արդէն կը փճացնէ պոլսահայ կրթական համակարգը եւ առկայ պայմաններով նիւթական խնդիրները արգելք կը դառնան մասնագիտական կատարելագործման։ Այս կէտին վրայ, անշուշտ, վարչական սկզբունքային մօտեցում պէտք է ցուցաբերուի, իսկ այսօր դժուար թէ կարելի ըլլայ այդ մասին խօսիլ, որովհետեւ վարչական հարթութեան վրայ ընդհանուր մտայնութիւնը հաշտ չէ ճշմարտութիւններուն հետ։

Ի լրումն այս բոլորին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տարեմուտի ընդունելութեան ժամանակ, յամենայնդէպս, անդրադարձաւ նաեւ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային հիւանդանոցներու վարչական խորհուրդներու ընտրութեան հարցին։ Ան շեշտեց, որ պետութեան տնօրինման ենթակայ խնդիր մըն է այս մէկը եւ ներկայիս յստակութիւն չկայ։ «2023-ին չեղաւ, սակայն սա չի նշանակեր, որ 2024-ին պիտի չըլլայ», ըսաւ ան եւ ակնարկեց նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ղեկը ստանձնելու համար համայնքէն ներս արդէն ձեւաւորուած ճամբարներուն եւ այն խմորումներուն, որոնք յաջորդ քայլափոխին սուր ընտրապայքարի մը կրնան վերածուիլ։ Նորին Ամենապատուութիւնը խորհուրդ տուաւ համայնքէն ներս մրցակցութիւն չհրահրել։ «Անշուշտ, հետաքրքրութիւնը լաւ է, սակայն երբ տակաւին յստակ ոչինչ կայ, ապա պէտք չէ քարոզչութեան սկսիլ եւ սա համայնքային հարցի մը վերածել», ըսաւ ան։

Մարտի 31-ին նախատեսուած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու նախօրեակին Նորին Ամենապատուութիւնը համայնքային վարիչներուն նկատառման յանձնեց նաեւ այլ յորդորներ։ Այսպէս, թեկնածուներ, ինչպէս միշտ, կրնան այցելել մեր եկեղեցիները։ Անոնք կրնան ինքզինքնին ծանօթացնել մեր համայնքի վարիչներուն։ Յամենայնդէպս, այդ բոլորը պէտք է ըլլայ մեր եկեղեցիներու յարակից սրահներուն կամ խորհրդարաններուն մէջ։ Կուսակցական թեկնածուները պէտք չէ արարողութիւններու ընթացքին տաճար առաջնորդուին կամ եկեղեցիներու շրջափակերուն մէջ հասակ ցոյց տան, որովհետեւ մեր սրբավայրերը պէտք է խնայուին քարոզչութեան հարթակներու վերածուելէ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տարեմուտի ելոյթին մէջ անուշադրութեան չմատնուեցաւ նաեւ գաւառի հայութեան դիմագրաւած խնդիրները՝ մասնաւորապէս 6 փետրուար 2023 թուականի սոսկալի երկրաշարժին հետեւանքով։ Ան վերյիշեց բոլոր զոհերը, որոնց 11-ը մեր համայնքի զաւակներն էին։ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը Թուրքիոյ մէջ գործող եկեղեցական կառոյցներու շարքին առաջինը եղած էր, որ յաջողեցաւ օժանդակութիւն փութացնել աղէտի գօտի։ Սա Պատրիարքարանի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի ձեռքբերումներէն մին էր։ Նորին Ամենապատուութիւնը յիշեցուց, որ Վաքըֆլըգիւղի եւ Իսքէնտէրունի մեր եկեղեցիները կը շարունակեն փակ մնալ պաշտամունքի, իսկ Մալաթիոյ պարագային անհրաժեշտ է փութով ի կատար ածել բնակարանաշինութեան ծրագիր մը, որպէսզի տեղաբնակ՝ իսկապէս շատ սակաւաթիւ հայերը եւս չլքեն քաղաքը, որովհետեւ անոնց գոյութիւնը նախախնամական նշանակութիւն ունի շրջանի ժառանգութեան պահպանման տեսակէտէ։

Այս բոլորէն վերջ նոր տարուան վերաբերեալ կանխատեսումներ ընելու, համայնքային կեանքին շուրջ ենթադրութիւններով հանդէս գալու համար իսկապէս անհրաժեշտ չեն մարգարէութիւնները։ Թրքահայութիւնը ճանապարհորդութիւնը կը շարունակէ ժողովրդական բանաձեւումով «կ՚ապրինք, կը տեսնենք» փիլիսոփայութեամբ։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երեքշաբթի, Յունուար 9, 2024