ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԿԵՐՊԱՐԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան այսօր կը դառնայ 80 տարեկան։ Տարեդարձները, անշուշտ, միշտ ալ ուրախառիթ են, բայց, սա ո՛չ մակերեսային տարեդարձ մըն է, ո՛չ ալ ենթական սովորական յոբելեար մը։ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի 80-ամեակը, անտարակոյս, համազգային նշանակութեամբ յոբելեան մըն է, հաշուի առնելով, որ նախագահի դերակատարութեամբ, կշիռով ու հեղինակութեամբ դրոշմուած է հայոց արդի պատմութիւնը։ Ան այնպիսի կերպար մը կը մարմնաւորէ, որ ժամանակներու հոլովոյթին մէջ հեռատեսութիւնը կը բազմապատկէ իրեն նկատմամբ հիացումը, յարգանքը, համակրանքն ու սէրը. հանգամանքներ, որոնք դժուար թէ հայ ղեկավարի մը պարագային այսքան չարաշահուած ու թիրախաւորուած ըլլան, սակայն, միեւնոյն ժամանակ, իւրաքանչիւր անգամ այսքան վերահաստատուած։

Լեւոն Տէր-Պետրոսեան՝ գիտական ու պետական գործիչ, «Ղարաբաղ» կոմիտէի անդամ, Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ… Եւ այսքան ու վերջ։ Կենսագրութի՞ւն, մանրամասնութի՞ւն… Սա անուն մըն է, որ արդի ժամանակներուն պայմանաւորած, յեղաշրջած է այն չափանիշները, որոնք կենսագրութիւն մը գրի առնելու ատեն կը կիրառուին ընդհանրապէս։ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան հայ իրականութեան մէջ վաղուց դարձած է իմաստութեան եւ երախտագիտութեան առանցք մը, կոթող մը. մարդ, մե՜ծ մարդ, որու առաջնորդած շարժումը բազում դարեր անց փոխած է ճակատագիրը սեփական ազգին, պետութիւն պարգեւած հարազատ ժողովուրդին։ Մարդ, մե՜ծ մարդ, որ Սովետի բռնատիրական բանտին նստած՝ իր տեսիլքով, իր երազով սնած է ազատութեան գաղափարը եւ բարձրացուցած՝ դարերու ընթացքին ծուռ մնացած իր ազգին գլուխը։ Մարդ, մե՜ծ մարդ, որ անարդարութիւններու ենթարկուելով արդարութիւն ապահոված է իր ազգին, անիրաւութիւններու դէմ կանգնելով երաշխաւորած է իրաւունքը իր ժողովուրդին, անհաւասար գոյամարտերու մէջ պետականութիւն կերտած, անկարելիութիւններու դէմ պայքարելով անկախութեան հորիզոն ուրուագծած, ինքնիշխանութեան ծիածանը հիւսած է իր հայրենիքի երկնակամարին։

*

Նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի 80-ամեակն է այսօր։ Դժուար է գրել իր յոբելեանին մասին՝ քանի ան վաղուց հայոց պատմութեան անժամանակ հերոսներու, անժամանցելի հսկաներու շարքին է։ 1980-ականներու վերջաւորութեան եւ վաղ 90-ականներուն աշխարհ մեծ փոփոխութեան, ճամբաբաժանի դէմ յանդիման էր։ Եւ հայոց պատմութեան իսկապէս շատ սակաւ փուլերէն, պահերէն մին էր, երբ կար ճիշդ ղեկավարութիւն, որու շնորհիւ դարե՜ր-դարե՜ր անց, հայ ժողովուրդը չտուժեց համաշխարհային անցումային իրավիճակի մը մէջ եւ ընդհակառակն։ Տէր-Պետրոսեանի անգերազանցելի քաղաքական միտքը առանձին ուշադրութեան արժանի է այս առումով։

Ամբոխավար մը կամ արկածախնդիր մը չէր Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, ամբոխահաճ մըն ալ չէր, բայց, շատ իրական, շատ իսկական էր իր ազգին առջեւ ու իբր այդ յաջողեցաւ շարժման անցընել ամբողջ ներուժը ազգին, որ հաւատացած էր իրեն ու գուցէ շատ հազուագիւտօրէն չեղաւ յուսախաբ։ Տէր-Պետրոսեանը եղաւ պարզապէս իր ազգին Լեւոնը եւ ազգը զինքը իւրացուց՝ որպէս հարազատ զաւակ, որուն վստահեցաւ իր ճակատագիրն ու արժանապատուութիւնը։ Նախագահ Տէր-Պետրոսեան անկեղծ եղաւ իր ժողովուրդին հետ, վռնտեց անոր շնչած օդը ապականած պատմութեան ուրուականները, ասպարէզ կարդաց ստրկամտութեան դէմ եւ ընդլայնեց հաւաքական գիտակցութեան հորիզոնները։ Ան անկախութիւնը յոյզերով չմատուցեց իր ազգին, այլ փորձեց հասկնալի դարձնել, որ կը սկսէր նոր շրջան մը, հայութիւնը կը թեւակոխէր նոր հարթութիւն մը՝ պայմանաւորուած պետական-հաւաքական շահու տրամաբանութեամբ։ Ան պատգամեց հաւաքական մտայնութեան նոր որակ մը, որ տեսանելի ապագային շօշափելի երաշխիքներ պիտի ապահովէր՝ բազմաչարչար հարազատ ազգի, չարքաշ սեփական ժորովուրդի յաւերժութեան համար։

Լեւոն Տէր-Պետրոսեան չունեցաւ պատմութեան մէջ դիրքաւորուելու խնդիր, որովհետեւ մասնագիտութեամբ պատմաբան՝ չէր մոլորուեր անոր լաբիւրինթոսներուն մէջ։ Ան չունեցաւ նաեւ աշխարհի կողմէ ընկալուելու խնդիր՝ քանի յաջողեցաւ ըլլալ արդի ժամանակներուն միջազգայնօրէն ամենաբարձր ընկալումով հայ պետական ղեկավարը։ Ընդունակ էր իր ժամանակներու ոգին զգալու, անոնց զարկերակը բռնելու։ Մշակոյթներու եւ արժէքներու խաչմերուկին էր, կը պատկերացնէր բոլորի շահերն ու հաշիւները։ Իրեն համար նուազագոյն անհրաժեշտը բոլորին այնքան լաւ կը պարզէր, որ արդիւնքին միշտ կ՚արդարանային իր ժողովուրդին զոհողութիւնները, կրած զրկանքներն ու տուած կորուստները՝ պետականակերտման ճանապարհին։ Տէր-Պետրոսեանը այնպէս մը կը գործէր, որ կարծես հայոց ընդհատուած անկախութիւնը կը շարունակուէր՝ հաստատութենական մտայնութեամբ եւ, աւելի՛ն, պատմութեան դասերով ապահովագրուած։ Ան բոլորին յարգանք կը պարտադրէր մարդկային որակով ու մտաւորական բարձրութեամբ, որոնք հասունութեան գործօնի վերածուած էին իր առաջնորդած երիտասարդ պետութեան կայացման ջանքերուն մէջ։

Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի ղեկավարած շարժման օրով Հայաստանի Հանրապետութիւնը ծնաւ պատերազմներու մէջ, սակայն, ան երբեք յաչս միջազգային հանրութեան չդարձաւ նախայարձակ միլիթարիստ առաջնորդ մը։ Ան յաջողեցաւ բոլորը համոզել, թէ իր երկրին պարտադրուած պատերազմը կը մղէր խաղաղութեան համար։ Ան յաղթանակի բերկրանքը վայելեց՝ իրեն բնորոշ վեհութեամբ։ Չեղաւ հարբած մը այդ յաղթանակով, միշտ գիտցաւ, թէ անոր գինը եղած էր իր ազգի հազարաւոր զաւակներու նահատակութիւնը ու կարծես սեփական յարգանքի հասկացութեան դրսեւորումը եղաւ ռազմաճակատի հակառակորդին նկատմամբ չափաւորութիւնը։

Լեւոն Տէր-Պետրոսեան չեղաւ ու չէ պահու, ակնթարթի մարդ մը։ Ան թէեւ տուեալ պահը միշտ լաւագոյնը արժեւորեց, անկէ առաւելագոյնը քաղեց, բայց, զանոնք անժամանակ ու անժամանցելի ձեռքբերումներու վերածելու ռազմավարութիւնը ունեցաւ. բան մը, որ բնորոշ էր եւ է իր վսեմութեան։

Ազգայինին այնքան լաւ կը տիրապետէր, որ զայն զերծ կը պահէր լոզունգներու աղճակատումէն։ Միջազգային կացութեան այնքան խորաթափանց տեղեակ էր, որ առանց հակադրութեան կամ հակասութեան՝ կը յաջողէր անոր մէջ տեղաւորել ազգայինը։ Իր ազգին բոլոր բանալիները կը մատուցէր՝ տուժածի հոգեբանութենէն դուրս գալու, ներքին թերութեան զգացումներն ու բարդոյթները յաղթահարելու համար։ Երեւանի սիրտէն Լենինի արձանի հեռացումէն վերջ, երբ նոր կուռքերու որոնումներ կային, նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան ձայն բարձրացուցած էր, թէ այդ տեղը միայն Մեսրոպ Մաշտոցը կրնայ գրաւել։

Արդի պատմութիւնը որքան որ ալ քաղաքականացուած, որքան որ ալ քարոզչական նպատակներու ծառայեցուած ըլլայ՝ այդ ամբողջ թանձր մշուշին մէջ կը նշմարուի քանի մը էական հանգամանք։ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան չեղաւ պատեհապաշտ ու պարագայապաշտ, այլ միշտ մնաց հնարաւորինս սկզբունքային։ Ան չհանդուրժեց միջակութիւնները, անհրաժեշտութեան պարագային չթերացաւ «լրջանալու պահերը» յիշեցնելու, մատնանշելու իր առաքելութեան մէջ։ Չեղաւ համընդհանուր հոսանքին յանձնուող մը։ Տէր-Պետրոսեան չեղաւ պատմութեան մէջ մսխող մը, այլ ան յաւերժ կը յիշուի՝ որպէս կուտակած ղեկավար, որու ամբարածը անգին, պաշարածը անգնահատելի եղաւ հայութեան համար։ Իր անունը հայոց պատմութեան մէջ կը մնայ ոսկետառերով քանդակուած՝ որպէս պետականակեդրոն մտածելակերպի ջահակիր, որու ներդրած մրցանիշային աւանդը կը դառնայ սերունդներու ուղենիշ։

*

Պարոն նախագահ,

Այսօր Ձեր 80-ամեակն է։ Գիտենք՝ բացարձակ անընդունելի է Ձեզի համար՝ այսքան խօսիլ-ըսել Ձեր մասին։ Թոյլ տուէք գէթ այսօր չհնազանդիլ Ձեզի՝ քանի Ձեր մասին ըսել-գրելը ունի հաւաքական նշանակութիւն եւ օգուտ։

Այս յոբելեանին իմ մտքին մէջ կը վերակենդանանան ի՜նչ-ի՜նչ յուշեր։ Պոլսահայ լրագրողի դերին մէջ ճանչցած էի Ձեզ, երիտասարդ, շա՜տ երիտասարդ հասակով։ 19 տարեկան էի, երբ առաջին անգամ Ձեր ձեռքը սեղմած էի. Ձեր հպումով օծուած ըլլար կարծես ձեռքս, որով գրիչ կը շարժէի։ 1999 թուականի ամառնամուտն էր, ՍԾՏՀԿ-ի հիմնադրման գագաթաժողովին համար եկած էիք Պոլիս։ Վարչապետ Տեմիրէլ՝ որպէս հիւրընկալ, ծովապտոյտ մը կազմակերպած էր գագաթաժողովի մասնակիցներուն համար։ Մեծ պայքարէ մը վերջ, հազիւ վերջին պահուն ինքզինքս նետած էի այդ զբօսանաւը, որուն վրայ պաշտօնական ընթրիքէն առաջ առաջին անգամ մօտեցած էի Ձեզի։ Սիրտս երբեք չէր բաբախած այդպէս։ Սա առաջին հնարաւորութիւնն էր նաեւ Ձեր ոճին հետ շփուելու… Վոսփորի վրայ էինք ու վրայ հասած էր Ձեր խօսքը.

-Պատմէ քիչ մը այս տեղերուն մասին։

-Ի՞նչ պատմեմ, պարոն նախագահ, կ՚երեւի ինձմէ աւելի լաւ գիտէք ամէն ինչ։

Ձեզի երկարած էի թուղթ ու գրիչ մը։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցողներուն համար ողջոյնի նախադասութիւն մը գրած էիք՝ ստորագրութիւնը դասական ուղղագրութեամբ։

Նախախնամութիւնը այնպէս տնօրինած էր, որ Ձեզմէ առաջ ճանչցած էի Ձեր լուսահոգի եղբայրը՝ Թելման Տէր-Պետրոսեանը, որ այցելած էր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը, ուր զրուցած էր հոգելոյս մեծ հօրս հետ։

Պոլիս Ձեր երկրորդ այցելութեան ալ միասին էինք. անզէն աչքով կը վկայէի, թէ ի՜նչ պատկառանք կ՚առթէիք բոլորին։ Պոլսոյ Պատրիարքարանի դահլիճի Ձեր ելոյթներէն մէկուն ընթացքին կանխաւ ներողութիւն խնդրած էիք օտար բառ մը օգտագործելու համար։

Տարիները սահեցան. հանդիպումներ ունեցանք Երեւանի մէջ՝ ՀՀՇ-ի կեդրոնին, Հանրապետութեան նախագահի ապարանքին մէջ։ Կը յիշեմ Ձեր ելոյթը՝ 1995 թուականին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գումարուած Ազգային-եկեղեցական ժողովի բացման, երբ մատնանշած էիք Հայաստանի որդեգրած հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութիւնը։ Կը յիշեմ 1996 թուականի ընտրութիւններուն նախորդած՝ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակի մեծ հանրահաւաքի Ձեր ելոյթը, զոր ունկնդրած էի այնքան մօտիկէն։

Երբ 1996 թուականին մահացած էր հոգելոյս մեծ հայրս՝ Արա Գօչունեան, Ձեր հրահանգով ցաւակցական մը ուղարկուած էր Երեւանէն։ Օր մըն ալ ես Երեւանի մէջ մասնակցած էի Ձեր լուսահոգի մօր քառասունքին։ Զուգադիպութի՞ւն, փոխադարձութի՞ւն…

Եւ օր մըն ալ, պարոն նախագահ, օր մըն ալ, չարաբաստիկ օր մը… Պոլիսէն օդանաւ մտած էի՝ Երեւան թռնելու համար։ Երբ ճանապարհ դուրս եկած էի, Դուք նախագահ էիք, իսկ երբ հասայ Երեւան, այլեւս նախագահ չէիք. ըսին, որ հրաժարած էիք։ Տակաւին ականջիս մէջ կ՚արձագանգէ որպէս նախագահ Ձեր վերջին խօսքի եզրափակիչ «բարին ընդ ձեզ»ը։ Երկուր-տե՛ս, որ այդ բարին, ափսո՜ս հետզհետէ հեռացաւ ու հեռացաւ։

Սկսած էինք շփուիլ Ձեր նոր բնակարանին մէջ, որու ընդարձակ պարտէզը կը մշակէիք եռանդով։ «Վեց ամիս պարտիզպան եմ, վեց ամիս գիտնական», ըսած էիք անգամ մը, երբ ծառէն Ձեր իսկ քաղած միրգերը կը հրամցնէիք նուաստիս։ Դուք ինչպէս որ ալ բանաձեւէիք՝ ինձ համար միշտ նախագահ էիք ու յաւերժ կը մնաք այդպէս։ Արդարեւ, ո՛չ թէ նախագահ դարձած մը, այլ միայն ու միայն նախագահ ծնած մը կրնար մարսել ու տանիլ Ձեր ապրածները։

Ձեր բնակած «սեւ շէնքը» նոր կեանք ու կենսունակութիւն ստացած էր Ձեր պատկառելի ներկայութեամբ։ Տիկին Լուսիային միշտ հաճելի ներկայութիւնը, Ձեր թոռնիկներուն վազվզուքը։ Ընթացքին բարեկամներ դարձած էինք նաեւ Ձեր որդւոյն՝ Դաւիթին եւ եղբօր որդիին՝ Արմէնին հետ։ Ի՜նչ մեծ պատիւ էր՝ Ձեր իւրաքանչիւր նոր գիրքէն մակագրուած օրինակ մը ունենալ։

-Տեղ ունի՞ս, մէկ-երկու հատ ալ Պոլիս կրնա՞ս տանիլ հետդ…

Այնպէս մը կը հարցնէիք, որ միանշանակ հաճոյքի կը վերածուէր։

2008 թուականին, վերստին թեկնածու առաջադրուելէ շատ կարճ ժամանակ առաջ ալ խօսելու առիթ մը ունեցած էինք։

Իւրաքանչիւր փուլին մեծարանքի զգացում կ՚ունենայի, երբ Ձեր մտերմութեան եւ անկեղծութեան առարկայ կը դառնայի՝ մանաւանդ, որ միշտ թոյլ կու տայիք բաճկոնս հանել, թէեւ չէի օգտուեր այդ թոյլտուութենէն։

Ձեր պաշտօնավարութեան շրջանին, օր մը Երեւանէն, նախագահական աշխատակազմէն հեռաձայն մը ստացած էի։ Պիտի չյիշեմ երկխօսիս անունը։ Կը հարցնէր թրքական մամուլի մէջ հրապարակման մը մասին՝ ըսելով, որ Դուք հետաքրքրուած էիք։ Այդ ժամանակներուն թրքական թերթերու մէջ Հայաստանի մասին գրուած գրեթէ ամէն ինչը կը թարգմանէի մեր թերթին համար։ Զրուցակցիս պատասխանած էի, թէ իմ թարգմանածս կրնայի անմիջապէս տրամադրել, բայց, նախագահին ներկայացնելէ առաջ՝ լաւ կ՚ըլլար առ ի զգուշութիւն թարգմանութիւնը քննել՝ հաւանական իմաստի սահեցումներու դէմ։

-Պարոն նախագահը ձեր թարգմանութիւններու պարագային արդէն անհրաժեշտ չի նկատեր վերահաստատումը…

Այս էր ինծի տրուած պատասխանը, որ «գործի լրջութեան» պատգամ մը եղած էր, երբ մեծ հօրս մահէն վերջ տակաւին նոր խմբագիր դարձած էի։

Դուք գիտնական էք ու գիտեմ՝ արխիւը մեծ նշանակութիւն ունի Ձեզի համար։ Ես ալ համեստ արխիւիս մէջ ունիմ մեծ հօրմէս աւանդուած ձեռագիր մը, ուր գրուած է. «Պիտի չխրատեմ քեզ, որովհետեւ գիտեմ, թէ իմաստուն ծնած ես»։ Սա այն անձն էր, որու յօդուածները կը կարդար Թելման Տէր-Պետրոսեանը եւ Դուք արձագանգած էինք մահուան գոյժին։ Այսօր կը մտածեմ, թէ Դուք ալ իմաստուն ծնած էք։ Քաւ լիցի, որ Ձեզի հետ համեմատուէի, բայց, այս բանը կ՚ըսեմ, որովհետեւ ինծի համար երկար ատեն շատ անհասկնալի ու տարօրինակ էր, որ հօրմէս տարի մը փոքր էիք։

Պարոն նախագահ,

Ձեր յոբելեանն է այսօր։ Ձեզմով ու Ձեր ընկերներով դրոշմուած ուղեւորութիւնը բոլորին ծանօթ է։ Կարծէք, թէ այսօր յարմար չէ այդ ճանապարհորդութեան սկիզբի եւ առկայ վիճակի բաղդատութիւնը ընել։ Ինքնախաբէութեան, անշուշտ, չերթանք, բայց եւ այնպէս, այսօրուան յոբելեանի տրամադրութեան վրայ ստուեր ածելն ալ ճիշդ չէ յամենայնդէպս։

Այս տողերը կը մրոտեմ՝ Ձեր հպումով կարծես օծուած ձեռքիս գրիչով։ Սկիզբին, ամենասկիզբին, մարդիկ կը պնդէին, որ Թուրքիոյ հայերը Ձեզի կը համակրէին, որովհետեւ սա ամենահեշտն էր։ Խոստովանիմ՝ երբեմն ակամայ կը տարուէի։ Նախախնամութիւնը դաժան գտնուեցաւ։ Միայն Ձեր պաշտօնէ հեռացումէն վերջ կարողացայ անդրադառնալ, թէ իրականութիւնը ճիշդ հակառակն էր։ Դժուար ճանապարհը Ձե՛ր որդեգրածն էր։ Եւ այս բոլորը ըսելու համարձակութիւնը կը զգամ միայն այն խղճի գործօնով, թէ Ձեր որդեգրած ճանապարհին համակրած ու հաւատացած եմ միշտ։

Սա այնպիսի ճանապարհ մըն է, որ հայ ազգը կը պարտադրէ անցնիլ արահետներէ եւ իւրաքանչիւր քայլափոխին կը վերահաստատուի Ձեր անկրկնելի իմաստութիւնը, պետական-քաղաքական հանճարը, նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը՝ բառին բուն եւ լիարժէք, հայ մարդը փշաքաղող իմաստով։

Պարոն նախագահ, հայոց Ձեզի ժամանակակից սերունդները ճաշակեցին հպարտութիւնը Ձեր ու Ձեր լծակիցներուն շնորհիւ։ Պայքարի, դատի մարդի կերպարը վերաիմաստաւորեցիք ու վերարծարծեցիք բոլորի աչքին առջեւ։ Մարդիկ ականատես եղան իրենց ազգի՝ դարերով ծուռ մնացած վզի ուղղուելուն՝ Ձեր առաջնորդած շարժման շնորհիւ։ Ձեր երկրաւոր կեանքի ութսուն տարիներու շուրջ տասնամեայ ժամանակահատուածին՝ Ձեր անձին մէջ մարմնաւորուած, ներկայացուած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Ինչպէս որ Ձեր հետքը կայ հայոց եռագոյնին, «Մեր Հայրենիք»ին վրայ, այնպէս ալ Ձեր տեղը կայ մեր հանապազօրեայ աղօթքին մէջ։ Ձեր բացառիկ քաղաքական ժառանգութիւնը կ՚ուսուցանէ, որ փոքր ազգերը, պետութիւնները ի՛նչ պէտք է ընեն ու ի՛նչ պէտք չէ ընեն գոյատեւելու համար՝ հզօրի ու տկարի անգութ, ծայրայեղական յարաբերակցութենէն խնայուելով։ Ձեր պայծառ դէմքը, Ձեր քաղցր ժպիտը միշտ մեր հայեացքին առջեւ է՝ ամէն անգամ, որ որպէս սփիւռքահայ՝ կ՚երգենք «Էրեբունի Երեւան» կամ «Ազգ փառապանծ»։

Ձեր յոբելեանը այսօր կը յուշէ, որ հայութիւնը դատապարտուած չէ առկայ կացութեան։ Ձեր ներկայութիւնը իւրաքանչիւր հայու համար զգօնութեան յորդոր ու կանչ է այս դժուարին ժամանակներուն։ Դուք եղաք ղեկավար մը, որ դատապարտուած չզգացիք իշխանութեան եւ Ձեր ծով վաստակը տակաւին կը բիւրեղանայ ժամանակներու մէջ։

Հուսկ, պարոն նախագահ, թոյլ տուէք խոնարհիլ Ձեր վիթխարի գործին առջեւ ու որպէս հայ մարդ՝ երախտագիտութիւն յայտնել Ձեզի։ Շնորհակալութիւն, պարոն նախագահ, Ձեր ըրածներուն եւ չըրածներուն համար։ Համբո՜յր Ձեր ճակտին, բի՜ւր յարգանք Ձեզի, արեւշատ երկար ու երջանիկ տարիներու անկեղծ մաղթանքով կը շնորհաւորենք Ձեր 80-ամեակը։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հինգշաբթի, Յունուար 9, 2025