Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի ողջունելի յոբելեանը
Պէյրութի մեր պաշտօնակից «Ազդակ» օրաթերթը ներկայիս կ՚ողջունէ իր հիմնադրութեան 90-ամեայ յոբելեանը։ Քանի մը օր առաջ՝ անցեալ շաբաթավերջին «Ազդակ» բոլորեց իր հրատարակութեան 89-րդ տարին ու թեւակոխեց 90-ամեակի յոբելենական շրջանը։ Սա հայ մամլոյ տեսանկիւնէն իսկապէս յատկանշական ու ողջունելի յոբելեան մըն է։ Հայկական սփիւռքէն ներս այսօր օրաթերթերու թիւը կարելի է հաշուել մատի վրայ։ Միայն այդ սակաւ քանակութիւնն անգամ բաւարար է սոյն յոբելեանին վրայ կանգ առնելու համար, սակայն «Ազդակ»ի նշանակութիւնը սահմանափակ չէ այդքանով։ Խօսքը չի վերաբերիր առ ի չգոյէ լաւագոյնին թերթի մը։ Այս յոբելեանը ողջունելի է՝ որովհետեւ «Ազդակ» օրաթերթը միշտ կ՚արդարացնէ իր անունը։ Ան լուրջ ազդակ մըն է, ազդու գործօն մըն է սփիւռքահայ հանրային կարծիքի ամբողջական ձեւաւորման ճանապարհին։ Հայ մամլոյ անդաստանէն ներս այս թերթը ունի իր պատուոյ դիրքը, անոր ետին թողած տասնամեակները հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն ապագայ տասնամեակներուն համար առարկայական հաշուարկներ ընելու ջանքերուն շրջագծով։ Պատմութիւն մը՝ հարուստ, փայլուն եւ անկիւնադարձային յոբելեան մը, որու շեմէն անդին շուտով արդէն «Ազդակ»ին առջեւ կ՚ուրուագծուի դարադարձի հորիզոնը։ Ինչպէս մօտաւոր անցեալին մատնանշած էինք ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հարիւրամեակին առթիւ, սփիւռքեան մեր թերթերու յոբելեանները տօնի մը համազօր են բոլոր անոնց համար, որոնք անկեղծօրէն կը բաժնեն տուեալ հանգրուանին առթած ուրախութիւնը, հպարտութիւնը եւ տակաւին իսկապէս հաւատք կը տածեն տուեալ թերթի առաքելութեան եւ ապագային նկատմամբ։ «Ազդակ»ի յոբելեանը այս ծիրին մէջ է միանշանակ։ Այս թերթին յոբելեանը ընդհանրական տօն մըն է հայկական զանգուածային լրատուութեան աշխարհին տեսակէտէ։
Հայ իրականութեան մօտ կուսակցական մամուլի դրական օրինակներէն մին է «Ազդակ», որ ժամանակներու հոլովոյթին մէջ մնացած է անսասան։ Ան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան օրկաններէն մին է եւ իր լինելութեամբ պատուաբեր կը համարուի նաեւ այս կուսակցութեան տեսանկիւնէն։ Եթէ կուսակցական մամուլի երեւոյթը բնոյթին բերումով միշտ կրնայ հարցաքննուիլ անկախութեան կամ անաչառութեան բերումով, ապա իր տեսակին մէջ «Ազդակ» կրնայ համարուիլ վառ օրինակ մը՝ նժարին վրայ հակափաստարկներ դնելու առումով։ «Ազդակ» օրաթերթի ինը տասնամեակ առաջ մեկնարկած ուղեւորութիւնը կարելի է դիտարկել՝ զանազան շրջաններու պրիսմակէն։ Անոր ոդիսականին սկիզբը գրեթէ կը համընկնի հայոց սփիւռքի կազմաւորման գործընթացին, կը զուգադիպի սփիւռքահայ մամլոյ նախընթացներու ձեւաւորման փուլերուն։ Այդ բոլոր գետիններուն վրայ «Ազդակ» ըսած է իր խօսքը, ունեցած՝ իր դերը, տուեալ ժամանակաշրջանի առաջնահերթութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն համապատասխան։ «Ազդակ»ի պատմութեան արժեւորումը ինքնին գործ մըն է վիթխարի։ Այդ տարեգրութեան ուսումնասիրութիւնը, ընկալումը կրնայ կողմնորոշիչ ըլլալ՝ հայ մամլոյ ընդհանուր պատմութիւնը դիտարկելու եւ անոր ներթափանցելու որոնումներուն մէջ։ Բայց, եկէք համաձայնինք, որ յոբելենական ներկայ փուլին գաղտնիքը, ինչու չէ, նաեւ փառքը՝ թաքնուած են ուրիշ ճշմարտութեան մը մէջ։ Եթէ «Ազդակ»ի ներկան չըլլար այսքան փայլուն, այսօրուան երթը չըլլար այսքան կատարելապաշտ, ապա անոր անցեալին արժեւորումը պիտի ըլլար ինքնանպատակ։ «Ազդակ»ի յոբելեանին միակ նպատակը չէ անոր անցեալին պանծացումը, այլ նաեւ անոր ներկայի դրուատիքին հիւսուիլը։ Եւ ի վերջոյ «Ազդակ»ի յոբելեանին իմաստը կը բիւրեղանայ այն իրողութեան մէջ, որ այս թերթը ապահոված է բոլոր նախադրեալները՝ երաշխաւորելու համար իր ապագան։ Ընթերցողներու լսարան մը հաւատարիմ, հաւաստի լրատուամիջոցի մը բնորոշ վստահութիւն եւ այս բոլորին վրայ խարսխուած յամառ աշխատանքի եռանդ մը, տեսլական մը։
«Ազդակ» հայոց ազգային կեանքի մերօրեայ կարեւոր հայելիներէն մին է։ Սփիւռքեան կտրուածքով ան կը ցոլացնէ հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան անցումային շրջանը։ Հայաստանի վերանկախացման յաջորդած վերջին շուրջ քառորդ դարուն սփիւռքէն ներս աստիճանաբար նուազած են բեւեռացումները եւ այդ համայնապատկերին վրայ նկատելիօրէն շինիչ ոգիով դիրքաւորուած հիմնական թերթերէն մին է «Ազդակ»։ Հայապահպանութենէն սկսեալ մինչեւ ինքնութեան հարցեր, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններէն սկսեալ մինչեւ հայաշխարհի հրատապ քաղաքական հիմնախնդիրները՝ այս բոլոր առանցքներուն շուրջ «Ազդակ» ունի իր անանտեսելի ներդրումը։ Իր խնամեալ տպագիր տարբերակով, իր գործնական կայքէջով, յաւելուածներով, բացառիկներով ան ոգի կը բուրէ։ Այդ ոգին կը պարփակէ նոր ժամանակներուն քայլ յարմարցնելու հեւք, հարազատ ժողովուրդը համախումբ պահելու ճիգ, ընթերցողներուն նկատմամբ պատասխանատուութիւն, մարդկութեան արժեհամակարգը լաւագոյնս ըմբռնելու ընդունակութիւն, որոնք կը մատուցուին մասնագիտական խորքայնութեամբ եւ արհեստավարժ ձգտումներով։ Յանձնառութեան մը մարմնաւորումն է ան, որու վզին վրայ է այսօր կարգապահ ու հետեւողական արտադրութեան դափնին։
Միւս կողմէ, ինչպէ՞ս խօսիլ «Ազդակ»ի յոբելեանին մասին, առանց անդրադառնալու անոր նուիրեալ գլխաւոր խմբագրին՝ մեր շատ սիրելի Շահան Գանտահարեանին։ Թէեւ բոլոր յաղթական բանակները կը յիշուին իրենց հրամանատարներով եւ այս պարագային ալ պատուանդանին վրայ է Շահան Գանտահարեանը, սակայն մեր խորհրդածութիւններուն այս մասը սոսկ յաւուր պատշաճի մը չէ։ Ան «Ազդակ»ի անցեալի տիրական դէմքերուն, երախտաշատ սպասաւորներուն մերօրեայ արժանաւոր ժառանգն է, սակայն ներկայ մակարդակին վրայ թերթը կը կրէ անոր ձեռագիրը։ Չափազանցութիւն մը պիտի չըլլայ՝ արձանագրել, որ «Ազդակ»ի արդի պատմութիւնը կը կրէ Շահան Գանտահարեանի դրոշմը։ Ան թերթին տուած է իր լրագրական հայեացքին զուգահեռ ուղղութիւն մը եւ անտարակոյս այդ ուղղութիւնն է, որ կերտած է թերթի 90-ամեակին ենթակառուցուածքը։ Շահան Գանտահարեան սկզբունքային, ճարտար, փորձառու եւ հեռատես լրագրող մըն է։ Բոլոր իրավիճակներուն մէջ, նոյնիսկ ամէն անակնկալի առջեւ ունի հոտառութիւն մը՝ առողջ կողմնորոշուելու համար։ Թէեւ հաստատ է իր գաղափարախօսութեան եւ աշխարհահայեացքին մէջ, սակայն կը յաջողի միշտ մնալ տեսական հարթութեան վրայ։ Չափաւոր ու հաւասարակշռուած խմբագիր մըն է, որ հեռու կը մնայ խնդիրները անձնաւորելէ եւ այսպէսով կ՚ամրապնդէ իր կշիռը։ Իր սերունդի եզակի ներկայացուցիչներէն մին է, բոլորին կողմէ գնահատուած անմնացորդ նուիրումով։ Հայկական կեանքի լաբիւրինթոսներուն մէջ թերթ առաջնորդելու վարպետութիւնը կը դրսեւորէ՝ ռազմավարական մտքով ու նպատակասլաց ոստումներով։ Պատահական չէ, որ «Ազդակ» այս յոբելեանին հասած է իր իմաստուն մականին ներքեւ։ Շահան Գանտահարեան հասարակաց ոսկէ յայտարարի մը վրայ դրած է՝ մարդկային առաքինութիւննու ազնուութիւնը, ինչպէս նաեւ ազգայինն ու լրագրականը։ Միեւնոյն ժամանակ ան բաց ու վստահելի գործակից մըն է. համբաւ մը, որուն արժանանալը իսկապէս դժուար է մամլոյ նման բուռն մրցակցային ասպարէզի մը մէջ։ Եւ այս բոլորը ամենաընդգրկուն իմաստով։ Կը մնայ իրեն մաղթել բարի երթ՝ դէպի նոր նուաճումներ։
Հայ մամլոյ նահապետ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը ի սրտէ կը շնորհաւորէ «Ազդակ» օրաթերթը։ Աշխարհի անընդհատ հրատարակուող հնագոյն հայ օրաթերթի՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրութիւնը բերկրանքով կ՚ողջունէ այս մեծ յոբելեանը։ Ցայսօր այս թերթին ծառայութիւն մատուցած ամէն աստիճանէ երախտաշատ սպասաւորներու յիշատակին առջեւ կը բերենք մեր երկիւղած խոնարհումը։ Պատմական Պոլսէն ուրախակից ենք թերթի այսօրուան ամբողջ անձնակազմին, որու անդամներուն զոհողութեան արգասիքով կը շողան նոր արշալոյսի մը ճառագայթները։
«Ազդակ»ի դրօշը թող տակաւին երկար ծածանի յաղթական եւ այս օրաթերթը թող տակաւին երկար մնայ պատնէշի վրայ՝ բերելով իր անփոխարինելի նպաստը հայոց սերունդներու գիտակցութեան կամրջման։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ