ՇԷՆԱՑՆԵԼ ԿԵԱՆՔԸ
Մերձաւոր Արեւելքի հայութեան կացութիւնը վերջին շրջանին մշտապէս կը զբաղեցնէ, ատեն-ատեն ալ կը տագնապեցնէ հայ աշխարհը։ Տարածքաշրջանի իրադարձութիւնները բացասաբար կ՚անդրադառնան աւանդական հայկական գաղութներու կեանքին վրայ։ Առկայ դժուարին ժամանակներուն համայն հայութիւնը բարոյական զօրակցութեան մէջ է Մերձաւոր Արեւելքի հայութեան հետ։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին ալ զանազան մակարդակներու եւ հարթութիւններու վրայ ի գործ կը դնէ բոլոր հնարաւորութիւնները զօրակցելու համար Մերձաւոր Արեւելքի հայերուն։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս հարցազրոյց մը տուաւ Լիբանանի «Արարատ» թերթին։ Վեհափառ Հայրապետը այս հարցազրոյցին մէջ բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ մանաւանդ Լիբանանի հայութեան յանձնառութեան մասին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Նորին Սրբութեան յայտարարութիւնները։
*
-Վեհափառ Տէր, ամբողջ հայութիւնը հետեւեցաւ Երեւանի մէջ կայացած Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովին: Դուք եւս Ձեր ներկայութեամբ, Ձեր խօսքով, Ձեր հայրական մօտեցումով կարեւոր պատգամ մը ուղղեցիք ժողովականներուն: Ձեր խօսքի նշանակէտն էր, որ աշխարհով մէկ տարածուած հայորդիները պէտք է զինուոր եւ ծառայ դառնան իրենց հայրենիքին: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք այս ժողովին ընդհանուր մթնոլորտը, որովհետեւ մեր ժողովուրդը, յատկապէս վերջին տարիներուն, նման ժողովներէն անդին նաեւ գործնական քայլերու ակնկալիք ունի:
-Կը կարծեմ, որ միանշանակ պէտք է դրական գնահատել նմանօրինակ հանդիպումները, որ մեծ օգտակարութիւն ունին մեր ազգային հաւաքական կեանքին մէջ: Այդ ժողովներէն է, որ կը բխին գործնական առաջարկներ եւ այդ քննարկումներէն է, որ կը ծնին նոր ծրագրեր: Ես մեծապէս օգտակար կը տեսնեմ նման հանդիպումները, որովհետեւ անոնք միտուած են դրական տեղաշարժ ստեղծել թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ Արցախի մէջ: Այդ համաժողովներուն կ՚որդեգրուին որոշակի ծրագրեր, որոշ ժամանակու մէջ իրականցուելու համար, եւ բնականաբար մեր Եկեղեցին ալ իր զօրակցութիւնը կը բերէ այս հանդիպումներուն նոյն վստահութեամբ, որ ազգային մեր հնարաւորութիւնները, մեր ազգի զաւակներու կարողութիւնները, հայոց պետութեան հովանիի ներքոյ պիտի կարողանանք ուղղորդել մեր ազգային կեանքի շէնութեան եւ պայծառութեան:
-Վեհափառ Տէր, Դուք որպէս հոգեւոր առաջնորդ, գո՞հ էք Սփիւռքի՝ Հայաստանի հանդէպ ունեցած մօտեցումէն եւ անոր դերակատարութենէն: Այս հարցումը կ՚ուղղեմ, որովհետեւ վերջին շրջանին տարբեր առիթներով շատ կը լսենք այն մասին, որ Սփիւռքը յոգնած է Հայաստանէն, Սփիւռքը ջլատուած է, Սփիւռքը պարապութեան զգացում կ՚ապրի եւ ինչ-որ տեղ Հայաստանի հանդէպ Սփիւռքի յանձնառութիւնը թուլացած է: Ինչքանո՞վ ճիշդ է այս մօտեցումը, ի՞նչ ունիք ըսելիք այս առումով:
-Մենք չենք կիսեր այդ տեսակէտը, որովհետեւ Սփիւռքը կ՚ապրի ազգային զգացումներով, հայրենասիրութեան զգացումներով, եւ այդ բոլորի մէջ, բնականաբար՝ Հայրենիքի հանդէպ իր ունեցած յանձնառութեամբ: Կրնանք անբաւարար նկատել այն ներդրումները, այն գործակցութիւնը, որ առկայ է այսօր Հայրենիքի եւ Սփիւռքի միջեւ, սակայն երբեք չենք կրնար ըսել, որ Սփիւռքը յոգնած է, Սփիւռքը արդէն սպառ-ւած է կամ վերապահութիւն ունի Հայաստանի հանդէպ: Ցաւալի են այն դէպքերը, որոնք տեղի ունեցան մեր ազգային կեանքին մէջ: Ճշմարիտ է` Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հայ համայնքը կը նուազի, Հայաստանէն եւ Սփիւռքի տարբեր այլ գաղթօճախներէն նոյնպէս արտագաղթ տեղի ունեցաւ. թերեւս այդ տխուր դէպքերու եւ արտագաղթի արդիւնքին, Սփիւռքի տարբեր համայնքներու մէջ նոր աւիւն եւ նոր ուժ ներարկուեցաւ, ու հաւանաբար ճիշդ է, որ արտագաղթածներէն շատերը այսօր չեն մասնակցիր մեր ազգային կեանքին, բայց եւ այնպէս, այս բոլորը նոր ոգի, նոր տեսլական տուին Սփիւռքին: Անշուշտ այդ ընդհանուր ակնկալութիւնը կայ, որ մեր ժողովուրդի զաւակները աւելիով ներգրաւուին ազգային կեանքին մէջ, որովհետեւ ներուժը աւելին է: Այդ աշխատանք մըն է, որ պիտի իրականացուի ոչ միայն Սփիւռքի, այլեւ հայրենիքի մէջ, որովհետեւ ընդհանուր առմամբ մեր ազգի զաւակներու ներգրաւուածութիւնը ակնկալուածին չի համապատասխաներ: Այսօր մեր ժողովուրդի զաւակները ունին տարբեր հնարաւորութիւններ, մեծ փորձառութիւն, մասնագիտական տարբեր ոլորտներու մէջ կան յաջողութեան հասած անուններ, որոնք կարող են մեծապէս օգտակար ըլլալ հայրենիքին եւ Սփիւռքին: Այդուհանդերձ, որքան ալ որ աւելի մեծ ակնկալիքներ ունենանք, իրաւունք չունինք յոռետեսական շեշտերով խօսիլ Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններու մասին: Ընդհակառակը, պէտք է ամէն ջանք եւ ամէն աշխատանք իրականացել, որպէսզի աւելիով արթնցնենք ոգին, աւելիով առաջնորդենք մեր զաւակները դէպի ներգրաւուածութիւն՝ մեր ազգային կեանքին եւ դէպի մեր հայրենիքը:
-Վեհափառ Տէ՛ր, Դուք շատ մօտէն կը հետեւիք միջինարեւելեան զարգացումներուն, եւ այսօր իրականութիւն է, որ Մայր Աթոռը բաւական սերտ յարաբերութիւններ ունի Միջին Արեւելքի այլ քոյր եկեղեցիներու հետ: Անոր արգասիքին մենք ականատես եղանք 2015 թուականին, երբ Ձեր նախագահութեամբ Մայր Աթոռի մէջ տեղի ունեցաւ Մեծ Եղեռնի նահատակներու սրբադասման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Վեհափառ Տէր, այս առումով Դուք մտահո՞գ էք Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու ապագայով:
-Անշուշտ՝ մտահոգ ենք: Առաջին հերթին մտահոգ ենք մեր ազգի զաւակներու ապագայով, մեր պատմական համայնքներու ճակատագրով եւ մեր ժողովուրդի զաւակներու կրած տառապանքով, որ յաճախ զանոնք կը ստիպէ լքել իրենց համայնքը եւ իբրեւ գաղթական հեռանալ դէպի հեռու ափեր: Բնականաբար նաեւ մտահոգ ենք քրիստոնեայ համայնքներու ապագայով ու ճակատագրով ու յատկապէս քրիստոնեաներու՝ Մերձաւոր Արեւելքէն արտագաղթով: Անշուշտ, ցանկալի է, որ քրիստոնեաները մշտական ներկայութիւն ըլլան այդ երկիրներու մէջ, եւ այդ իմաստով մեր Եկեղեցին կը մասնակցի տարբեր կրօնական եւ այլ բնոյթի համաժողովներու, խորհրդակցութիւններու եւ կը փորձէ իր ձայնը բարձրացնել ի պաշտպանութիւն քրիստոնեաներու ու անոնց իրաւունքներու: Մենք մշտապէս կ՚աղօթենք առ Աստուած, որպէսզի տարածքաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատուի: Երկու շաբաթ առաջ Իրաքէն մեծ պատուիրակութիւն մը այցելած էր Մայր Աթոռ պետական նախարարի գլխաւորութեամբ եւ Մենք անգամ մը եւս մեր ձայնը բարձրացուցինք ի պաշտպանութիւն քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու՝ նաեւ մեր յորդորը բերելով Իրաքի իշխանութիւններուն, որպէսզի աւելի ուշադիր եւ աւելի բարեացակամ վերաբերմունք դրսեւորուի քրիստո բոլոր մտահոգութիւններուն, որոնք հնչեցուեցան Իրաքի քրիստոնեայ առաջնորդներու կողմէ, երկու շաբաթէն Մենք կը մասնակցինք Գերմանիոյ մէջ տեղի ունենալիք համաժողովին, որու օրակարգը յատկացուած է Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն եւ անոնց դիմագրաւած խնդիրներուն: Այնտեղ եւս Մենք Մեր մտահոգութիւններն կը փոխանցենք համաժողովի մասնակիցներուն:
-Վեհափառ Տէր, համարձակութիւն մը չհամարէք հարցումս, բայց պիտի փափաքէի իմանալ, արդեօք Ձեր ծրագիրներուն մէջ դէպի Սուրիա այցելութեան մը գաղափարը կա՞յ:
-Մենք միշտ ալ պատրաստակամ ենք, ինչպէս Սուրիա, այնպէս ալ Իրաք մեր Եկեղեցւոյ զաւակներուն այցելելու: Վերջերս հրաւէր ստացանք Սուրիոյ Ասորիներու եկեղեցւոյ Եփրեմ Բ. Պատրիարքէն, սակայն հրաւէրի պահը անյարմար էր, այն կը զուգադիպէր Հայաստան-Սփիւռք համաժողովի օրերուն ու Մեզի համար անհնար էր այդ հանգրուանին բացակայիլ Հայաստանէն: Բայց Մենք միշտ կապի մէջ ենք տեղւոյն համայնքներու առաջնորդներու հետ եւ միշտ ալ պատրաստակամ ենք այդ այցելութիւնները կատարելու: Նման հրաւէր մենք ստացանք նաեւ անցեալ տարի՝ այցելելու Պաղտատ, մենք դրական պատասխանեցինք այդ հրաւէրին, թուականներ անգամ ճշդուած էին, բայց մեր համայնքի կողմէ այնուհետեւ նամակ ստացանք, որով կը խնդրէին, որ այցելութիւնը յետաձգուի: Մենք պատրաստակամ ենք եւ տրամադիր ենք նման հովուական այցելութիւններ կատարելու, անկախ անկէ, թէ ինչպիսի պայմաններ կը տիրեն ցանկացած երկրի կամ համայնքի մէջ:
-Վեհափառ Տէր, յաճախ Ձեզ բնութագրած են որպէս շինարար կաթողիկոս: Ես, որպէս լրագրող, վերջին շրջանին կը զգամ, որ Դուք յատուկ շեշտեր կը դնէք կրթական նոր համակարգներ ստեղծելու առընթեր: Ճի՞շդ է արդեօք շեշտադրումս եւ ինչո՞ւ:
-Երեխաներու նկատմամբ խնամքը, կրթութիւնը եւ դաստիարակութիւնը հոգեւոր մեր առաքելութեան մաս կը կազմեն: Տակաւին Արարատեան թեմի փոխ-առաջնորդութեան օրերէն այդպիսի ծրագրերով առաջնորդուած ենք: Երեխաները կ՚իմաստաւորեն մեր կեանքը: Այսօր կարեւոր ճիգեր կը գործադրենք, որպէսզի մեր Եկեղեցին կարողանայ ամբողջական առումով իր կարեւոր ներդրումը ունենալ մեր սերունդներու դաստիարակութեան գործին մէջ: Մենք, այս իմաստով, ինչպէս գիտէք, ունինք Հայորդեաց տուներ, որոնց ցանցը օրէ օր աւելի կ՚ընդլայնուի: Ներկայութիւն ենք նաեւ կրթական համակարգին մէջ: Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու հետ գործակցութեան արդիւնքին կրթական ծրագրերու մէջ ներառնուած է «Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն» դասանիւթը, ինչպէս նաեւ յատուկ կառոյց ստեղծած ենք քրիստոնէական դաստիարակութեան: Այդ կեդրոնը կարեւոր աշխատանքներ կը տանի մատաղ սերունդներուն քրիստոնէական դաստիարակութիւն ջամբելու առումով: Այսօր մեր ենթակայութեան տակ ունինք երեք դպրոց եւ մէկ մանկապարտէզ: Դպրոցներէն մէկը տակաւին չունի հովանաւոր, սակայն, վստահ ենք, որ մօտ ապագային կը գտնենք այն ազգանուէր բարերարը, որ պիտի օժանդակէ այդ դպրոցի կենսագործմանը: Ես կը հաւատամ, որ Եկեղեցւոյ հովուական աշխատանքներու կողքին մենք կարեւոր ներդրում կ՚ունենանք մեր սերունդներու դաստիարակման խիստ անհրաժեշտ գործին մէջ:
-Վերջին հարցումս: Ինչպէս քիչ առաջ ալ մեր խօսակցութեան ընթացքին նշուեցաւ, «Արարատ» օրաթերթը իր ամբողջ կենսագրութեան ընթացքին, անցնող ութսուն տարիներուն միշտ ալ եղած է Մայր Աթոռին հանդէպ նախանձախնդիր եւ որդիական զգացում ունեցող ամպիոն մը: Նոյնիսկ մեր ժողովուրդի համար ամենէն տագնապալի օրերուն «Արարատ» օրաթերթը շարունակեց մնալ Մայր Աթոռի կողքին եւ շարունակեց թարգմանը դառնալ Հայ Եկեղեցւոյ ընդհանուր միասնութեան գաղափարին: Ձեւով մը «Արարատ»ը դարձաւ Մայր Աթոռի պաշտպանը, ամպիոնը եւ խօսնակը: Վեհափառ Տէր, այսօր Դուք Հայ Եկեղեցւոյ ընդհանուր խնդիրներուն առընթեր շատ զուսպ, շատ հայրական մօտեցումներով հանդէս կու գաք եւ շատ հասկնալի է Ձեր այդ մօտեցումը: Իմ հարցս հետեւեալն է՝ ի՞նչ ունիք այսօր ըսելիք մեր լիբանանահայ գաղութին, Մայր Աթոռի ձեր զաւակներուն:
-Մենք կ՚աղօթենք մեր զաւակներու համար, քաջատեղեակ ենք լիբանանահայ գաղութի դժուարութիւններուն եւ խնդիրներուն, եւ բարձր կը գնահատենք լիբանանահայերու նախանձախնդրութիւնը: Անոնք ամենայն ջանադրութեամբ պահած-պահպանած են այն ամէնը, ինչ որ իրենց հայրերու կողմէ կառուցուած է եւ հիմնադրուած: Անոնք գործած են ու կը գործեն հայ ազգի ու Հայ Եկեղեցւոյ բարօրութեան ու շէնութեան համար: Մենք կ՚աղօթենք, որ խաղաղութիւնը մշտական ըլլայ նաեւ Լիբանանի մէջ, եւ մեր զաւակները՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան օրհնութեան ներքոյ, կարողանան ապահովութեան մէջ շարունակել իրենց եկեղեցաշէն ու ազգանուէր գործունէութիւնը: Այս մաղթանքով Հայրապետական Մեր սէրն ու օրհնութիւնը կը բերենք լիբանանահայ մեր ժողովուրդին: