ԴԱՐՁԵԱ՛Լ 9-ՐԴ ԿԷՏԸ ԵՒ «3+3»Ը
Ռուսաստանի Դաշնակցութեան եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը բազմաօրակարգ եղած է: Հիմնականները՝ Ուքրայնա, Հարաւային Կովկաս եւ Միջին Արեւելք: Նկատենք անմիջապէս, որ Հարաւային Կովկասը թէժ կէտերու ներառուած է՝ իբրեւ առաջնահերթ օրակարգ: Տարբերութիւնը այն է, որ Ուքրայնայի պարագային պատերազմը կը յամենայ, Կազզէն կը գտնուի պատերազմէն դէպի հրադադար անցումի մէջ, Հարաւային Կովկասը՝ համեմատաբար առաջին երկու կէտերուն, աւելի հանդարտ է:
Կը վերադառնանք Հարաւային Կովկաս: Այժմ տեսնենք, թէ Ուքրայնայի մասով ի՞նչ նշուած է պաշտօնական լրահոսին մէջ: Ըստ Լաւրովի՝ «թուրք գործընկերները տեղեակ պահեցինք Ռիատի մէջ ամերիկեան կողմին հետ բանակցութիւններէն՝ անկախ դիրքորոշման տարբերութիւններէն եւ խնդիրներու լուծման համար անհրաժեշտ բնական երկխօսութեան հասնելու հեռանկարէն»:
Այստեղ հիմնական երկու կարեւոր հանգոյց կ՚երեւի: Նա՛խ, պաշտօնապէս կը յայտարարուի, որ Ուքրայնայի հարցի լուծման ուղղութեամբ տարբեր դիրքորոշումներ ունին Անգարան եւ Մոսկուան: Պարզ է, որ Ուքրայնայի տարածքային ամբողջականութեան եւ յատկապէս՝ Խրիմի հարցով տրամագծօրէն հակառակ դիրքորոշումներ կան Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ: Երկրորդ բաժինը ուշագրաւ է, որովհետեւ կը խօսի երկխօսութեան հեռանկարին մասին: Երկխօսութիւնը հակամարտութեան լուծման համար տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի միջեւ: Վայրը՝ Ռիատ: Երկու պարագաներուն ալ շրջանցուած է Անգարան: Այս պատկերին մէջ Թուրքիան գոյութիւն չունի ո՛չ իբրեւ բանակցող, ո՛չ ալ իբրեւ երկխօսութեան համար վայր տրամադրող կամ միջնորդ. բան մը, որուն կը ձգտէր: Ռիատի բանակցութիւններու մեկնարկով Անգարան կորսնցուցած է հարթակ տրամադրելու, միջնորդ դառնալու եւ բանակցութիւն վարելու իր առաջադրած կարգավիճակի կարելիութիւնը:
Այս շրջանցումը փոխելու համար Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը ուղղակի պատրաստակամութիւն յայտնած է. «Տագնապին լուծման պէտք է հասնիլ երկու կողմերու մասնակցութեամբ, հետեւաբար Անգարան պատրաստ է սկսած բանակցութիւններու յաջողութեան համար ամէն աջակցութիւն տրամադրելու՝ ներառեալ բանակցութիւններու համար հարթակի տրամադրումը»: Այսքան պարզ. Թուրքիան կ՚ակնկալէ ստանձնել միջնորդական առաքելութիւն, որ Ռիատով զլացուած է իրմէ: (Ծ.Խ.- ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի դիւանագէտները 27 փետրուար 2025-ին բանակցութիւններ վարեցին Իսթանպուլի մէջ)։
Հանդիպման ընթացքին արծարծուած է Սուրիոյ հարցը եւ այս պարագային Ֆիտան հաւասարեցուցած է ԻՇԻՊ-ն ու քրտական զինեալ ուժերը եւ համադասակարգած զանոնք՝ իբրեւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններ: Այս մէկը շարունակուող մօտեցում մըն է, որ բացի Անգարայէն՝ առընչուած այլ պետութիւններու կողմէ չ՚ընկալուիր, ըստ երեւոյթին:
Հակաիսրայէլեան քարոզչական գործողութիւնները Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին կողմէ շարունակուած են՝ Լիբանանի դէմ Իսրայէլի յարձակումները դադրեցնելու կամ Կազզէի մէջ ցեղասպանութիւնը դադրեցնելու պահանջներով: Հիմնական նորութիւն չկայ:
Վերջապէս, Հարաւային Կովկաս: Եւ երբ այս տարածաշրջանին մասին կը խօսինք, անպայման պէտք է ակնկալել, որ Անգարան կամ այս պարագային Մոսկուան արծարծեն «3+3»ը: Փաստօրէն, Լաւրով յայտարարած է, որ իրենք յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած են կողմերուն միջեւ վստահութեան ամրապնդման, ենթակառուցուածքներու եւ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու վերականգնման, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ «3+3» համագործակցութեան հարթակի շրջանակներուն մէջ միացեալ գործունէութեան:
Բառերը նշանակութիւն ունին: Կը խօսին տարածաշրջանի ապաշրջափակման մասին եւ աւելի մասնակի մտաբերել կու տան 2020-ի նոյեմբերի յայտարարութեան 9-րդ կէտը: 9-րդ կէտի վերափոխումն է «3+3»ի տարազին տակ:
Ուշագրաւը այն է, որ այս օրերուն Անգարան կը խօսի երկու չհամաձայնեցուած կէտի մասին: Առաջինը, ըստ իրենց, կը վերաբերի «միջանցք»ի տրամադրման, իսկ երկրորդը՝ Սահմանադրութեան փոփոխութեամբ տարածքային պահանջներէ հրաժարումին:
Վերստին նշենք, որ Մոսկուայի եւ Անգարայի ներկայացուցիչներու հանդիպումին Հարաւային Կովկասը դասակարգուած է՝ Ուքրայնայի եւ Միջին Արեւելքի հրատապութեան շարքին:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի