ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ԲԱՑԱՅԱՅՏՈՒՄՆԵՐ
Բրիտանական թանգարանէն Երեւան տարուած Անահիտ չաստուածուհիի պրոնզէ արձանը կը շարունակէ մօտիկ ուշադրութեան առարկայ դառնալ Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի երդիքին տակ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, թանգարանը այս ցուցադրութեան զուգահեռ վերջին օրերուն կազմակերպեց բանախօսութիւն մը՝ «Բազմադէմ Սատաղեան Անահիտը» խորագրին ներքեւ։ Բանախօսն էր Բրիտանական թանգարանի Յունաստանի եւ Հռոմի բաժնի ֆոնտապահ Թոմաս Հարիսըն։ Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Երեւանի մօտ Անգլիոյ դեսպան Ճոն Քալակէր։
«Մայր աստուածութիւն. Անահիտէն Մարիամ» ժամանակաւոր ցուցադրութիւնը առաջին երկու ամսուան ընթացքին ունեցած է 12 հազար այցելու։
Անահիտ չաստուածուհիի պրոնզէ քանդակը աւելի քան հինգ ամիսէ ի վեր Երեւանի մէջ է եւ ցուցադրութիւնը աւարտին կը հասնի ներկայ մարտ ամսուան դրութեամբ։