Չորեքշաբթի 2, Ապրիլ 2025
ՇՈՅԿՈՒԻ ՓԵՔԻՆ ԱՅՑԸ
Ռուսաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկու երէկ այցելեց Փեքին, ուր ընդունուեցաւ Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկի կողմէ։ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Եանկ Եիի հետ ալ տեսակցեցաւ Շոյկու։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուեցան անվտանգութեան ոլորտի վերաբերեալ երկկողմանի հարցեր։ Կողմերը շօշափեցին նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային բնոյթով խնդիրներ։
Սերկէյ Շոյկու Փեքին այցելեց՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Շի Ծինփինկի հեռախօսազրոյցէն վերջ։
Շաբաթ, Մարտ 1, 2025