ՆՈՒՊԱՐ ԱՖԷԵԱՆ. «ԺԱՄԱՆԱԿՆ Է, ՈՐ ԲՈԼՈՐ ՀԱՅԵՐԸ ՁԱՅՆ ԲԱՐՁՐԱՑՆԵՆ՝ ՆԵՐԱՌԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ»
Հայաստան կը շարունակէ մնալ 44-օրեայ պատերազմի ծանր պարտութեան հետեւանքներու ճիրաններուն մէջ։ Ներքին քաղաքական կեանքը կ՚ուղղորդուի շարք մը գործօններով, որոնց առանցքայինը կը համարուի՝ Պաքուի մէջ ի պահ դրուած հայ պատանդներու եւ գերիներու ազատ արձակման հարցը, Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներու ցուցադրական դատավարութիւններով հանդերձ։ Հանրային կարծիքի գերակշիռ հատուածին մէջ կը տիրէ այն համոզումը, թէ Երեւանի ղեկավարութիւնը դիտումնաւոր կրաւորականութիւն կը դրսեւորէ այս զգայուն նիւթի պարագային։ Համապատասխան կասկածները ամբողջութեամբ փարատելու տեսակէտէ բաւարար չեն եղած վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնները, ըստ որոնց՝ այս խնդրին շուրջ թէեւ հետեւողական աշխատանք կը տարուի, սակայն, իշխանութիւնները կը վարուին առաջին հերթին ոչինչ խանգարելու մղումով։
Իսկ երէկ, Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան նշեց, որ այս ամբողջ ընթացքին գործադրուած են ու կը շարունակուին գործադրուիլ հնարաւոր բոլոր ջանքերը, որպէսզի բոլոր գերիները ազատուին։ «Մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ այս ուղղութեամբ։ Փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ գերիներու ազատման գործընթացը քիչ մը այլ հունով պէտք է յառաջ տանիլ», ըսաւ ան։ Միեւնոյն ժամանակ, լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին Արմէն Գրիգորեան աւելցուց. «Շատ ծանր տպաւորութիւն թողած են ո՛չ միայն Ռուբէն Վարդանեանի նկարը, այլեւ միւս գերիներու դատավարութեան նկարները»։ Ըստ իրեն՝ բոլորի մտահոգութեան առարկայ է Ռուբէն Վարդանեանի հացադուլը։
Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան ներկայիս դարձեալ հացադուլի մէջ է։ Հայկական հանրային կարծիքը վերջին օրերուն մտահոգութեամբ հետեւեցաւ՝ դատավարութեան ընթացքին Ռուբէն Վարդանեանի ինքազգացողութեան լրջօրէն վատթարացման վերաբերեալ լուրերուն։
Երէկ, Երեւանի կեդրոնին տեղի ունեցան բողոքի ցոյցեր, որոնց ընթացքին պահանջուեցաւ գերիներու եւ պատանդներու ազատ արձակման ապահովուիլը։ Հերթական անգամ բարձրաձայնուած այս պահանջներու համայնապատկերին վրայ տեղ գտաւ նաեւ ամերիկահայ յայտնի գործարար ու ազգային բարերար Նուպար Աֆէեանի՝ Նիկոլ Փաշինեանին հասցէագրուած յայտարարութիւնը. «Ժամանակն է, որպէսզի բոլոր հայերը՝ յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը, իրենց ձայնը բարձրացնեն։ Եթէ ոչ մենք, ապա ո՞վ։ Եթէ ոչ հիմա, ապա ե՞րբ»։
Նախօրէին Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարարներէն Վարդան Օսկանեանն ալ յայտնած էր, որ Երեւան Պաքուի հետ բոլոր շփումները պէտք է դադրեցնէ՝ մինչեւ գերիներու եւ պատանդներու ազատ արձակուիլը։
Երէկուան բողոքի հաւաքներու հասցէներն էին՝ Հանրապետութեան հրապարակը, Հայաստանի կառավարութեան շէնքն ու մերձակայքի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը։ Աւելի վերջ ցուցարարները ուղղուեցան նաեւ դէպի ՄԱԿ-ի Երեւանի առաքելութեան շէնքը։ Իւրաքանչիւր փուլին անոնք կը կրէին պատանդներու եւ գերիներու մեծադիր դիմանկարները։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը կը հրաւիրուի՝ Ատրպէյճանի մէջ պահուած հայոց ազատ արձակման խնդրին եւ «դատավարութիւններէն» հրապարակուած տեղեկութիւններուն վրայ։ Նախարարութիւնը այս հարցին նախընթաց օր դարձեալ արձագանգած էր՝ հաղորդելով, որ իրեն կը հասնին տեղեկութիւններ, ըստ որոնց՝ Պաքուի մէջ արգիլեալ միջոցներ կը կիրառուին գերեվարուած կամ պատանդ առնուած հայոց դէմ։
Միւս կողմէ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինն ալ հետեւողականօրէն հետամուտ է այս խնդրին։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ ընդունեց Երեւանի մօտ Իտալիոյ նորանշանակ դեսպան Ալեսսանտրօ Ֆերրանդին, որու նկատառման յանձնեց ցարդ Պաքուի մէջ պահուած հայ ռազմագերիներու եւ պատանդներու վերադարձի անհարժեշտութեան հարցը։