ՊԱՏՈՒԱԲԵՐ ՄՐՑԱՆԱԿ

Ուղղափառ եկեղեցւոյ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը արժանացած է «Templeton» հեղինակաւոր ու պատուաբեր մրցանակին։ Այս իրադարձութիւնը արձագանգ գտած է միջազգային մամուլին մէջ՝ մինչ յունաց պատրիարքը յառաջիկայ սեպտեմբերին, Նիւ Եորքի մէջ պիտի ստանայ իր մրցանակը։

«Templeton» հիմնարկը Պարթոլոմէոս Ա.-ին այս մրցանակը շնորհած է՝ գնահատելով անոր նորարար ջանքերը, որոնք կը ձգտին մարդկութեան բնական աշխարհի հետ յարաբերութեան վերաբերեալ գիտական ու բարոյական հայեացքները իրարու ագուցել, տարբեր հաւատի տէր մարդիկ շարժման անցընել՝ արարչագործութեան պահապանները դառնալու համար։

Հինգշաբթի, Մայիս 1, 2025