ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ

Միջազգային ուժանիւթի գործակալութեան նախագահ Ֆաթիհ Պիրոլ յայտարարեց, որ այսօր աշխարհ կը բախի խոշոր ուժանիւթի եւ տնտեսական մարտահրաւէրի։ «Reuters»ի հաղորդումներով, ան դիտել տուաւ, որ երկրագունդը կ՚առերեսուի պատմութեան ամենամեծ ուժանիւթի տագնապին։ Պատճառը Իրանի հակամարտութեան հետեւանքով վառելիքի մատակարարումներու մէջ յառաջացած խափանումներն են։

Ֆաթիհ Պիրոլ դիտել տուաւ, որ նաւթի եւ կազի շուկաները մեծ դժուարութիւններու դէմ յանդիման են։ Նաւթի գինը արդէն գերազանցած է 120 տոլարը, ինչ որ մեծ ճնշման տակ կը պահէ աշխարհի բազմաթիւ երկիրները։

Ուրբաթ, Մայիս 1, 2026