ԴԷՊԻ ՆՈՐ ԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահ Աշոտ Սաղեան յայտարարեց. «Պատկերացուցէք՝ Ատրպէյճան, որ Խորհրդային Միութեան տարիներուն ընդամէնը միայն մէկ ակադեմիկոս ունէր, այսօր Scopus-ի համակարգին ներառուած է տասնութ ամսագրով»։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ակադեմիկոս Աշոտ Սաղեան անդրադարձաւ ակադեմիայի օրակարգային խնդիրներուն։ Ան շարունակեց.

«Կը գտնուինք անցումային փուլի մը մէջ, ուր անհրաժեշտ է ձեւակերպել, թէ ի՛նչ հանգրուանէ շարժուած ենք եւ դէպի ո՛ւր կ՚երթանք։ Այսօր կանգնած ենք բարդ եւ պատասխանատու խնդրի մը առջեւ։ Անհրաժեշտ է անցում կատարել դէպի թեքնոբանական ինքնիշխանութիւն։ Սա կը նշանակէ ունենալ ռազմավարական ուղղութիւններով ամրագրուած սեփական գիտաթեքնոբանական կարողութիւններ։ Մօտաւոր ապագային մեր գլխաւոր խնդիրը պէտք է դառնայ գիտութեան զարգացման ռազմավարական ծրագրի կատարման ուղղեալ իրատես դրութիւններու մշակումը։ Գիտութեան զարգացման ռազմավարութեան հրատապութիւնը ոեւէ մէկուն մօտ կասկած չի յառաջացներ։ Այսօր բոլորս կը գիտակցինք գիտութեան որոշիչ դերը պետութեան պաշտպանունակութեան զարգացման տեսակէտէ»։

Միեւնոյն ժամանակ, Աշոտ Սաղեան յիշեցուց, որ 2022 թուականէն սկսեալ՝ մինչեւ 35 տարեկան գիտնականներու թուաքանակը սկսած է աշխուժօրէն աճիլ՝ մանաւանդ, 2025-ին անոնց թիւը 16 տոկոսով բարձրացած է 2022-ի բաղդատմամբ։ Աշոտ Սաղեան դիտել տուաւ, որ իրենք լուրջ խնդիրներ կը դիմագրաւեն հրատարակութիւններու հարցին մէջ։ Բաւարար թիւով գիտական ամսագրերու բացակայութեան հետեւանքով՝ հայ որոշ գիտնականներ յօդուածներ կը տպագրեն՝ Հայաստանի բաղդատմամբ գիտական մակարդակը շատ աւելի ցած երկիրներու ամսագրերուն մէջ։

«Սա, ի հարկէ, մեր մեղքն է եւ ինչ-որ տեղ նոյնիսկ ամօթ է», նշեց Սաղեան ակադեմիայէն ներս կազմակերպուած կլոր սեղանի մը ընթացքին։

Ուրբաթ, Մայիս 1, 2026