ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Փարիզի մէջ, ուր նախատեսուած է իր հանդիպումը Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, վարչապետը կը մասնակցի Արհեստական բանականութեան գործողութիւններու գագաթաժողովին, որ Փարիզի մէջ կազմակերպուած է նախագահ Մաքրոնի հովանաւորութեան ներքեւ։ Աշխարհի զանազան երկիրներու ղեկավարներուն առընթեր, այս հաւաքին կը մասնակցին նաեւ ոլորտի յառաջատար կլոպալ ընկերութիւններու առաջնորդները։
Այս եզակի հաւաքոյթը տեղի կ՚ունենայ Փարիզի Մեծ պալատին մէջ։ Նախագահ Մաքրոն եւ Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտի այս գագաթաժողովի համանախագահները կ՚ըլլան։ Այս նախաձեռնութեան նպատակները կը ներառեն արհեստական բանականութեան կառավարման քարտէսին վրայ ամբողջ աշխարհի մէջ խթանել բարոյագիտութիւնը, հասանելի ու խնայող արհեստական բանականութեան գաղափարը, ինչպէս նաեւ յառաջ մղել Եւրոպայի ինքնիշխանութիւնը տուեալ փորձագիտութիւններու պարագային։ Շուրջ 1500 հոգի կը մասնակցի այս մեծ հաւաքին, որու ծրագրին վրայ ընդգրկուած են դասախօսութիւններ, ասուլիսներ՝ արհեստական բանականութեան կողմէ տրուած հեռանկարներուն ու անոր ներկայացուցած սպառնալիքներուն շուրջ։ Հաւաքին ներկայ կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փոխ-նախագահ Ճէյմս Տէյվիտ Վենս։
Միւս կողմէ, Նիկոլ Փաշինեան այսօր հրապարակեց յօդուած մը, որու մէջ նշեց, որ խաղաղութեան բոլոր նախադրեալները գոյութիւն ունին։ Յօդուածին մէջ վարչապետը արձանագրեց հետեւեալը. «Ատրպէյճանի պաշտօնական քարոզչութիւնը հետզհետէ աւելի կը կեդրոնանայ այն թեզին վրայ, թէ Հայաստան կը սպառազինուի, կը պատրաստուի յարձակիլ Ատրպէյճանի վրայ, հետեւաբար Ատրպէյճան պաշտպանուելու, կանխարգելիչ միջոցներու ձեռնարկելու իրաւունք ունի։ Եթէ աւելի կարճ եւ աւելի պարզ վերարտադրենք Ատրպէյճանի քարոզչութեան այս թեզերը, ապա ամէն ինչ կը յանգի հետեւեալին. Հայաստան կը պատրաստուի յարձակիլ Ատրպէյճանի վրայ, հետեւաբար աւելի լաւ է, որ Ատրպէյճան յարձակի Հայաստանի վրայ՝ որպէս կանխարգելիչ միջոցառում։ Քարոզչական այս թեզերու ծագումնաբանութեան երկու տարբերակ կայ. կա՛մ Ատրպէյճան իսկապէս կը մտածէ, թէ Հայաստան իր վրայ յարձակելու մտադրութիւն ունի եւ կամ ինքը յարձակելու մտադրութիւն ունի եւ կը փորձէ սա իրագործելու հիմքեր ձեւաւորել։ Երկու պարագային ալ հիմքային դրոյթը Ատրպէյճանի վրայ յարձակելու Հայաստանի մտադրութեան մասին Ատրպէյճանի պնդումն է»։