Ուրբաթ 18, Ապրիլ 2025
ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԶՐՈՅՑ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ։ Զրոյցի ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկաւ Պաղեստինի հարցը։ Արաղչի նշեց, որ Թեհրան բացարձակապէս դէմ է Կազզէէն պաղեստինցիներու բռնի տեղահանման։ Իր խօսքով՝ սա դաւադրութիւն մըն է, որ կը համարուի Պաղեստինի ժողովուրդի դէմ ցեղասպանութեան քաղաքականութեան շարունակութիւնը։ Իր կարգին, Հաքան Ֆիտանն ալ նշեց, որ անհրաժեշտ է, որպէսզի բոլոր իսլամական երկիրները շարունակեն պաշտպանել Պաղեստինի ժողովուրդին իրաւունքները։
Երկուշաբթի, Փետրուար 10, 2025