2 ՀԱՅԵՐ ԶՈՀ. ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ
Սուրիոյ մէջ Պեշար Էսատի անկումով տեղի ունեցած իշխանափոխութեան զուգահեռ սկիզբ առած անցումային շրջանը կ՚ուղղորդուի արիւնալի դէպքերով։ Ամբողջ երկրէն ներս նախկին եւ այժմու ղեկավարութեանց զօրքերուն միջեւ տեղի կ՚ունենան բախումներ։ Ստեղծուած մթնոլորտին մէջ, շաբաթավերջին երկու հայ կրակոցներու զոհ գնաց Լաթաքիայէ ներս։ Հայկական լրահոսին մէջ լայն արձագանգ ստեղծեց դէպքը. զոհերը հայր ու որդի Անթուան եւ Ֆատի Պութրոսներն են։ «Արեւելք» կայքէջի հաղորդումներով, անոնք «Հին հայեր» անուանեալ ինքնուրոյն հայկական փոքրամասնական խմբաւորման մը կը պատկանին։ Այս մէկը կը բաղկանայ արաբախօս հայերէ, որոնք Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հետեւորդներն են։ Այս խմբաւորումը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ կը գոյատեւէ, անդամները կը ձգտին պահել հայկական ինքնութիւնը։
Ըստ նոյն աղբիւրին՝ Պութրոսները պատահական կրակոցներու զոհ չեն գացած, այլ սպաննուած են։ Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին հայկական եկեղեցին բացուած է անոնց յուղարկաւորութեան համար։
Թէ՛ այդ շրջանին եւ թէ ընդհանրապէս երկրին մէջ իրավիճակը կը շարունակէ մնալ լարուած։