ՀԱՐԵՒԱՆՆԵՐՈՒ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Մինչ Սուրիոյ առկայ անկայուն վիճակը միջազգային օրակարգին վրայ առաջնահերթ տեղ կը զբաղեցնէ, հարեւան երկիրներն ալ քննարկումներ կը ծաւալեն լուծման հեռանկարներուն շուրջ։ Թուրքիա միշտ շահագրգիռ կողմերուն հետ անմիջական շփման մէջ է։ Այս առումով բանուկ մնալ կը շարունակէ Անգարա-Թեհրան առանցքը։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ։ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու արտահերթ նիստի շրջանակներէն ներս տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը, որուն կապակցութեամբ պաշտօնական աղբիւրները գրեթէ որեւէ մանրամասնութիւն չհրապարակեցին։ Միայն հաղորդուած է, որ նախարարները շօշափած են երկու երկիրներու օրակարգային խնդիրները։

Արաղչիի հետ հանդիպելու առընթեր, Հաքան Ֆիտանի կողմէ գլխաւորուած թրքական բարձրաստիճան պատուիրակութիւնը շաբաթավերջին կարեւոր ժողովի մըն ալ մասնակցեցաւ Ամմանի մէջ։ Յորդանանի հիւրընկալմամբ կազմակերպուած այս հաւաքին թրքական պատուիրակութեան կազմին մէջ էին նաեւ ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր եւ ՄԻԹ-ի խորհրդական Իպրահիմ Քալըն։ Թուրքիոյ, Յորդանանի, Իրաքի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ ներկայացուցիչները մասնակցեցան այս ժողովին։ Այսինքն, սա Սուրիոյ եւ հարեւաններէն բաղկացեալ հարթակ մըն էր, որու վրայ հարեւանները աջակցութիւն յայտնեցին Դամասկոսի ղեկավարութեան։

Սուրիոյ եւ հարեւան երկիրներուն կողմէ ահաբեկչութեան, թմրանիւթերու եւ ընդհանուր մաքսանենգութեան դէմ պայքարի նպատակով կազմակերպուած էր այս հաւաքը։ Հաքան Ֆիտան նշեց, որ Թուրքիա չի խրախուսեր որեւէ նախաձեռնութիւն, որ Սուրիայէ ներս կայունութիւնը կրնայ խանգարել։ Իր խօսքով՝ փորձեր կը կատարուին՝ Սուրիոյ ղեկավարութեան քաղաքականութիւնը խափանարարութիւններով, հունէ դուրս բերելու նպատակով։ Ամմանի վեհաժողովի մասնակիցները զօրակցութիւն յայտնեցին Դամասկոսի ղեկավարութեան։

Իր կարգին, Սուրիոյ ղեկավար Ահմէտ Շարան յայտարարեց, որ թոյլ պիտի չտայ երկրէն ներս քաղաքացիական պատերազմի մը ծագելուն եւ ազգային միասնականութեան խաթարման։

Երկուշաբթի, Մարտ 10, 2025