ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐՐՈՐԴ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ՏԵՂԻ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ22-24 ՅՈՒԼԻՍԻՆ

Երեւան մէջ, Մատենադարանի համալիրէն ներս, 22-24 յուլիսին տեղի պիտի ունենայ՝ Հայագիտական միջազգային համագումարը, որ երրորդը պիտի ըլլայ իր նմաններու շարքին։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի կառավարութիւնը երէկուան հերթական ժողովին ընթացքին հաստատեց որոշում մը, որով այս համագումարի կազմակերպման համար անհրաժեշտ գումարը յատկացուեցաւ։

Այս տարուան համագումարը նուիրուած պիտի ըլլայ Մխիթար Սեբաստացիի ծննդեան 350-ամեակին։ Հետեւաբար, գիտական հաւաքոյթը պիտի ունենայ յոբելենական բնոյթ մը։

Համագումարի օրակարգին վրայ պիտի գտնուին միջազգային դրամաշնորհային ծրագիրներ, թուային մարդասիրական գիտութիւնները, վերջին մէկ տարուան ընթացքին հայագիտութեան զարգացման նպաստած նախաձեռնութիւնները, միջազգային հայագիտական ամպիոնի հետ համագործակցութեան հեռանկարները, ձեռագրական կեդրոնները եւ հայերէն գրաւոր ժառանգութեան հաւաքածոները, ինչպէս նաեւ նոր հրատարակութիւնները։

Համագումարի շրջանակներէն ներս կը նախատեսուի առանձին գիտական նիստ մը կազմակերպել՝ ձօնուած Մխիթար Սեբաստացիի։

Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը հաստատած են միջազգային հեղինակաւոր հայագէտներ, ակադեմականներ եւ օտարազգի երիտասարդ գիտնականներ։

Հայագիտական միջազգային երրորդ համագումարի շրջանակներէն ներս պիտի կազմակերպուի նաեւ «Մէկ տարուայ Յաւերժութիւնը» ցուցադրութիւնը, որու առանցքին պիտի գտնուի Հայաստանի կառավարութեան աջակցութեամբ ձեռք բերուած 13-րդ դարու մեծարժէք մատեանը։

Հայագիտական միջազգային համագումարը դարձած է Հայաստանի գիտական, մշակութային եւ արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններու համադրման հաստատութենականացեալ հարթակներէն մին։

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2026