«ՍՈՒՐԻԱՅԷՆ ՀԱՅՈՑ ՏԱՐՀԱՆՈՒՄԸ ԱՅՍ ՊԱՀՈՒՆ ԱՆԿԱՐԵԼԻ Է»

Սուրիոյ արիւնալի իրադարձութիւնները մտահոգութեամբ կ՚ընկալուին հայաշխարհին կողմէ՝ մանաւանդ, որ վերջին բախումներուն երկու հայ զոհ գացած է։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երեւանէն տեղեկացուեցաւ, որ այս պահուն անհնար է Սուրիայէն հայոց տարհանումը։

Հայաստանի սփիւռքի գործերու յանձնակատարի գրասենեակի բանբերը՝ Նելլի Ղուլեան նշեց, որ պատճառը անվտանգային պայմաններն են։ Մնաց որ, տեղւոյն հայերն ալ ներկայիս տարհանման հարցը չեն բարձրացներ։ «Իրավիճակի հանդարտման պարագային, եթէ մեր հայրենակիցներուն կողմէ տեղափոխուելու ցանկութիւն ըլլայ, ապա համատեղ ուժերով ամէն կերպ կ՚աջակցինք», ըսաւ ան։

Միւս կողմէ, սուրիահայութեան «Գանձասար» պարբերականի թղթակիցը այցելած է Լաթաքիա. ըստ իր վկայութեան, իրավիճակը մտահոգիչ է։

Երեքշաբթի, Մարտ 11, 2025