ՆՈՐ ՋԱՆՔԵՐՈՒ ՀԵՏԱՄՈՒՏ

Ֆրանսա եւ Անգլիա կը ձգտին նոր համաձայնութեան մը հասնիլ՝ ապօրինի գաղթի հիմնախնդրին շուրջ։ Փարիզ-Լոնտոն առանցքին վրայ այս հարցը դարձած է հրատապ՝ քանի տարեսկիզբէն ի վեր Մանշ ծովը հատած գաղթականներուն թիւը գերազանցած է 21 հազարը, ինչ որ անցեալ տարուան բաղդատմամբ 48 տոկոսով բարձր է։ Երկու կողմերու պարագային ալ լարուածութեան պատճառ կը դառնան համապատասխան իրադարձութիւնները։ Այժմ, Ֆրանսա եւ Անգլիա կը ջանան ձեռնարկել նոր ծրագրի մը գործադրութեան՝ նպատակ ունենալով գաղթականներու վերադարձի կազմակերպումը։

Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Լոնտոն, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Անգլիոյ Չարլզ Գ. թագաւորին կողմէ։ Պատմական, բարձր արարողակարգով թագաւոր-նախագահ շփումներէն վերջ, Մաքրոն երէկ տեսակցեցաւ նաեւ Անգլիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըրի հետ, ինչ որ լայն արձագանգ ստեղծած է միջազգային լրահոսին մէջ։ Կը հաղորդուի, որ անոնք համաձայնած են, որպէսզի ապօրինի գաղթի դէմ պայքարը խստացնելու համար նոր միջոցներու դիմեն։ Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ Քիր Սթարմըր համամիտ գտնուած են նաեւ պաշտպանութեան ու միջուկային ոլորտներէ ներս համագործակցութիւնը խորացնելու ուղղութեամբ՝ հաշուի առնելով համաշխարհային անկայունութեան առկայ պայմանները։ Նախագահն ու վարչապետը նոյն ծիրէն ներս քննարկեցին համաշխարհային հարթութեան վրայ աթոմային զսպման հեռանկարները, Ռուսաստանի վրայ ճնշում բանեցնելու եւ Ուքրայնային աջակցելու վերաբերեալ խնդիրներ։

Ուրբաթ, Յուլիս 11, 2025