ՅՍՏԱԿ ՀԻԱՍԹԱՓՈՒԹԻՒՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ հանդիպում մը ունեցան Մալեզիայի մէջ։ ASEAN-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու 58-րդ հաւաքի շրջանակներէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որ արժանացաւ միջազգային հարթութեան վրայ անմիջական ուշադրութեան։ Ուաշինկթըն-Մոսկուա առանցքին վրայ այս մակարդակով նախորդ շփումը անցեալ փետրուարի 19-ին տեղի ունեցած էր Ռիատի մէջ, Սէուտական Արաբիա։

Ռուպիօ-Լաւրով զրոյցի ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկաւ Ուքրայնայի հակամարտութիւնը։ Անոնք շօշափեցին նաեւ Իրանի եւ Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները։

Նկատի ունենալով, որ յուլիսի 3-ին հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցած էր երկու երկիրներու նախագահներուն՝ Տանըլտ Թրամփի եւ Վլատիմիր Փութինի միջեւ՝ երէկուան հանդիպման ընթացքին որոշ հարցեր շօշափուեցան ի շարունակութիւն։ Քուալա Լումփուրի մէջ ծաւալուած քննարկումները տեւեցին շուրջ 50 վայրկեան։

Ռուսական կողմի հրապարակած տեղեկութիւններուն մէջ շեշտը դրուած է երկխօսութեան շարունակականութեան վրայ։

Ամերիկեան կողմի հրապարակումներուն մէջ ընդգծուած է, որ Ռուպիօ Լաւրովին հիասթափութիւն յայտնած է՝ Ուքրայնայի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ յառաջընթացի բացակայութեան համար։

Միւս կողմէ, Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին ալ երէկ տեսակցեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերցի հետ։

Ուրբաթ, Յուլիս 11, 2025