ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԳՈՐԾԱՐԱՐ ՖՈՐՈՒՄ
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Սեւծովեան առեւտուրի եւ զարգացման դրամատան կառավարիչներու խորհուրդի տարեկան հանդիպումը։ Նոյն ծիրէն ներս կազմակերպուած է գործարար ֆորում մը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հովանաւորութեան ներքեւ։ «Հայաստան. տարածաշրջանային յաջողութեան արագացում» խորագրուած էր հաւաքը, որուն մասնակցեցան միջազգային շրջանակներէ դէմքեր եւ հայ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։
Այս հաւաքոյթին առթիւ Երեւան այցելեց Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) ընդհանուր քարտուղար դեսպան Լազար Քոմանեսքու, որ ատենախօսն էր ֆորումի շրջանակներէն ներս կազմակերպուած ասուլիսներէն մէկուն։ Քոմանեսքուի մասնակցած ասուլիսի ատենախօսներու շարքին էր նաեւ Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան նախագահ Մարթին Գալստեան։
Նախագահ Խաչատուրեանի առընթեր, հաւաքի սկիզբին ելոյթ մըն ալ ունեցաւ Սեւծովեան առեւտուրի եւ զարգացման դրամատան նախագահ Սերհատ Քէօքսալ։ Իր ելոյթին մէջ Վահագն Խաչատուրեան շեշտեց, որ Հայաստան կը ջանայ տեղորոշուիլ աշխարհի տնտեսական քարտէսին վրայ։ Իր խօսքով՝ բարձր թեքնոլոժիներու արդիւնաբերութիւնը, որ նորարարութեան առաջնագծին վրայ կը գտնուի, երկրին առջեւ ճանապարհ կը բանայ դէպի համաշխարհային շուկաներ։ «Միայն Հարաւային Կովկասի բոլոր երկիրներու մասնակցութեամբ, բոլոր կողմերու կենսական շահերու համադրմամբ մենք պատմական հնարաւորութիւն կ՚ունենանք ստեղծելու համագործակցութեան, փոխկապակցուածութեան եւ բարգաւաճման համար անհրաժեշտ նախադրեալներ», ըսաւ Վահագն Խաչատուրեան։