ԱՐՏԱՔԻՆ ՈՒՐԱԽՈՒԹԵՆԷՆ ԴԷՊԻ ՆԵՐՔԻՆ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Վարդավառը միայն ժողովրդական ուրախութեան, ջուրի ցօղման կամ ամառնային տօնախմբութեան օր մը չէ, այլ ան նախ եւ առաջ մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Պայծառակերպութեան յիշատակութիւնն է՝ այն հրաշալի պահուն, երբ Թաբոր լերան վրայ Քրիստոս իր աստուածային փառքը յայտնեց իր աշակերտներուն՝ Պետրոսին, Յակոբոսին եւ Յովհաննէսին։ Աւետարանը կը վկայէ. «Եւ պայծառակերպեցաւ անոնց առջեւ, եւ անոր երեսը արեգակի պէս փայլեց, ու զգեստները լոյսի պէս ճերմկցան» (Մատթէոս, 17.2)։
Այս տեսիլքը պարզ հրաշք մը չէր միայն, այլ երկնային յայտնութիւն՝ առ այն, թէ Քրիստոս ո՛վ է ճշմարտապէս. ո՛չ սոսկ մարգարէ մը, ո՛չ միայն ուսուցիչ մը, այլ՝ մարմնացեալ Աստուծոյ Որդին, «լոյս ի լոյս, ճշմարիտ Աստուած ի ճշմարիտ Աստուծոյ»։ Թաբոր լերան վրայ աշակերտները տեսան այն փառքը, որ մշտապէս կը ծագի Որդիէն, բայց, պահ մը ծածկուած էր մարդկային բնութեան խոնարհութեան ներքոյ։
Աւետարանական այս դէպքը նաեւ մեզի համար կենդանի հրաւէր մըն է։ Ներկայ ժամանակներուն, երբ մարդկային կեանքը լեցուն է խաւարով, տագնապով, բարոյական շփոթով, պատերազմներով, անհաւատութեամբ եւ ինքնամոռաց ընթացքով՝ Պայծառակերպութեան տօնը մեզ կը կանչէ վեր բարձրանալու Թաբոր, այսինքն՝ աղօթքի, ապաշխարութեան, հոգեւոր արթնութեան եւ աստուածատեսութեան ճամբով վերագտնելու Քրիստոսի լոյսը։ Աշխարհը այսօր լոյսի խիստ կարիք ունի, բայց, այդ լոյսը ո՛չ քաղաքական ուժերէն կու գայ, ո՛չ մարդկային փառքէ, այլ՝ Քրիստոսէ, որ ըսաւ. «Ես եմ աշխարհի լոյսը. ան որ ինծի կը հետեւի, խաւարի մէջ պիտի չքալէ, այլ կեանքի լոյսը պիտի ունենայ» (Յովհաննէս, 8.12)։
Վարդավառի իսկական իմաստը, հետեւաբար, ջուրով զիրար թրջելու արտաքին սովորութենէն աւելի խոր է։ Ջուրը այստեղ մեզի կրնայ յիշեցնել մաքրութիւն, նորոգութիւն, կեանք եւ մկրտական շնորհ։ Բայց, եթէ տօնին խորհուրդը չընկալենք, սովորութիւնը կրնայ մնալ միայն արտաքին խաղ։ Եկեղեցին մեզ կը հրաւիրէ արտաքին ուրախութենէն անցնելու ներքին պայծառակերպութեան։ Ինչպէս Քրիստոսի աստուածային փառքը յայտնուեցաւ Թաբորի վրայ, նոյնպէս քրիստոնեային կոչումը այն է, որ ինք եւս պայծառակերպուի շնորհով, սրբութեամբ եւ առաքինի կեանքով։ Սուրբ Պօղոս առաքեալը կ՚ըսէ. «Մենք բոլորս բաց երեսով տեսնելով Տիրոջ փառքը, որպէս թէ հայելիի մէջ, նոյն պատկերով կը պայծառակերպուինք՝ փառքէ փառք» (Բ. Կորնթացիս, 3.18)։
Հայ Եկեղեցւոյ շարականները մեծ խորութեամբ արտայայտած են այս խորհուրդը։ Պայծառակերպութեան շարականներուն մէջ Քրիստոս ներկայացուած է որպէս անստեղծ լոյսի յայտնողը, որ Թաբորի վրայ փայլեցաւ, որպէսզի աշակերտները չգայթակղին խաչի տեսարանէն եւ հասկնան, որ չարչարանքի վերջը փառքի կը հասցնէ։ Մեր շարականագիր հայրերը մեզ կը սորվեցնեն, թէ Թաբորի լոյսը խաչէն անջատ չէ. պայծառակերպութիւնը նախապատրաստութիւն է Գողգոթայի համար, իսկ Գողգոթան՝ յարութեան եւ փառքի ճամբայ։ Արդ, այս տօնը մեզի կը սորվեցնէ, որ քրիստոնէական կեանքը բաղկացած է ո՛չ միայն փառքի պահերէ, այլ նաեւ խաչակրութենէ, հաւատարմութենէ եւ տոկունութենէ։
Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան կ՚ուսուցանէ, թէ Քրիստոս իր փառքը յայտնեց աշակերտներուն այնքան, որքան անոնք կրնային տանիլ, որպէսզի իրենց հաւատքը զօրացնէ։ Այս միտքը շատ այժմէական է. Աստուած նաեւ մեր կեանքին մէջ իր լոյսը կը յայտնէ այնքան, որքան մեր հոգին պատրաստ է ընդունելու։ Երբ սիրտը մաքրուի, աղօթքը խորանայ, հաւատքը ամրանայ, այն ատեն մարդը կը սկսի տեսնել Աստուծոյ ներկայութիւնը նոյնիսկ իր առօրեային մէջ։
Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին, իր աղօթական շունչով, յաճախ կ՚արտայայտէ այն տենչը, որ մարդը ներսէն լուսաւորուի աստուածային շնորհով։ Անոր հոգեւոր աշխարհը մեզ կը յիշեցնէ, որ ճշմարիտ պայծառակերպութիւնը նախ սրտին մէջ կ՚ըլլայ։ Մարդը կրնայ արտաքնապէս հաւատացեալ երեւիլ, բայց, եթէ ներսը չլուսաւորուի, տակաւին հեռու է Թաբորէն։ Իսկ երբ Քրիստոսի լոյսը դպչի հոգիին, այն ատեն մարդը կը փոխուի՝ իր մտածումին, խօսքին, վարքին եւ սիրոյ մէջ։ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին եւս կը շեշտէ, թէ Պայծառակերպութիւնը յայտնութիւն մըն էր Քրիստոսի երկակի բնութեան խորհուրդին՝ մարդկային եւ աստուածային։ Անոր մարդկութիւնը տեսանելի էր միշտ, բայց, Թաբորի վրայ փայլեցաւ նաեւ անոր աստուածութեան լոյսը։ Ասիկա մեզ կը հաստատէ ուղղափառ հաւատքին մէջ եւ կը սորվեցնէ, որ Քրիստոսը ճանչնալը միայն պատմական անձ մը ճանչնալ չէ, այլ՝ կենդանի Աստուածը ընդունիլ եւ երկրպագել անոր։
Իբրեւ Հայ Եկեղեցւոյ զաւակներ, այսօր առաւել քան երբեք կոչուած ենք խորապէս ապրելու Վարդավառի խորհուրդը։ Մեր ժողովուրդը շատ ցաւերէ, կորուստներէ, արտագաղթէ, պատերազմի վէրքերէ եւ հոգեւոր նահանջի փորձութիւններու միջով անցած է եւ կ՚անցնի։ Այս պայմաններուն մէջ Թաբորի լոյսը մեզի համար սոսկ անցեալի յիշատակ չէ, այլ կենդանի մխիթարութիւն եւ յոյս։ Քրիստոս դեռ կը պայծառակերպուի իր Եկեղեցւոյ մէջ, իր սուրբ խորհուրդներուն մէջ, Աստուածաշունչի խօսքին մէջ, սրբոց վկայութեան մէջ եւ ամէն հաւատացեալի սրտին մէջ, որ իրեն դուռ կը բանայ։
Ուստի, այս տօնին առիթով հարց տանք մենք մեզի. արդեօք մեր կեանքին մէջ Քրիստոսի լոյսը կ՚արտացոլա՞յ։ Արդեօք մեր ընտանիքները փոքր Թաբորնե՞ր են, ուր աղօթքը, սէրը, ներումը եւ հաւատքը կը բնակին։ Արդեօք մեր երիտասարդները կը տեսնե՞ն Եկեղեցւոյ մէջ միայն աւանդութիւն, թէ նաեւ կենդանի լոյս եւ ճամբայ։ Արդեօք մենք թոյլ կու տա՞նք, որ Աստուծոյ շնորհքը մեզ փոխէ, մաքրէ եւ նորոգէ։
Վարդավառի ճշմարիտ տօնակատարութիւնը հետեւաբար այս է՝ բարձրանալ Քրիստոսի հետ, տեսնել իր լոյսը, լսել Հօր ձայնը. «Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաճեցայ, անոր լսեցէք» (Մատթէոս 17.5), եւ ապա վար իջնել լեռնէն՝ նորոգուած սրտով, որպէսզի աշխարհին մէջ լոյսի, խաղաղութեան եւ սիրոյ վկաները ըլլանք։
Թող Պայծառակերպեալ Տէրը լուսաւորէ մեր միտքերը, մաքրէ մեր սրտերը, ամրացնէ մեր հաւատքը եւ դարձնէ մեզ իր աստուածային լոյսին մասնակիցները։ Թող Վարդավառի այս սուրբ տօնը դառնայ ո՛չ միայն ծիսական կամ տօնական արարողութիւն, այլ ներքին նորոգութեան, ապաշխարութեան եւ շնորհալից վերանորոգութեան առիթ՝ մեզմէ իւրաքանչիւրին համար։
ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ