SOCAR ԳՆԱԾ Է ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԷՋ ԿԱԶԻ ՀԱՆՔԱՎԱՅՐԻ ՄԸ ԲԱԺՆԵՏՈՄՍԵՐՈՒՆ 10 ՏՈԿՈՍԸ
Ատրպէյճանի նաւթի պետական ընկերութիւնը SOCAR բաժնետոմս գնած է Իսրայէլի «Թամար» կազի հանքավայրին մէջ։ Այսպէս, SOCAR-ը համաձայնագիր մը ստորագրած է «Union Energy»ի հետ՝ «Թամար» կազի հանքավայրին մէջ 10 տոկոս բաժին ձեռք բերելու նպատակով։
Այս համաձայնագիրը ի զօրու պիտի դառնայ միայն կարգ մը պայմաններու կատարման պարագային՝ ներառեալ համապատասխան կարգաւորիչ եւ այլ թոյլտուութիւններու ապահովումը։
Ատրպէյճան եւ Իսրայէլ կը համարուին ռազմավարական դաշնակիցներ։ Անոնք ռազմարդիւնաբերական ոլորտէն ներս երկար ժամանակէ ի վեր սերտօրէն կը համագործակցին։ Կողմերը ներկայիս զանազան ուղղութիւններով կը զարգացնեն իրենց համագործակցութիւնը՝ ներառեալ ուժանիւթի բնագաւառը։
Իսրայէլ եւ Ատրպէյճան տարածաշրջանէն ներս բնական դաշնակիցներ կը համարուին՝ հաշուի առնելով, որ երկուքն ալ Իրանի պարագային ունին հասարակաց վերապահութիւններ եւ մտահոգութիւններ, ինչ որ կը խթանէ անոնց համագործակցութիւնը։