ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ՄԷՋ ԳԻՆԵՁՕՆ
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ գիրքի շնորհանդէս մը, որ համախմբեց հոծ թիւով հետաքրքիրներ եւ ամերիկահայ համայնքէն դէմքեր։ Այսպէս, Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան հովանաւորեց՝ Պետրոս Անսերեանի կողմէ հեղինակուած «Diplomat Without Portfolio» գիրքին գինեձօնը։ Պետրոս Անսերեան փորձառու դիւանագէտ մըն է, որ երկար տասնամեակներ աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ պաշտօնավարած է։
Պըրպենքի առաջնորդարանի աղբիւրներու հաղորդումներով, գիրքը ծանօթացուց հրապարակագիր ու հասարակական գործիչ Ռուբէն Աւշարեան։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ բժիշկ Գրիգոր Սիմոնեանի։ Ծրագիրը ունէր նաեւ գեղարուեստական բաժին։ Զանազան ատենախօսներու առընթեր, ներկաները լսեցին նաեւ հեղինակի սրտի խօսքն ու Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի գնահատանքը։
Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ ստեղծուած բարձր տրամադրութեան պայմաններուն ներքեւ կատարուեցաւ գիրքին գինեձօնը, որմէ վերջ հեղինակը ներկաներուն համար մակագրեց իր գործէն օրինակներ։