ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Հնդկաստանի պաշտպանութեան նախարար Ռաժնատ Սինկհի հետ։ Ծանօթ է, որ Պապիկեան աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Նիւ Տելհիի մէջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները գոհունակութիւն յայտնեցին երկկողմանի համագործակցութեան ներկայ մակարդակին շուրջ։ Քննարկուեցան պաշտպանութեան ոլորտէն ներս համագործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւնները։ Անոնք անդրադարձան նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցերու։
Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Նիւ Տելհիի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աֆեան եւ Հայաստանի Բարձր արհեստագիտութիւններու նախարարութեան Ռազմարդիւնաբերութեան կոմիտէի նախագահ Արամ Ճիվանեան։
Երեւան վերջին տարիներուն հետեւողականօրէն կը զարգացնէ ռազմական բնագաւառէ ներս համագործակցութիւնը Նիւ Տելհիի հետ, ինչ որ Պաքուի հակազդեցութեան պատճառ կը դառնայ։ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով վերջին օրերուն հերթական անգամ անհանգստութիւն յայտնած էր Հայաստանի զինման պատճառով։