ԹՐԱՄՓ ԿԸ ՅԱՄԱՌԻ ԿԱԶԶԷԻ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՄՏԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ. ՍՊԻՏԱԿ ՏԱՆ ՄԷՋ ԱՊՏՈՒԼԼԱՀ Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ Ուաշինկթընի մէջ հիւրընկալեց Յորդանանի Ապտուլլահ Բ. թագաւորը։ Սպիտակ տան ժամադրութիւնը զուգադիպեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի տեսակէտէ նուրբ փուլի մը։ Արդարեւ, Իսրայէլ Պաղեստինի դէմ գործողութիւնները դադրեցուցած է՝ «Համաս»ի հետ հասած հրադադարի համաձայնութեամբ։ Մինչ, այդ համաձայնութեան ժամկէտը լրանալու վրայ է, միջազգային լրահոսին մէջ արձագանգ կը գտնէ, որ «Համաս» չկամութիւն կը ցուցաբերէ Իսրայէլին գերիները վերադարձնելու ուղղութեամբ։ Իր կարգին, Տանըլտ Թրամփ պաշտօնի ձեռնարկելէ անմիջապէս վերջ մտադրութիւն յայտնած է, որ ԱՄՆ վերահսկողութեան տակ պիտի առնէ Կազզէն, իսկ շրջանի բնակիչները պիտի վերաբնակեցուին Յորդանանի եւ Եգիպտոսի մէջ։
Ապտուլլահ Բ. թագաւորի հետ հանդիպման ընթացքին, Թրամփ երէկ բուռն հակազդեցութիւն ցոյց տուաւ «Համաս»ի կողմէ պատանդներու յանձնման առկախման դէմ։ «Եթէ բոլոր պատանդները մինչեւ շաբաթ ազատ չարձակուին, ապա թոյլ կու տամ, որպէսզի աշխարհի վերջը գայ», ըսաւ ան։ Բաց աստի, նախագահը ընդգծեց, որ ԱՄՆ պիտի ստանձնէ Կազզէն ու պիտի պահէ իր ձեռքը։
Կը հաղորդուի, որ Ապտուլլահ Բ. թագաւորը կանաչախառն լոյս մը վառած է Թրամփին՝ առաջարկելով սպասել արաբական երկիրներու տեսակէտներուն։ Ան մասնաւորապէս Եգիպտոսի ծրագիրը սպասել խորհուրդ տուած է՝ աւելցնելով, որ Թրամփ խաղաղութեան մարդ մըն է։
Հարկ է նշել, որ Եգիպտոս Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը արտահերթ ժողովի մը հրաւիրած է այս նիւթին շուրջ։ Կը նախատեսուի, որ այս հանդիպումը փետրուարի 27-ին տեղի ունենայ Գահիրէի մէջ։