ԿՈՒ ԳԱՅ ԺԱՄԱՆԱԿԸ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԿԸ ԽՕՍԻ

Օրեր առաջ, Ազգային ժողովի մէջ, կառավարութեան հետ հարցում-պատասխանի ժամանակ Փաշինեան ըրաւ արտասովոր յայտարարութիւն մը, որ պատշաճ ուշադրութեան չարժանացաւ կամ, թերեւս, մնաց այս շրջանի աւելի աղմկոտ աշխարհաքաղաքական անցքերու ժխորին մէջ։ Ան ըսաւ. «Ես իշխանութիւնը ստացած եմ ժողովուրդէն։ Եւ ես իշխանութիւնը կրնամ վերադարձնել միայն ժողովուրդին… Երբ ժողովուրդը կու գայ, դուռը կը ծեծէ կամ չի ծեծեր, կ՚ըսէ՝ իմ իշխանութիւնը տուր ինձ, իշխանութիւնը կու տամ իրեն»։ Ըստ իրեն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ իշխանութիւնը կը պատկանի ժողովուրդին։ Կարծես ամէն ինչ այնքա՜ն դիւրին ու թեթեւ է՝ ումպ մը ջուր խմելու պէս։ Բայց այդպէս միայն կը թուի։

Ժողովուրդի անունով շատերը կը խօսին՝ տեղի-անտեղի։ Փողոցով անցնելու ժամանակ մէկ ալ կը լսես. «Ժողովուրդը այս սուտերէն ինչպէ՜ս յոգնած է», «Կու գայ ժամանակը եւ ժողովուրդը կ՚ըսէ իր խօսքը», «Ո՞վ մարդու տեղ կը դնէ ժողովուրդը», «Ժողովուրդը չ՚ուզեր Նիկոլը» եւ այլն։ Ասոնք կենցաղային մակարդակի վրայ նկատուած առտնին խօսակցութիւններ են. կարելի է ուշադրութիւն չդարձնել։ Բայց, կան ժողովուրդի անուան շահարկումներու աւելի լուրջ ու վտանգաւոր դրսեւորումներ, որոնք կու գան պաշտօնատար անձերէ՝ յանուն իրենց նեղ, անձնական շահերու եւ շահադիտական այլ նկրտումներու։ Փաշինեանի յայտարարութիւնը այդ վտանգաւորներու շարքէն է։

Կ՚ըսէ՝ աշխարհի մեծագոյն անօրինականութիւններն ու յանցագործութիւնները կատարուած են ժողովուրդի անունով։ (…) Ինչու չէ նաեւ 2018-ին փողոցէն եկած «Թաւշեայ իմ քայլականներու» պատճառած մարդկային ու նիւթական ահռելի կորուստները։ (…)

Իրականութեան մէջ ժողովուրդը երբեք որոշում չի տար՝ նոյնիսկ ընտրութիւններու եւ յեղափոխութիւններու ժամանակ։ Ժողովուրդը որոշ դաւադրութեան, քարոզչութեան, քաղաքաճարտարագիտութեան շրջանակի մէջ կրնայ ընդամէնը օգտագործուիլ՝ օրինականացնելու այս կամ այն գործընթացը, որուն զինք կանխաւ ներշնչած են։ Եւ պէտք չէ ժողովուրդը մեղադրել, թէ երբեմն կարելի չ՚ըլլար զայն ներշնչել, ինչպէս հարկ է, ուղղորդել եւ օրինականացնել վերադասի ուզածը։ Իսկ վերադասի ուզածը, հիմնականին մէջ, իր իշխանութիւնը անառիկ պահելն է։ Շատերը կը յիշեն Սահմանադրական ատեանի «հին անդամները» պաշտօններէ հեռացնելու եւ դատաւորներու թափուր տեղերուն Փաշինեանի «սրտով» մարդոց նշանակման օրերը։

2019-2020 թուականներն էին։ Արդարացնելու համար գործող իշխանութեան կամայական որոշումները, որոնց առանցքին մէկուկէս տարի առաջ Սահմանադրական ատեանի նախագահ նշանակուած Հրայր Թովմասեանն էր, շրջանառութեան մէջ դրուած էր անհեթեթ թեզ մը, թէ «Սահմանադրական ատեանի հարցը կը լուծէ Հայաստանի ժողովուրդը, Հայաստանի Հանրապետութեան հպարտ քաղաքացին, որովհետեւ Սահմանադրութիւնը ժողովուրդին համար է, այլ ոչ թէ ժողովուրդը՝ Սահմանադրութեան»։ Փաշինեան այդ միտքը արտայայտած է աւելի վաղ՝ 2018-ի օգոստոսի 17-ի հանրաքուէի ժամանակ ունեցած ելոյթին «Ղարաբաղի հարցի լուծող-չլուծողը կառավարութիւնը չէ։ Ղարաբաղի հարցի լուծողը ժողովուրդն է», յայտարարած էր ան՝ հաւաստիացնելով, թէ ժողովուրդէն թաքուն որեւէ թուղթ չի ստորագրուիր։

«Երբ տեսնեմ, որ կայ տարբերակ, որու շուրջ իսկապէս կարելի է խօսիլ, ես կու գամ եւ կը կանգնիմ այստեղ, բոլոր մանրամասնութիւններով կը ներկայացնեմ ձեզ եւ դուք կ՚որոշէք՝ մենք կ՚երթա՞նք այդ տարբերակով կարգաւորման, թէ չենք երթար։ Կ՚որոշէք, որ կ՚երթաք՝ ուրեմն կ՚երթանք։ Կ՚որոշէք, որ չէք երթար՝ ուրեմն չենք երթար», մի քանի տասնեակ հազար քաղաքացիներու ներկայութեամբ երդման նման խոստացած էր նորընտիր վարչապետը՝ արժանանալով անոնց բուռն ծափահարութիւններուն։ Խոստացած է ու խաբած։ Թէ՛ 2020 թուականի նոյեմբերի 9-ի անձնտուութեան եռակողմանի փաստաթուղթը եւ թէ անկէ շուրջ երկու տարի անց, հոկտեմբերի 6-ի Փրակի յայտնի դաւադրութեան աքտը Փաշինեան ստորագրած է ժողովուրդի թիկունքին։

Այնպէս, որ եթէ կը տեսնէք կամ կը լսէք՝ ինչ-որ մէկը հանդէս կու գայ ժողովուրդի անունով, գիտցէք, որ յետին մտքեր ունի, վերցուցէք փայտը, լաւ մը ծեծեցէք։ Ժողովուրդը ձեզ կը հասկնայ։

Խմբագրական՝ www.acnis.am-ի

Չորեքշաբթի, Մարտ 12, 2025