ԴԱՇՆԱԿԱՀԱՐ ՊԱՐԷՏ ՉԱՂԼԸՉՈՒՊՈՒՔՃՈՒԻ ԱՌԱՋԻՆ ՄԵՆԱՀԱՄԵՐԳԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ

Դաշնակահար Պարէտ Չաղլըչուպուքճու, որու արձանագրած յարատեւ վերելքը վերջին շրջանին մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ համայնքային շրջանակներուն, երէկ երեկոյեան յաջող ելոյթով մը հանդէս եկաւ Սաքըզաղաճըի Ս. Աստուածածին հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ։ Իսթանպուլի Ֆիլհարմոնիի միութեան հիմնադրութեան 80-ամեակի յոբելենական ձեռնարկներու ծիրէն ներս կազմակերպուած էր՝ Մայրերու օրուան ձօնուած այս յատուկ երեկոյթը, որու ընթացքին ունկնդիրները ողջունեցին Պարէտ Չաղլըչուպուքճուի որդեգրած վերելքի ճանապարհը։ Ամէն բանէ առաջ, այս նուագահանդէսը բացառիկ էր՝ այն առումով, որ Պարէտ Չաղլըչուպուքճուի առաջին մենահամերգն էր։

Երեկոյթի պատուոյ հիւրն էր Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էր Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Բնականաբար, երիտասարդ արուեստագէտին ծնողները՝ մասնաւորապէս մայրը՝ մեներգչուհի Մարալ Այվազ անբացատրելի զգացումներու մէջ էին։

Իսթանպուլի Ֆիլհարմոնիի միութեան գեղարուեստական ղեկավար Արթիւր Պաղտասարեան երեկոյթի սկիզբին հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը, որու ընթացքին ներկաներու նկատառման յանձնեց երիտասարդ դաշնակահարի բռնած յաւակնոտ ճանապարհը։

Նուագահանդէսի յայտագրի տեւողութեան Պարէտ Չաղլըչուպուքճու յաջողութեամբ մեկնաբանեց դասական երաժշտութեան յայտնի յօրինողներէն գործեր. ինչպէս՝ Պախ, Շոփէն, Լիցթ, Պեթհովէն, Բաբաջանեան, Տըպիւսի։ Բոլորը ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին Պարէտ Չաղլըչուպուքճուն՝ մաղթելով, որ իր վերելքի ճանապարհը ըլլայ յարատեւ եւ ապագային ան նուաճէ յաւակնոտ բարձունքներ։

Երկուշաբթի, Մայիս 12, 2025